Տիկնիկային Թատրոններու Միջազգային Փառատօն
Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «ԵՈՒՆԻՄԱ- Հայաստան»ի (Տիկնիկային արուեստի գործիչներու միջազգային միութեան հայկական կեդրոն) նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Լոռիի, Շիրակի մարզերուն եւ Երեւանի մէջ կայացաւ «Թումանեանական հեքիաթի օր» տիկնիկային թատրոններու միջազգային 11-րդ փառատօնը:
«Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ «Թումանեանական հեքիաթի օր» տիկնիկային թատրոններու միջազգային 11-րդ փառատօնին նուիրուած մամլոյ ասուլիս մը սարքած են Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի ժամանակակից արուեստի վարչութեան նախագահ Արմենուհի Ղազարեան եւ «ԵՈՒՆԻՄԱ-Հայաստան» տիկնիկային արուեստի գործիչներու միջազգային միութեան նախագահ Արմէն Սաֆարեան:
Փառատօնը նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին: Անոր նպատակը եղած է նպաստել Հայաստանի մարզերու, Արցախի եւ Ջաւախքի մշակութային կեանքի աշխուժացման, ինչպէս նաեւ՝ ծառայել մատաղ սերունդի գեղագիտական դաստիարակութեան ու ապագայ քաղաքացիի կազմաւորման:
Փառատօնին մասնակցած են տիկնիկային թատրոններ՝ Հայաստանէն եւ Արցախի տարբեր մարզերէն, Վրաստանէն, Ռուսաստանէն, Ուքրայնայէն, Իտալիայէն, Հունգարիայէն եւ այլ երկիրներէ: Աւանդութեան համաձայն, փառատօնը սկսած է Լոռիի Դսեղ գիւղէն, Յովհաննէս Թումանեանի յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակի զետեղման արարողութեամբ:
Դսեղի մէջ փառատօնի մասնակիցները դիտած են Յովհաննէս Թումանեանի «Շունն ու կատուն» տիկնիկային ներկայացումը՝ նուիրուած անոր 130-ամեակին: Փառատօնին հանդիսաւոր բացումը կատարուած է Կիւմրիի «Թռչունեան տուն» մանկատան մէջ: Փառատօնին մասնակցած են 58 դերասաններ, 7 թատերախումբեր եւ ներկայացուած են 22 բեմադրութիւններ:
Փառատօնին ծրագիրը ներառած է «Երեկոյեան ակումբ», որուն ընթացքին կատարուած են քննարկումներ, միտքերու փոխանակում, հանրայայտ տիկնիկային գործիչներու կողմէ՝ «Տիկնիկները յանուն խաղաղութեան», «Տիկնիկային արուեստը եւ փոքրիկներու ազատ ժամանցի կազմակերպումը», «Երջանիկ մանկութիւն՝ երջանիկ ապագայ» եւ այլ նիւթերով՝ վարպետութեան դասեր: