Յոյսեր… դարձեալ
Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաքի եւ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն երէկուան հանդիպումը ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Ընդհանրապէս երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր հանդիպում մը եղած է այս մէկը։ Բայց եւ այնպէս, այս ամբողջին մէջ մեր համայնքին տեսակէտէ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ տեսակցութիւնը։
Մեր համայնքէն ներս վերջին շրջանին կ՚ապրուին լուրջ դժուարութիւններ։ Վաղուց, թրքահայութեան կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցած են ըստ էութեան երկու տեսակ խնդիրներ։ Առաջինը՝ հարցեր, որոնց լուծումը կախում ունի պետութենէն եւ երկրորդը՝ խնդիրներ, որոնք կը բխին համայնքի ներքին տինամիքներէն։ Վերջին տարիներուն, ընտրութիւններու առկախումով այդ խնդիրները ընդելուզուած են, հետեւաբար համապատասխանօրէն բարդացած են նաեւ լուծումները։ Թրքահայ իրականութեան մօտ վերջին շրջանին առկայ է լուրջ պառակտում մը։ Համայնքային կեանքէն ներս ստեղծուած են բեւեռացումներ, որոնք կը խոչընդոտեն բնականոն ընթացքը։ Ընտրութիւններու առկախման հարցը կը խորացնէ այս բոլոր խնդիրները։ Արդարեւ, եթէ ընտրութիւններու հորիզոնը ստեղծուի, մեր համայնքային կեանքէն ներս կրնայ գետին պատրաստուիլ ուժերու նոր վերադասաւորման մը համար։ Սա հնարաւորութիւն կրնայ ընձեռել՝ որպէսզի մարդիկ զիրար վերավարկաւորեն եւ մթնոլորտը խաղաղի յարաբերաբար։ Մարդիկ երէկուան հանդիպումով կրնան դարձեալ համոզ-ւիլ, որ համայնքային խնդիրներուն նկատմամբ անտարբերութիւն գոյութիւն չունի։
Հետեւաբար, փոքրամասնութիւններու առկախեալ ընտրութիւններու հարցին փոխ-վարչապետի մակարդակով քննարկումը, այդ մակարդակի վրայ լուծման կամքի վերաթարմացումը դրական կը համարուի մեր համայնքին տեսակէտէ։ Բոլորին մաղթանքը այն է, որ ժամ առաջ արդարանան այդ յոյսերը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ