«ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՇԽՈՅԺ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ՝ ՀԱԿԱՄԱՐՏ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ՀԵՏ»
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ միջնորդները կը շարունակեն աշխոյժ աշխատանք տանիլ կողմերուն հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շրջագծով հրադադարի յարգումը խրախուսելու համար։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, հայկական կայքէջի մը տուած հարցազրոյցի մը մէջ ան յայտնեց, որ ռազմական գործողութիւններուն կրճատումը հնարաւոր կը դարձնէ խաղաղ բանակցութիւններու շարունակումը։ Ըստ իրեն, համանախագահները հակամարտ կողմերուն կոչ կ՚ուղղեն զերծ մնալ այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան ժխտական ազդեցութիւն գործել բանակցային գործընթացին վրայ։
Հարկ է յիշեցնել, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները միջոց մը առաջ տեղեկացուցած էին, որ կը պատրաստուին նոր այցելութիւն մը տալ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։