Աստրախանի ՄԷջ ցուցահանդէս

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Ար­մէնփ­րէս» հայ­կա­կան լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան ջան­քե­րով՝ Ռու­սաս­տա­նի Աստ­րա­խան քա­ղա­քին մէջ Սեպ­տեմ­բերի 24-ին բա­ցուած է «Հա­յաս­տա՛ն, յա­ւեր­ժա­կան իմ սէր» խո­րա­գի­րը կրող լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը՝ նուի­րուած Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեան­նե­րուն: Ցու­ցա­հան­դէ­սը նպա­տա­կաուղ­ղուած է տե­ղե­կա­տուու­թիւն տրա­մադ­րե­լու ան­կա­խու­թեան տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, տնտե­սու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան, մար­զաշ­խար­հի, զբօ­սաշր­ջու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ ձեռք­բե­րունե­րուն մա­սին: ««Ար­մէնփ­րէս» լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը մեծ պա­տուով եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ մօ­տե­ցած է այս ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման: «Շնոր­հա­կալ ենք Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն, որ կրցան ի­րա­կա­նաց­նել այս յոյժ կա­րե­ւոր նա­խա­գի­ծը: Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը եւ Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը յի­րա­ւի պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նին մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, եւ յոյժ կա­րե­ւոր է, որ­պէս­զի թէ՛ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը Ռու­սաս­տա­նի հա­յա­շատ հա­մայնք­նե­րուն մէջ, թէ՛ մեր բա­րե­կամ եւ դաշ­նա­կից Ռու­սաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը «Ար­մէնփ­րէս»ի լու­սան­կար­նե­րուն միջո­ցով ծա­նօ­թա­նան ան­կախ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի տա­րեգ­րու­թեան, ա­ւե­լի լաւ պատ­կե­րաց­նեն այն ար­ժէք­նե­րը, նուա­ճումնե­րը, ինչ որ ու­նի ժո­ղո­վուր­դը եւ տես­նեն այն փայ­լուն ա­պա­գան, որ կը սպա­սէ մեր բո­լո­րին», յայտ­նած է «Ար­մէնփ­րէս»ի տնօ­րէն Ա­րամ Ա­նա­նեան:

Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ վեց թե­մա­թիկ բա­ժին՝ «Ան­կա­խու­թիւ­նը՝ բարձ­րա­գոյն ար­ժէք», «Դժուա­րին յաղ­թա­նակ», «Ազ­գա­յին հե­րոս­նե­րը», «Կը յի­շենք եւ կը պա­հան­ջենք», «Յոյ­սի Հա­յաս­տան», «Հա­ւատ­քի Հա­յաս­տան. ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր»: Պի­տի ներ­կա­յա­ցուի շուրջ հա­րիւր լու­սան­կար: Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կուի Վոլ­կոկ­րա­տի մէջ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016