ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆՈՐ ԿԱԶՄԸ ԿԸ ՅՍՏԱԿԱՆԱՅ
Հայաստանի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորման աշխատանքները կը շարունակուին։ Կարէն Կարապետեանի վարչապետ նշանակուելուն զուգահեռ սկսած գործընթացը արդէն հասունցած է բաւականաչափ։ Կը նախատեսուի, որ մինչեւ շաբաթավերջ Նախարարաց խորհուրդի նոր կազմը յայտնի պիտի դառնայ վերջնականօրէն։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ստորագրեց շարք մը հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ յայտնի դարձան եւս քանի մը անուններ։ Ներկայիս, ընդհանուր առմամբ Նախարարաց խորհուրդի տասնմէկ անդամներուն անունները արդէն յայտնի են։ Վերջին կարգադրութիւններուն հիման վրայ Արմէն Ամիրեան նշանակուեցաւ մշակոյթի նախարար՝ փոխարինելով Յասմիկ Պօղոսեանը։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Ամիրեան երկար տարիներ Հայաստանի Ազգային ռատիոյէն ներս ղեկավար դեր ստանձնած յայտնի անուն մըն է։ Նոյնպէս Երեւանէն հասած լուրերով, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերանշանակուած է Սերժ Սարգսեանի կողմէ ու պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին գլուխը։ Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան եւ Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւս պիտի մնան նոր կառավարութեան կազմին մէջ։ Դաշնակցական նախարարներէն Դաւիթ Լոքեան կը մնայ տարածքային կառավարման գլուխը, իսկ Արծուիկ Մինասեան եղաւ բնապահպանութեան նախարար։
Յառաջիկայ օրերուն պիտի յստականան նաեւ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն անունները։