ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԷԿ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԷԼԻ ՀԵՏ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։ Անոնք անդ­րա­դար­ձան Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, եւ մա­նա­ւանդ Հա­լէ­պի կա­ցու­թիւ­նը ծայր աս­տի­ճան մտա­հո­գիչ դար­ձած է՝ բա­խում­նե­րու սաստ­կաց­ման հե­տե­ւան­քով։ Զ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին այս նիւ­թին ա­ռըն­թեր Էր­տո­ղան եւ Մեր­քէլ կանգ ա­ռին Սու­րիոյ ընդ­հա­նուր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի շուրջ խնդիր­նե­րուն վրայ։ Բաց աս­տի, Էր­տո­ղան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան շուրջ։ 

Մինչ այդ, Մեր­քէլ ե­րէկ խօսեցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Փու­թի­նի հետ։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016