Աշխարհի Մեծագոյն ՀեռադիտակԸ
Չինաստանի մէջ սկսաւ գործել աշխարհի մեծագոյն հեռադիտակը, որուն բացման արարողութեան Կոնկճու նահանգին մէջ ներկայ էին այլ երկիրներէն հրաւիրուած հարիւրաւոր գիտնականներ: Հեռադիտակը ունի 500 մեթր տրամագիծով տեղաորոշիչ (ռատար), որ քանի մը անգամով կը գերազանցէ Փորթօ Ռիքոյի «Արեսիպօ» աստղադիտարանին մէջ գտնուող հեռադիտակին չափերը: «Արեսիպօ» աստղադիտարանը մինչ այդ աշխարհի մեծագոյնը կը նկատուէր: Նոր հեռադիտակի աշխատանքի առաջին իսկ ժամերուն ստացած են ազդանշաններ, որոնք կու գան Երկրէն աւելի քան 1300 լուսային տարուան հեռաւորութենէ:
Չինական հեռադիտակին ստեղծման համար աշխատանք տարուած է հինգ տարի: Ատիկա կառուցելու համար 180 միլիոն տոլար ծախսուած է: Հեռադիտակը հիմնական գիտութիւններու եւ տիեզերքի հետազօտման մարզին մէջ Չինաստանի իրականացուցած մեծ եւ կարեւոր նախագիծերէն մէկն է: Չինաստանի հարաւը կը գտնուի աստղադիտարանը, որուն կառուցման համար իշխանութիւնները գրեթէ ութ հազար գիւղացիներ տեղահանած են:
Չին աստղագէտներու տրամադրութեան տակ հզօր գործիք յայտնուած է անջրպետի հեռաւոր շրջաններուն հետեւելու, թերեւս նաեւ` այլմոլորակային բանականութիւն փնտռելու համար:
«Նոր հեռադիտակին վերջնական նպատակն է բացայայտել այն օրէնքները, որոնցմով կը զարգանայ տիեզերքը: Տեսականօրէն եթէ մենք ազդանշան ստանանք այլ մոլորակային քաղաքակրթութենէ, ատիկա կ՚անցնի այն ալիքային ազդանշաններով, որոնք մենք արդէն հիմա կը ստանանք աստղերէ», յայտնեց Չինաստանի Գիտութիւններու հիմարկի աշխատակից Ցզիան Լէի, որ կը ղեկավարէ Աստղագիտական դիտարկումներու ազգային հիմնարկը: