ՄԵԾ ՍԷՐԸ՝ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Գե­ղան­կա­րիչ Հրայ­րը (Հրայր Տիար­պե­քի­րեան) մեծ ար­ուես­տա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող անձ մըն է: Ան ար­թիս­թիք է իր պա­հե­լա­ձե­ւով, խօ­սե­լա­ձե­ւով, ապ­րե­լա­կեր­պով… Ար­տա­քի­նով հան­րու­թեան մէջ աչ­քի զար­նող այս գե­ղան­կա­րի­չը ծա­նօթ ա­նուն մըն է:

Ներ­քին ա­զատ շար­ժու­մով օժ­տուած ա­նոր գե­ղան­կար­նե­րը կը խորհր­դան­շեն ա­մէն մար­դու մէջ թաք­նուած այն խե­լա­յեղ ա­զա­տու­թիւ­նը, որ իւ­րա­քան­չիւրս այս կամ այն պատ­ճա­ռով չենք կրնար դրսե­ւո­րեր: Հրայ­րի աշ­խա­տանք­նե­րը կը գտնուին յայտ­նի մար­դոց ան­հա­տա­կան հա­ւա­քա­ծո­նե­րուն մէջ, օ­րի­նակ՝ Անգ­լիոյ Է­լի­զա­պէթ Բ. թա­գու­հին, Յոր­դա­նա­նի եւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիո­յ թա­գա­ւոր­նե­րը, Մո­նա­քո­յի թա­գա­ժա­ռան­գը, Ժագ­լին Քե­նե­տի-Օ­նա­սի­ս, Քուէյ­թի շէյ­խը, Լայ­զա Մի­նել­լի, Քըրք Տակ­լը­ս, Ան­թո­նի Քուի­ն, Ժորժ Փե­փա­ր եւ այլք:

Ան բա­զա­մա­թիւ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս­ներ ու­նե­ցած է, իսկ վեր­ջերս, Մոս­կուա­յի մէջ բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հրայ­րի ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ հե­տաքրք­րեց ռուս եւ օ­տար ա­րուես­տա­սէր­նե­րը:

Հրայ­րը բազ­մա­թիւ մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած է: Ան ա­ռա­ջին մրցա­նա­կը ստա­ցած է 1964 թուա­կա­նին՝ Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ կազ­մա­կեր­պը-ւած ցու­ցա­հան­դէ­սին, երբ շա­հած է ե­րեք Ոս­կեայ մե­տայլ. այս մէ­կը մեծ քա­ջա­լե­րանք ե­ղած է տա­կա­ւին սկսնակ գե­ղանը-կար­չի հա­մար, ա­տոր յա­ջոր­դած են այլ մրցա­նակ­ներ, բազ­մա­թիւ ցու­ցա­հան­դէս­ներ եւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ՝ Փա­րի­զի, Պրա­զի­լի, Յու­նաս­տա­նի, Սպա­նիո­յ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Լի­բա­նա­նի, ա­րա­բա­կան գրե­թէ բո­լոր երկիր­նե­րուն մէջ… Ա­նոր ան­ցած ճամ­բուն ա­ւե­լի ման­րա­մասն կա­րե­լի է ծա­նօ­թա­նալ www.hrair.com հաս­ցէէն, որ կը սկսի հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ու­ղեկ­ցու­թեամբ:

Հրայ­րը Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ պար­գե­ւատ­րուած է նաեւ շքան­շա­նով: Միշտ հա­ճե­լի է զրու­ցել ամ­բող­ջու­թեամբ ա­րուես­տով ապ­րող եւ արուես­տի աշ­խար­հին մէջ ամ­փո­փուած Հրա­յին հետ.

-Հրայր, Դուք շատ ար­թիս­թիք էք, ուր­կէ՞ կու գայ ձեր այս ար­թիս­տա­կա­նու­թիւ­նը:

-Իմ ըն­տա­նիքս ա­րուես­տի հան­դէպ հա­կում­ներ ու­նե­ցած է, կը յի­շեմ՝ միշտ արուես­տի, գե­ղե­ցի­կի հան­դէպ հե­տաքրք­րու­թիւն կար եւ մեզ՝ փոք­րերս այդ մի­ջա­վայ­րին մէջ մեծ­ցու­ցած են՝ պզտիկ տա­րի­քէն քա­ջա­լե­րե­լով մեր նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րը: Ես միշտ սի­րած եմ տար­բե­րիլ, չնմա­նիլ մէ­կու մը: Շատ ճամ­բոր­դած եմ, Փա­րիզ, Նիւ Եորք, Պրա­զիլ, ա­րա­բա­կան երկիր­ներ… Շատ ապ­րե­ցայ դուր­սը, տար­բեր մշա­կոյթ­ներ տե­սայ, կրե­ցի տար­բեր մշա­կու­թա­յին ազ­դե­ցու­թիւն­ներ, ա­մէն ին­չը տես­նե­լէ, ըն­կա­լե­լէ ետք ստեղ­ծե­ցի ի՛մս, ի՛մ ապ­րե­լու, ի՛մ մտա­ծե­լու, ի՛մ ար­տա­յայ­տուե­լու ձե­ւը:

-Ու­րեմն, Ձեր ծնող­քը քա­ջա­լե­րած են, որպէսզի ընտ­րէք ա­րուես­տի ճամ­բան:

-Ա­յո՛, ի­նն տա­րե­կան էի, երբ հայրս ին­ծի նուի­րեց ջրա­ներ­կի հա­ւա­քա­ծոյ մը, որ­պէս­զի գծեմ: Տաս­ներ­կու տա­րե­կա­նիս ար­դէն ան իւ­ղա­ներ­կեր նուի­րեց: Միշտ կը քա­ջա­լե­րէին ի­րենց զա­ւակ­նե­րը: Պզտիկ քոյրս ալ կը գծէր:

-Ո՞ր դպրո­ցը յա­ճա­խած էք:

-Ես Պէյ­րու­թի Ճե­մա­րա­նը յա­ճա­խած եմ, բայց մին­չեւ ման­կա­պար­տէզ: Այ­նու­հե­տեւ ֆրան­սա­կան դպրոց գա­ցի, հա­յե­րէն գրել-կար­դա­լը հոն սոր­ված եմ: Շա­բա­թը եր­կու ան­գամ ֆրան­սե­րէ­նէն զատ այլ լե­զու ալ կը սոր­վէինք, ես ընտ­րե­ցի հա­յե­րէ­նը եւ այդ­տեղ հա­յե­րէն գրել-կար­դալ սոր­վե­ցայ:

-Այ­սինքն դուք՝ իբ­րեւ գծագ­րիչ, ի՞նչ մի­ջա­վայ­րի ազ­դե­ցու­թեան կրողն էք:

-Հայ­կա­կան, բիւ­զան­դա­կան ման­րանկար­չու­թիւ­նը, ընդ­հան­րա­պէս այս տա­րածքաշր­ջա­նը իր պատ­մու­թեամբ, հարս­տու­թեամբ, ա­րուես­տով շատ ազ­դած է իմ եւ գոր­ծե­րուս վրայ: Կը կար­ծեմ, ոչ թէ միայն ես, այլ նաեւ ա­մէն ա­րա­բա­կան երկիր­նե­րու մէջ ապ­րող հայ ստեղ­ծա­գոր­ծող­նե­րը քիչ թէ շատ չա­փով ու­նին այդ ազ­դե­ցու­թիւ­նը:

-Ե՞րբ զգա­ցած էք, որ գծան­կա­րիչ պի­տի ըլ­լաք:

-Սկզբնա­կան շրջա­նին հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ճար­տա­րա­պե­տու­թիւն ու­սա­նե­ցայ: Ուս­մանս եր­րորդ տա­րին մաս­նակ­ցե­ցայ մեծ մրցու­մի մը՝ Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ: Եր­կու հա­զար հո­գի կը մաս­նակ­ցէին այդ մրցու­մին, յանձ­նա­խումբն ալ Եւ­րո­պա­յէն ե­կած էր… Ես տաս­նինն տա­րե­կան էի այդ ժա­մա­նակ, տա­կա­ւին մէկ տա­րի ու­նէի, որ­պէս­զի ա­ւար­տէի հա­մալ­սա­րա­նը եւ ե­րեք Ոս­կեայ մե­տայլ ա­ռի: Ա­տի­կա մեծ քա­ջա­լե­րանք ե­ղաւ ին­ծի հա­մար, յա­ռաջ մղեց զիս: Սկսան նկար­ներս դնել ամ­սա­գիր­նե­րու եւ թեր­թե­րու մէջ, եւ նոյն տա­րին «Սըր­սո­ք» թան­գա­րա­նին մէջ «Աշ­նա­նա­յին սրա­հ­»ին մաս­նակ­ցե­լով, կրկին մրցա­նա­կը ա­ռի: Ա­տի­կա ալ երկ­րորդ քա­ջա­լե­րան­քը ե­ղաւ: Գրե­թէ այդ շրջա­նին էր, որ զգա­ցի, թէ իմ դի­մացս արուես­տի ճա­նա­պարհ­ներ կը բա­ցուին եւ գծան­կա­րիչ պի­տի ըլ­լամ:

-Իսկ որ­պէս անձ, ո՞վ քա­ջա­լե­րած է ձեզ սկզբնա­կան շրջա­նին:

-Ժա­մա­նա­կա­կից ա­րաբ բա­նաս­տեղծ մը կար՝ Եու­սուֆ Խալ, որ իր կնոջ հետ նոր ցու­ցաս­րահ մը բա­ցած էր՝ «Կա­լե­րի Ո­ւա­ն» ա­նու­նով: Այդ ա­տեն բազ­մա­թիւ ցու­ցասրահ­ներ չկա­յին: Ա­նոնք ցու­ցաս­րա­հին մէջ ընդ­հան­րա­պէս ա­նուա­նի գծան­կա­րիչ­նե­րու գոր­ծեր կը ներ­կա­յաց­նէին, նաեւ ու­զե­ցին քա­ջա­լե­րել սկսնակ­նե­րը եւ մե­ծե­րուն քո­վ իմ գոր­ծե­րէս ալ դրին:

-Նոյն այս ո­ճի մէ՞ջ էիք, թէ՞ տար­բեր ուղ­ղու­թիւն որ­դեգ­րած էք:

-Ոճս տար­բեր էր. այդ ժա­մա­նա­կուան նկար­նե­րը կը տար­բե­րէին այ­սօ­րուան գոր­ծե­րէս, բայց ան­շուշտ կար գիծ մը, որ բո­լոր շրջան­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուս մէ­ջէն կ՚անց­նի եւ կը բնո­րո­շէ զիս: Արուես­տա­բան­նե­րը, քննա­դատ­նե­րը զիս միս­թիք, օ­րիան­թա­լիստ եւ այլ բնո­րո­շում­նե­րով կը կո­չեն, բայց ես ինք­զինքս ա­ւե­լի ա­զատ կը զգամ, ես ինք­զինքս ժան­րի մը մէջ չեմ տե­ղա­ւո­րեր: Ինչ որ կ՚ը­նեմ, իմ ներ­քի­նէս կը բխի, ինչ որ կը սի­րեմ, ա­նի­կա կ՚ը­նեմ… Ան­շուշտ գոր­ծե­րուս մէջ հին քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը կայ, այդ մէ­կը չեմ կրնար ժխտել, բայց ա­ւե­լի ա­զատ եմ, կը զգամ, որ ուղ­ղու­թեան մը չեմ ու­զեր պատ­կա­նիլ, որ­պէս­զի չկաշ­կան­դուիմ, ա­ւե­լի ա­զատ գծեմ: Երբ սկզբնա­կան շրջա­նին ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու սկսայ, «ի­քո­ն» կ՚անուա­նէին իմ գոր­ծերս: «Ի­քո­ն­»ը՝ սրբա­պատ­կե­րը կամ ման­րա­պատ­կե­րը ման­րան­կար­չու­թե­նէն կու գայ: Սկզբնա­կան շրջա­նին ոս­կե­գոյ­նը շատ կը գոր­ծա­ծէի եւ ոս­կե­գոյ­նը ի­քո­նի, սրբան­կար­չու­թեան, ման­րան­կար­չու­թեան գոյնն է:

-Հայ­կա­կա­նու­թեան ազ­դե­ցու­թիւնն ալ կա՞յ:

-Կան ա­րա­բա­կան, բիւ­զան­դա­կան, հայ­կա­կան, մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան ազ­դե­ցու­թիւն­ներ, ո­րոնք ե­կած են հի­նէն եւ նոր ու ժա­մա­նա­կա­կից դրսե­ւո­րում­ներ ստա­ցած են: Բայց, ան­շուշտ, մէկ խօս­քով կրնամ ը­սել, որ իմ գոր­ծե­րուս ո­գին ա­ւան­դա­կան է, եւ հայ­կա­կա­նու­թեան ազ­դե­ցու­թիւ­նը ան­պայ­ման կայ: Կը յի­շեմ՝ երբ փոքր էի կ՚եր­թա­յինք Սուրբ Նշան ե­կե­ղե­ցի եւ եր­կար կը դի­տէի Յա­րու­թիւն Կա­լեն­ցի «Տի­րա­մայր»ը: Ես շատ կը սի­րեմ դէմք պատ­կե­րե­լու այդ ձե­ւը՝ պարզ ու հան­դարտ: Իմ դէմ­քերս ալ պարզ են՝ կէս շու­քի, կէ­սը լոյ­սի մէջ: Մաս­նա­ւոր բարդ կա­ռու­ցուածք չու­նին իմ գծած դէմ­քերս, սա­կայն հա­գուս­տը, ֆո­նը կար­ծես շար­ժու­մի, ի­րա­րանց­ման մէջ են: Ներ­քին շար­ժում է այդ մէ­կը, որ կտա­ւի մա­կե­րե­սին կ՚ար­տա­յայ­տուի:

Ես իբ­րեւ գծագ­րիչ, շատ կը կա­րե­ւո­րեմ թէ՛ նկա­րին ներ­քին ի­մաս­տը եւ թէ՛ գոյ­նը: Գոյ­նի սի­րա­հար եմ, մին­չեւ գու­նա­մո­լու­թեան հաս­նող: Ին­ծի հա­մար կեան­քը կազմուած է գոյ­նե­րէ: Ա­մէն մէկ գոյ­նը մեծ ի­մաստ եւ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի: Սե­ւը գոյն մըն է՝ իր ներ­քին ի­մաս­տով եւ խո­րու­թեամբ, կար­մի­րը տար­բեր, միւս­նե­րը նոյն­պէս: Ա­մէն ինչ գոյ­նե­րու մէջ հզօր կը տես­նեմ, եւ ա­տի­կա կ՚ար­տա­յայ­տուի իմ նկար­նե­րուս մէջ:

-Դուք ծա­նօթ էք Ձեր գծած ձիե­րով: Ին­չո՞ւ ձի:

-Ձին կար­ծես խորհր­դա­նի­շը ընտ­րած եմ կեն­դա­նի­նե­րուն: Շատ կը սի­րեմ ձին իր կա­ռու­ցուած­քով ու պատ­մու­թեամբ… Եւ ձի ալ կը սի­րեմ հեծ­նել: Երբ Պրա­զիլ եր­թամ՝ ժա­մե­րով ձիով կը շրջիմ ի­րենց հսկա­յա­կան տա­րածք­նե­րուն մէջ: Բայց միայն ձին չէ իմ գծագ­րու­թեանս մէջ: Շրջան մը ծա­ղիկ­ներ կը գծէի, բնան­կար­ներ, ետ­քը վե­րա­ցա­կան ժան­րի մէջ սկսայ ստեղ­ծա­գոր­ծել, հի­մա նո­րէն կի­ներ, ձիեր… Բո­լոր շրջան­նե­րու մէջ ալ կայ կի­նը՝ եր­բեմն ա­ւան­դա­կան, եր­բեմն ժա­մա­նա­կա­կից, ը­սենք՝ շատ կարճ մա­զե­րով…

-Կրնա՞յ ըլ­լալ նո­րէն վե­րա­դառ­նաք վե­րա­ցա­կա­նու­թեան:

-Կրնայ ըլ­լալ, վստահ չեմ, բայց կ՚ու­զեմ ի՛մ ո­ճիս մէջ հաս­նիլ վե­րա­ցա­կա­նու­թեան: Իմ վե­րա­ցա­կան գոր­ծե­րուս մէջ գոյն չկայ, շատ տար­բեր է իմ այ­սօ­րուան ո­ճէս: Ին­ծի միշտ կը հարց­նեն՝ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ յա­ջոր­դը, ես չեմ գի­տեր, չու­նիմ այդ հար­ցին պա­տաս­խա­նը:

-Օ­րուան ո՞ր ժա­մե­րուն կ՚աշ­խա­տիք եւ գծե­լէն զատ ու­րիշ ին­չո՞վ կը զբա­ղիք:

-Առ­տուն կ՚աշ­խա­տիմ, ե­լեկտ­րա­կան, ար­հես­տա­կան լոյս չեմ սի­րեր: Բնա­կան լոյ­սի տակ կը ստեղ­ծեմ գոր­ծերս:

-Ա­րուես­տա­նո՞­ցին մէջ կը գծէք:

-Ես ա­րուես­տա­նոց չու­նիմ, կը սի­րեմ ուր որ ապ­րիմ՝ հոն աշ­խա­տիմ: Տու­նիս մէջ կը գծեմ: Կը սի­րեմ իմ ապ­րած մի­ջա­վայ­րիս մէջ զգա­ցո­ղու­թիւն­ներս ար­տա­յայ­տիլ, չեմ սի­րեր այլ տա­րածք տե­ղա­փո­խուիլ եւ հոն աշ­խա­տիլ: Կը կար­ծեմ՝ իմ զգա­ցածս, իմ ապ­րածս տար­բեր կ՚ըլ­լայ…

Գծագ­րու­թե­նէն զատ կը սի­րեմ ե­րաժշ­տու­թիւն. փոք­րուց, դաշ­նակ նուա­գած եմ, սա­կայն չշա­րու­նա­կե­ցի, քա­նի որ զգա­ցի, թէ իմս չէ: Կը սի­րեմ, որ երբ բան մը ը­նեմ՝ կա­տա­րեալ ը­նեմ, մի­ջա­կու­թիւն չեմ սի­րեր:

-Ե­թէ գծագ­րիչ չըլ­լա­յիք, ի՞նչ կ՚ըլ­լա­յիք:

-Կը սի­րեմ նաեւ շար­ժան­կա­րա­յին ա­րուես­տը եւ կը կար­ծեմ ե­թէ գծագ­րիչ չըլ­լա­յի՝ բե­մագ­րու­թիւն­ներ կը գրէի, այդ ճիւղն ալ շատ կը սի­րեմ, շատ հո­գե­հա­րա­զատ է ին­ծի: Կը սի­րեմ հին ժա­պա­ւէն­նե­րը, ո­րոնք կ՚ազ­դեն ին­ծի:

-Միշտ կը լսենք, թէ սփիւռ­քի մէջ հայ նկա­րիչ­նե­րը դա­տա­պար­տուած են տեղ­քայ­լի մէջ մնա­լու, այդ­պէ՞ս է:

-Ո՛չ, ես չեմ ըն­դու­նիր ա­տի­կա: Գի­տեմ շատ մեծ թի­ւով հայ նկա­րիչ­ներ, ո­րոնք սփիւռ­քի մէջ ծնած են, բայց յա­ռա­ջա­ցած են: Զիս ալ շատ մը եր­կիր­նե­րու մէջ գի­տեն իբ­րեւ Հա­յաս­տա­նէն դուրս ապ­րող հայ նկա­րիչ:

-Հա­յաս­տա­նի ա­րուես­տի դաշ­տին հետ կապ ու­նի՞ք:

-Իմ նկար­նե­րէս կան Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ: Իմ հին շրջա­նի գոր­ծե­րէս ո­մանք պատ­կե­րաս­րա­հի պատ­կե­րա­գիր­քին մէջ ընդգր­կուած են: Կ՚ու­զեմ ան­պայ­ման ցու­ցա­հան­դէս ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի մէջ: Հի­մա հայ­կա­կան անձ­նա­գիր ստա­նա­լու աշ­խա­տանք կը տա­նիմ: Հայ արուես­տա­սէր­նե­րուն կ՚ու­զեմ ը­սել, որ ես լի­բա­նան­ցի եմ եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ես հայ եմ: Մի կար­ծէք, ե­թէ ես ա­րաբ­նե­րուն հետ եմ, ու­րեմն ձեզ­մէ հե­ռու եմ: Ես միշտ ձե­զի հետ եմ: Ես հայ եմ եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ խնդիր չու­նիմ ո­րե­ւէ կրօն­քի, ազ­գի, ո­րե­ւէ գոյ­նի պատ­կա­նող մար­դու հետ: Իմ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քիս սկսայ բազ­մա­թիւ հայ գծան­կա­րիչ­նե­րու հետ, ա­նոնք մնա­ցին հայ­կա­կա­նու­թեան մէջ, ես շատ ա­ւե­լի ըն­դար­ձա­կե­ցի իմ ցու­ցադ­րու­թեանս սահ­ման­նե­րը, եւ մար­դիկ կար­ծե­ցին, թէ ես հե­ռա­ցայ հա­յու­թե­նէն, բայց այդ մէ­կը ճիշդ չէ, իմ ո­գիս ու խորքս հայ­կա­կան են: Եւ իմ գոր­ծերս ալ հո­գե­հա­րա­զատ են տար­բեր ազ­գե­րու մար­դոց, քա­նի որ իմ նկար­նե­րուս մէջ ես երկ­խօ­սու­թիւն ու­նիմ մար­դուն հետ, կա­րե­ւոր չէ՝ թէ ան ի՛նչ ազ­գի կը պատ­կա­նի:

-Դուք ձեր տա­րի­քը կը զգա՞ք:

-Ո՛չ, ես իմ տա­րիքս չեմ զգար: Տա­րի­նե­րը կ՚անց­նին իմ վրա­յովս եւ ոչ՝ իմ մի­ջովս: Ժա­մա­նա­կը կը շրջան­ցէ զիս…

-Իսկ կա՞յ բան մը, որ կը վշտաց­նէ Ձեզ:

-Ա­ռ­հա­սա­րակ ես լա­ւա­տես մարդ եմ: Ա­մէն ին­չի մէջ դրա­կա­նը կ՚ու­զեմ տես­նել: Երկ­րի ան­կա­յուն վի­ճա­կը, պա­տե­րազ­մա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը ան­շուշտ բո­լո­րը կը խան­գա­րեն, բայց պէտք է միշտ դրա­կան տրա­մադ­րուիլ… Կը սի­րեմ կեան­քը, մար­դի­կը, մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, չեմ խու­սա­փիր շփում­նե­րէ…

Շատ կը սի­րեմ կեն­դա­նի­ներ եւ կը վշտա­նամ, երբ ա­նոնք ճնշուին, այդ մէ­կը զիս կը նե­ղաց­նէ: Չեմ ու­զեր կեն­դա­նի­նե­րը տխուր, լքուած վի­ճա­կի մէջ տես­նել: Միշտ կեն­դա­նի ու­նե­ցած եմ եւ հի­մա ալ ու­նիմ: Չեմ ըն­դու­նիր բնու­թեան այն օ­րէն­քը, ո­րուն հա­մա­ձայն տկա­րը զօ­րա­ւո­րին պի­տի են­թար­կուի:

-Հե­տաքրք­րա­կան է, թէ ի՞նչ կը մտա­ծեն ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը մա­հուան մա­սին:

-Ես սկիզ­բը կը վախ­նա­յի մա­հէն, բայց հի­մա այդ­պէս չէ, ա­ւե­լի խո­հե­մա­բար, ա­ւե­լի հան­գիստ, ա­ւե­լի հան­դարտ կը մօ­տե­նամ մա­հուան գա­ղա­փա­րին: Հաշ­տուած եմ մա­հուան հետ, հասկ­ցած եմ, որ վեր­ջա­ւո­րու­թեան ան իմ ըն­կերս պի­տի ըլ­լայ, փա­խուստ չկայ: Այ­սինքն ժա­մա­նա­կի հետ վա­խէն ա­ւե­լի հաշ­տու­թեան յան­գե­ցայ :

-Գու­ցէ ա­րուես­տա­գէ­տի ստեղ­ծած ան­մահ ա­նո՞ւնն է պատ­ճա­ռը, որ ան չի վախ­նար մա­հէն…

-Կրնայ ըլ­լալ, որ այդ ալ պատ­ճառ է:

-Իսկ սի­րոյ մա­սի՞ն…

-Սէ­րը շատ բարձր զգա­ցում է, ա­ղուոր է, սա­կայն բան մըն է, որ զիս սա­հմա­նա­փա­կում­նե­րու մէջ կը դնէ, կը խեղ­դէ ձե­ւով մը: Շատ սի­րած եմ, սի­րուած եմ, բայց ա­մուս­նու­թեան գա­ղա­փա­րին հետ չհաշ­տուե­ցայ: Ա­զա­տու­թիւն կը նա­խընտ­րեմ, քա­նի որ հա­մո­զուած չեմ, թէ սէ­րը այդ­քան բարձր զզա­ցում ըլ­լա­լով միշտ դրա­կան զգա­ցում­ներ կու տայ մար­դուն… եր­բեմն կու տայ, եր­բեմն չի տար: Իմ մեծ սէրս ա­րուեստն է: Արուես­տը իմ ջուրս է, իմ կեանքս է, ա­ռանց ա­տոր ան­կա­րե­լի է ապ­րիլ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016