ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Անգ­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Պո­րիս Ճան­սըն ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ան­գա­րա­յի մէջ։ Ան այ­ցե­լեց Ա­թա­թիւր­քի յու­շա­դամ­բա­նը եւ Պեշ­թե­փէի պա­լա­տին մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ։ Պո­րիս Ճան­սըն Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի հետ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հիւր նա­խա­րա­րը այ­ցե­լեց նաեւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղով, ուր ա­կա­նա­տես ե­ղաւ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին ժա­մա­նակ կա­տա­րուած յար­ձակ­ման ծանր հե­տե­ւանք­նե­րուն։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուն ալ տե­սակ­ցե­ցաւ Պո­րիս Ճան­սը­նի հետ։

Ան­գա­րա­յի մէջ եր­կու նա­խա­րար­նե­րը սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Այս առ­թիւ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու շեշ­տեց, թէ տա­կա­ւին ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր ԵՓԿ-ա­կան­ներ կը գտնուին Մեմ­պի­չի մէջ։ Հա­կա­ռակ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ղե­կա­վա­րու­թեան խոս­տում­նե­րուն, ա­նոնք կը մնան այն­տեղ։ Ըստ Չա­վու­շօղ­լուի, ա­մե­րի­կեան կող­մը կա՛մ ի վի­ճա­կի չէ ԵՓԿ-ա­կան­նե­րը այդ­տե­ղէն դուրս բե­րե­լու եւ կամ այդ­պի­սի փա­փաք մը չու­նի։ Նա­խա­րա­րը հա­մո­զուած է, որ Ռաք­քա­յի պա­րա­գա­յին եւ այլ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծով ԵՓԿ-ա­կան­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ծա­ւա­լե­լը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կը նշա­նա­կէ Սու­րիոյ ա­պա­գան վտան­գել։

Իր կար­գին, Պո­րիս Ճան­սընն ալ յայ­տեց, թէ ՖԵ­ԹԷՕ-ի շարժ­ման հետ ա­ռըն­չա­կից տար­րե­րու ստուգ­ման եւ ոչն­չաց­ման հա­մար անգ­լիա­կան կող­մը պի­տի ը­նէ իր կա­րե­լին։ Ան յոյս յայտ­նեց, թէ Լոն­տո­նի եւ Ան­գա­րա­յի մի­ջեւ հսկա­յա­ծա­ւալ ա­զատ ա­ռեւ­տու­րի հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը պի­տի գո­յա­նայ։ «Մենք Եւ­րո­միու­թե­նէն կը բաժ­նուինք, սա­կայն Եւ­րո­պա­յէն չենք բաժ­նուիր», ը­սաւ Պո­րիս Ճան­սըն, որ Ան­գա­րա­յի մէջ զրու­ցեց նաեւ Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար Էօ­մէր Չե­լի­քի հետ։ Ճան­սըն մատ­նան­շեց, որ Անգ­լիա պի­տի շա­րու­նա­կէ պաշտ­պա­նել Թուր­քիոյ Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը։

Հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի հար­ցե­րը, Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ ընդ­հան­րա­պէս տա­րած­քաշր­ջա­նի վի­ճա­կը։

ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գայ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան ըն­թաց­քը, որ կը շա­րու­նա­կուի շուրջ ա­մի­սէ մը ի վեր։

Մինչ այդ, այ­սօ­րուան ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Պեշ­թե­փէի պա­լա­տին մէջ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ անվ­տան­գու­թեան նիւ­թե­րու վե­րա­բե­րեալ բարձր մա­կար­դա­կի խորհր­դակ­ցու­թիւն մը։ Օ­րա­կար­գի վրայ էին նոյն­պէս Սու­րիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։

 

 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016