ՓՈՒԹԻՆ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԿՐՆԱՅ ԳԱԼ ԹՈՒՐՔԻԱ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ ամիս հաւանաբար այցելէ Թուրքիա։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ ան Հոկտեմբերին կրնայ այցելել Թուրքիա։ Նախապատրաստական բոլոր հանգրուաններու աւարտին Քրեմլինի աղբիւրները վերստին պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի ընեն այս մասին։ Ռուս ղեկավարին այցը կը նախատեսուի Հոկտեմբերի 11-ին։ Ան Իսթանպուլ պիտի գայ՝ Մոսկուայի Արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի գրասենեակներու միութեան հրաւէրին ընդառաջ։ Թուրքիոյ Առեւտրական գրասենեակներու եւ սակարաններու միութեան նախագահ Ռիֆաթ Հիսարճըքլըօղլու եւս երէկ խօսեցաւ այս մասին։ Ըստ իրեն, ռուս ղեկավարը պիտի մասնակցի Թուրքիա-Ռուսաստան տնտեսական խառն յանձնաժողովի նիստին։ Հարկ է յիշեցնել, որ Փութին վերջին անգամ Թուրքիա այցելած էր անցեալ տարի՝ Անթալիոյ մէջ կազմակերպուած «G-20»ի գագաթաժողովին ժամանակ։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ աշխատանքները յառաջ կը տարուին նաեւ «Թրքական հոսք» բնական կազի փոխադրութեան խողովակաշարի ծրագիրը կեանքի կոչելու առաջադրութեամբ։ Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարար Ալեքսան Նովաք յայտնեց, թէ այս շաբաթ եւս բանակցութիւնները կը շարունակուին իրենց թուրք գործընկերներուն հետ։ Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ յառաջիկայ ամսուան կէսին «Թրքական հոսք» ծրագրին շուրջ համաձայնութիւն մը կրնայ գոյանալ երկու կառավարութիւններուն միջեւ։
Աւելի առաջ «Կազփրոմ»ի աղբիւրները տեղեկացուցած էին, որ «Թրքական հոսք»ի վերաբերեալ առաջին թոյլտուութիւնները ապահովուած են ու ծրագիրը արդէն գործնականօրէն սկսած է։