ԱՆԱՀԻՏԻՆ ԹԻՐԱԽԸ

Եր­կու ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ձեռ­քե­րը այն­քան ա­մուր բռնուած են ի­րա­րու, ան­քակ­տե­լի կապ մը կ՚ու­զեն ստեղ­ծել ա­նոնք, մին ա­րա­կան է, միւ­սը՝ ի­գա­կան: Յոր­դա­նա­նի օ­դա­նա­ւա­կա­յանն են. հա­յեացք­նե­րով ին­չե՜ր կը փո­խա­նա­կեն, ու գիր­կընդ­խառ­նում մը, որ աղջ­կան հե­կե­կուն մար­մի­նին դո­ղը կը խա­ղա­ղեց­նէ կար­ծես: Բայց ի զուր է ա­մէն ինչ, ո՛չ մար­մին­նե­րը կը խա­ղա­ղին, ոչ ալ եր­կու միա­ցած սրտե­րը հան­գիստ կը տրո­փեն, մօտ է բա­ժան­ման պա­հը, ու կրքոտ համ­բոյր­նե­րուն կ՚ըն­կե­րա­նան խոս­տում­ներ.

Ան­հոգ ե­ղիր, շու­տով կը վե­րա­դառ­նամ,- կ՚ը­սէ աղ­ջի­կը:

Հա­ւա­տա՞մ, հա­ւա­տա՞մ որ կու գաս, ու նո­րէն կը գրկե՞մ ջերմ մար­մինդ:

Ան­շուշտ պի­տի գամ, կը խոս­տա­նամ, ես չեմ կրնար ա­ռանց քե­զի կեանքս շա­րու­նա­կել:

Կը վստա­հիմ խօս­քիդ, բայց շուտ ե­կուր, չեմ դի­մա­նար: Խոս­տա­ցիր նաեւ որ պի­տի չհա­մո­զուիս հօրդ ու մօրդ ը­սած­նե­րուն, ա­նոնք կ՚ու­զեն բաժ­նել մեզ, գի­տեմ չեն ու­զեր մեր միու­թիւ­նը, բայց յի­շէ խօս­քերս, ես քեզ աշ­խար­հի ա­մե­նաեր­ջա­նիկ կի­նը կը դարձ­նեմ, շատ կը սի­րեմ քեզ:

Գի­տեմ, գի­տեմ, իմ ալ սէրս ան­սահ­ման է, կը խեն­թա­նամ ա­ռանց քե­զի:

Զրոյ­ցը կ՚ընդ­հա­տուի բարձ­րա­խօ­սէն ար­ձա­կուած հնչիւն­նե­րով, ճամ­բորդ­նե­րու մեկ­նու­մին ժա­մը հա­սած է ու ա­նոնք պէտք է տե­ղա­ւո­րուին օ­դա­նա­ւի նստա­րան­նե­րուն վրայ:

Ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն յու­զու­մը չափ չու­նի, աղ­ջի­կը կը զսպէ ինք­զինք ու կը փոր­ձէ քա­կել ձեռ­քը տղուն սեղմ ձեռ­քե­րուն մէ­ջէն. ան­կա­րե­լի կը թուի, վեր­ջին համ­բոյր մըն ալ կը դրոշ­մէ ա­նոր շրթնե­րուն վրայ ու աչ­քե­րով կը վստա­հեց­նէ, որ միու­թիւ­նը մօտ է, ա­նոնց ձեռ­քե­րը կը թոյլ­նան, կը քա­կուին, մատ­նե­րը կը հպին ի­րա­րու ու կը մեկ­նին ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով ու Ա­նա­հի­տին վեր­ջին խոս­տու­մով.

Ահ­մատ, սպա­սէ՛ ին­ծի, շու­տով կը վե­րա­դառ­նամ:

Խոս­տում մը, որ տրուած պա­հէն իսկ ծրա­գիր­նե­րու կը վե­րա­ծուի: Վե­րա­դառ­նալն է Ա­նա­հի­տին միակ թի­րա­խը: Այս պա­հէն իսկ, կա­րօ­տը կը սկսի կրծել հո­գին: Այն­քան ե­րի­տա­սարդ է ան ու տա­քա­րիւն, որ նոյ­նիսկ քրիս­տո­նեա­յի ու այ­լակ­րօ­նի միու­թե­նէն յա­ռա­ջա­ցած թնճուկ­նե­րը միտ­քը չեն խան­գա­րեր։ Մար­դը նախ­քան քրիս­տո­նեայ կամ իս­լամ ըլ­լա­լը՝ մարդ է, ին­չո՞ւ կրօն­քը պի­տի խո­չըն­դո­տէ ա­նոնց միու­թիւ­նը, կը մտա­ծէ կոյր սի­րա­հա­րը: Ու միայն ո­րո­շում մըն է որ կ՚ու­րուագ­ծուի ա­նոր մտքին մէջ, ո­րո­շում մը, որ չի ճանչ­նար ո­րե­ւէ ար­գելք. ան վճի­ռը ար­ձա­կած է ար­դէն:

Ար­ցուն­քը աչ­քե­րուն Ա­նա­հիտ ան­գամ մը եւս կը դի­տէ Ահ­մա­տը, որ քայլ-քայլ կ՚ան­հե­տա­նայ հո­րի­զո­նէն: Ե­տեւ կը դառ­նայ ե­րի­տա­սար­դու­հին ու ար­դէն կը նկա­տէ հայ­րը, որ զինք կը փնտռէ: Ան կը քա­լէ հօ­րը հետ, կը միա­նայ ըն­տա­նի­քին ու կը տե­ղա­ւո­րուի օ­դա­նա­ւի նստա­րա­նին վրայ: 

Մի­սաք՝ Ա­նա­հի­տին հայ­րը, ա­ռած է իր ո­րո­շու­մը, վա­ճա­ռած է Յոր­դա­նա­նի տու­նը, որ եր­կար տա­րի­նե­րու տքնու­մով ու կա­թիլ առ կա­թիլ խնա­յե­լով կրցած էր գնել: Սու­րիա­ցի Մի­սաք ըն­տա­նիք կազ­մած էր Հա­լէ­պի մէջ, ուր­կէ ութ տա­րի­ներ ա­ռաջ, աշ­խա­տան­քին բե­րու­մով, ըն­տա­նեօք տե­ղա­փո­խուած էր Յոր­դա­նան: Ան զօր ու գի­շեր փառք կու տար Բարձ­րեա­լին՝ ջեր­միկ ըն­տա­նի­քին հացն ու ապ­րուս­տը կա­րե­նալ ա­պա­հո­վե­լուն հա­մար: Սա­կայն հիաս­թա­փու­թիւն մը պա­տած էր ա­նոր, սեւ­ցած էր տե­սա­հո­րի­զո­նին վրայ ա­մէն ինչ, մտա­ծե­լու ու­նա­կու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած էր, միայն մեկ­նիլ էր որ կը փա­փա­քէր ան, ան­մի­ջա­պէս որ զգա­ցած էր աղջ­կան ու Ահ­մա­տին յա­րա­բե­րու­թիւ­նը:

Ա­նա­հիտ՝ Մի­սա­քին միակ դուստ­րը, ուս­ման փա­փաք չու­նե­նա­լուն հա­մար կը նե­տուի գոր­ծի աս­պա­րէզ: Հայ­րը նախ չէր ար­տօ­նած, բայց Ա­նա­հի­տին կրկնուող խնդրանք­նե­րուն ան­սա­լով հա­մա­ձայ­նած էր վեր­ջա­պէս, մայրն ալ մի­ջամ­տած էր ը­սե­լով. «Ձգէ՛, թող եր­թայ, աշ­խա­տի, տե՛ս, հոս բո­լո­րը կ՚աշ­խա­տին, իր ծախ­սը կը հո­գայ ու մար­դու մէջ կը մտնէ, ըն­կե­րա­յին շրջա­նակ կ՚ու­նե­նայ»:

Ա­նա­հիտ աչ­քա­ռու ու լե­զուա­նի, տա­քա­րիւն տաս­նու­թա­մեայ աղ­ջիկ մըն է: Աշ­խա­տան­քի դի­մու­մը ա­ռա­ջին իսկ վայր­կեա­նէն կ՚ըն­դու­նուի եւ գոր­ծա­րա­նի մը մէջ կը սկսի աշ­խա­տիլ: Ա­միս­ներ ետք, գոր­ծա­րա­նա­տի­րոջ մէկ հա­տիկ տղուն հա­մակ­րան­քը կը բա­ցա­յայ­տուի Ա­նա­հի­տին նկատ­մամբ: Ճլվլուն աղ­ջի­կը ինք ալ նոյն զգա­ցու­մը կը փո­խա­դար­ձէ ա­նոր հան­դէպ: Այս­պէս, օ­րերն ու ա­միս­նե­րը կը գլո­րին ա­նոնց մտե­մու­թեան խո­րա­ցու­մով: Ա­նա­հիտ կը սկսի գոր­ծէն ու­շա­նալ, մայրն ու հայ­րը կը նկա­տեն զայն ու երբ հարց­նեն՝ սու­տով մը կը պարտ­կէ ան իր ա­րար­քը, մին­չեւ այն օ­րը, երբ հայ­րը զի­րենք կը տես­նէ շէն­քի աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ: Ան­կէ ետք, Մի­սաք կ՚ար­գի­լէ Ա­նա­հի­տին գոր­ծի եր­թալ ու ընդ­հան­րա­պէս չ՚ար­տօ­ներ ա­ռան­ձին տու­նէն դուրս ել­լել:

Այս վի­ճակն ալ ար­դէն եր­կար չի տե­ւեր, Մի­սաք ան­մի­ջա­պէս տունն ու կահ-կա­րա­սին կը վա­ճա­ռէ, Հա­յաս­տան փո­խադ­րուե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ ա­մէն ինչ ա­ճա­պա­րան­քով կը կար­գադ­րէ: Միայն երկ­րէն հե­ռաց­նե­լով աղջ­կան կրնար մոռց­նել տալ այս կա­պը, նիւ­թա­կան վնաս­նե­րը աչ­քին չէին գար, էա­կա­նը շե­ղած աղ­ջի­կը ճամ­բու բե­րելն էր:

Սա­կայն Ա­նա­հիտ օր ըստ օ­րէ ա­ւե­լի կը մօ­տե­նար Ահ­մա­տին, հո­գե­կան կա­պը ա­ւե­լի կը սեր­տա­նար ա­նոնց մի­ջեւ, գի­շեր­նե­րը մայրն ու հայ­րը քնա­նա­լէն ետք մին­չեւ լոյս հա­մա­ցան­ցով կը հա­ղոր­դակ­ցէր Ահ­մա­տին հետ, եր­բեմն ալ մտե­րիմ ըն­կե­րու­հիին մի­ջամ­տու­թեամբ կը տես­նուէր ա­նոր հետ:

Կը ճամ­բոր­դէ Ա­նա­հիտ վե­րա­դառ­նա­լու հե­ռան­կա­րով ան­շուշտ: Գա­ցած օ­րէն իսկ կը փա­կուի իր սե­նեա­կը, ո՛չ մէ­կուն հետ կը հա­ղոր­դակ­ցի, ո՛չ ալ հօր ու մօր հետ շրջապ­տոյտ­նե­րու կ՚ել­լէ, նոյ­նիսկ երբ հա­րա­զատ­նե­րը այ­ցե­լեն ի­րենց, սե­նեա­կէն դուրս չ՚ել­լեր:

Այս­պէս կ՚անց­նին օ­րեր ու շա­բաթ­ներ, հայ­րը սա­կայն հան­գիստ մտքով ինք­զինք կը հա­մո­զէ մօ­րը ը­սե­լով. «Կ՚անց­նի, կը մոռ­նայ, կ՚ըն­տե­լա­նայ, քիչ մը ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի, համ­բե­րենք. կա­րե­ւո­րը մենք հե­ռա­ցու­ցինք զինք հոն­կէ»:

Ու ա­հա օր մը, երբ կ՚արթն­նան, կը զննեն Ա­նա­հի­տին սե­նեա­կը, հոն չեն գտներ զինք, ան­հան­գիստ մտմտու­քով նո­րէն կը նա­յին, տան բո­լոր ան­կիւն­նե­րը կը փնտռեն, չեն գտներ Ա­նա­հի­տը: Ի­րար ան­ցած վի­ճա­կի մէջ աղջ­կան ան­կո­ղի­նին ծած­կո­ցը վեր կը վերց­նէ մայ­րը, ուր կը գտնէ թուղ­թի կտոր մը, ո­րուն վրայ Ա­նա­հիտ գրած է հե­տե­ւեա­լը.

«Ահ­մա­տը օ­դա­նա­ւիս տոմ­սը ղրկեց, ես կը մեկ­նիմ ի­րեն քով»:

​Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016