ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՅԱՐՄԱՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՎԻՃԱԿԻ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄԸ
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Պեշթեփէի պալատին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ ժողովը, որ տեւեց շուրջ վեց ժամ։ Սա խորհուրդի երկրորդ ժողովն էր՝ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ։ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը յանձնարարեց, որպէսզի արտակարգ վիճակի դրութիւնը երկարաձգուի։ Խորհուրդի նիստէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ ընդգծուեցաւ, թէ ժողովրդավարութեան, իրաւական պետութեան սկզբունքին, հայրենակիցներու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու երաշխաւորման ուղղեալ նախազգուշական միջոցներուն աշխոյժ ձեւով յառաջ տարուիլը ապահովելու համար կը կատարուի այդ թելադրութիւնը։ Բաց աստի, յետ այսու ամէն տարի Յուլիսի 15-ը պիտի նշուի՝ որպէս ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու օր։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը անդրադարձ կատարեց նաեւ «Եփրատի վահան» գործողութեան։ Ընդգծուեցաւ, որ այս գործողութիւնը ունի երկու հիմնական նպատակ։ Առաջինը՝ սահմանի անվտանգութեան երաշխաւորուիլն ու շրջանի բնակիչներուն անվտանգութեան ապահովուիլն է։ Երկրորդ նպատակն է՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» եւ ՓԵՏ-ԵՓԿ ահաբեկչական խմբաւորումներու տարրերուն ամբողջովին մաքրագործման եւ երկիրներու ամբողջականութեան համար Ազատ Սուրիոյ բանակի պաշտպանուիլն է։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հերթական անգամ կանգ առաւ Սուրիոյ հիւսիսին ահաբեկչութենէ մաքրագործուած անվտանգ գօտիի մը եւ թռիչքներու համար փակ գօտիի մը ստեղծման անհրաժեշտութեան վրայ։
Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդը ընդգծեց նաեւ, որ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ ահաբեկչութեան միջազգային գետնի վրայ հասարակաց ձեւով բնութագրումը։