ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ AIWA-Ի ԿՈՂՄԷ
Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ պարգեւատրուեցաւ Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան (AIWA) կողմէ։ Սելինա Տողան, որ Պոսթոնի մէջ մասնակցեցաւ AIWA-ի եռօրեայ համաժողովին, մասնակցեցաւ նաեւ ասուլիսի մը՝ «Քաղաքականութեան եւ հանրային կեանքէն ներս կանանց ղեկավարութիւնը» նիւթին շուրջ։ Պոսթոնի մէջ իրեն յանձնուեցաւ հանրային բնագաւառէ ներս ղեկավարութեան մրցանակը։
AIWA-ի համագումարին շրջագծով Պոսթոնի մէջ համախմբուած էին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն հայ կանայք, որոնք բաժնեցին իրենց փորձառութիւնները՝ տարբերութիւն մը ստեղծելու հասարակաց յայտարարին վրայ։ Սելինա Տողան իր մրցանակը ստացաւ ձեռամբ Սիլվա Խաչիկեանի, որ կը գլխաւորէ AIWA-ի հիմնադրութեան 25-ամեակի յոբելենական կարգադիր յանձնախումբը։ Բացի Սելինա Տողանէն մրցանակներ յանձնուեցան նաեւ Քեթրին Սարաֆեանին, Քերըլայն Ռաֆայէլեանին, Հուրի Կէպէշեանին եւ Քերըլայն Մուկարին։
Պոսթոնի մէջ Սելինա Տողան հրաւէր ուղղեց, որպէսզի AIWA-ի յաջորդ համաժողովը կազմակերպուի Թուրքիոյ մէջ։ Ան շեշտեց նաեւ, որ հայկական Սփիւռքը պէտք է մօտէն հետեւի թրքահայութեան։