ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Աշնան հաճելի է քալել գունագեղ Երեւանի Արշակունեաց պողոտայի ծառուղիներով, ուր ամրան հրաժեշտի շշուկներ կան ու ձմրան սպասում: Այդ ծառուղիներէն մին կը տանի դէպի Կոմիտասի անուան զբօսայգի-պանթէոն: Հակառակ, որ զբօսայգին հեռու է քաղաքի հիմնական անցուդարձէն, սակայն վերջերս այդ շրջանը աշխուժացած է: Թերեւս Կոմիտասի թանգարանն է, որ իր շուրջը հաւաքած է արուեստասէրներ, զբօսաշրջիկներ, որոնք Երեւանի մէջ, այլ տեսարժան վայրերու կարգին ունին նաեւ այս մէկը եւ կը փութան առընչուելու մեծն Կոմիտասի շունչին ու ոգիին հետ: Թանգարանին մէջ, իսկապէս, ներկայ է Մեծն Կոմիտասը: Կը հնչէ անոր ձայնը... Պատերը կը զարդարեն անոր խաղիկներն ու բանաստեղծութիւնները, իսկ ցուցափեղկերը ամբողջութեամբ լեցուած են կոմիտասեան մասունքներով:
Թանգարանը ունի մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահներ, եւ ժամանակաւոր ցուցադրութեան սրահին մէջ բացուած է ուշագրաւ ցուցահանդէս մը՝ «Կուտինայի հայկական յախճապակու արուեստը» խորագրով, ուր այցելեցինք եւ մօտէն առընչուեցանք արուեստի գլուխգործոց նկատուող այն ձեռակերտ իրերուն հետ, որոնք ստեղծուած են Կոմիտասի ծննդավայրի՝ Քէօթահիայի՝ Կուտինայի մէջ:
Ցուցասրահի մուտքին՝ սկզբնական հատուածին մէջ, պատին վրայ գծուած է Փոքր Ասիոյ քարտէսը, որուն վրայ կ՚երեւի, որ Պոլիսէն 125 մղոն տարածութեան վրայ, տակաւին անթիք շրջանին կար Քէօթահիա քաղաքը:
Միջնադարուն աշխոյժ եւ հարուստ հայկական համայնք մը կար Կուտինայի մէջ, ուր ալ 14-15-րդ դարերուն աստիճանաբար թափ առած եւ զարգացած էր յախճապակեայ սալիկներ պատրաստելու արուեստը, եւ ձեւաւորուած է Կուտինայի հայկական սալիկներու դպրոցը: Վաղ կուտինական հայկական սալիկները երկգոյն են՝ ճերմակ եւ կապոյտ. մինչ 17-րդ դարուն, հայ վարպետները սկսած են գործածել դեղին, կանաչ եւ հռչակաւոր՝ հայկական կարմիր (tomato-red color armenian) գոյները: Այսպէս, Կուտինան դարձաւ հայկական յախճապակիի արտադրութեան կեդրոն, եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ անոր հիմնական մրցակիցը Իզնիքն էր, որու արտադրանքը ի տարբերութիւն հայ վարպետներու « քրիստոնէական» սալիկներուն, «մահմետական» նիւթերով էր:
Այսպէսով, 16-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը Կուտինայի յախճապակիի արուեստը դրոշմուած է առանձին գեղարուեստական ինքնատպութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ։ Կուտինայի յախճապակիի արդիւնաբերութիւնը ծաղկեցաւ աւելի քան չորս դար, եւ այսօր Կուտինայի յախճապակիի բազմաթիւ նմոյշներ կը պահուին մասնաւոր եւ հանրային զանազան միջազգային հաւաքածոներու մէջ:
Կոմիտասի թանգարանին մէջ Կուտինայի յախճապակիի արուեստի ներկայացման նպատակն է՝ նպաստել Կուտինայի հայկական յախճապակիի դարաւոր աւանդոյթի հետազօտման եւ հռչակման։ Յախճապակիէ նմոյշները, որոնք ցուցադրուած են թանգարանին մէջ, փոխառնուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Սարտարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր. Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարաններու հաւաքածոներէն եւ երկու մասնաւոր հաւաքածոներէ, որոնք կը պատկանին Գարագաշեան եւ Մինասեան ընտանիքներուն։
Ցուցահանդէսին առանձին բաժիններով ներկայացուցած են Կուտինայի յաճխապակիի արուեստանոցներն ու արհեստաւորները, վաճառականութիւն եւ պատուէրներ, շարժում եւ զարթօնք, առարկայ եւ զարդ: Բոլոր շարքերուն մէջ ակնյայտ է բարձրակարգ այն արուեստը, զոր ստեղծած են Կուտինայի հայ խեցեգործները:
Կ՚ըսուի, թէ Կուտինայի շրջակայքը գտնուող հումքը, որ յախճապակիին տուած է իր ճերմակ երանգը, խեցեգործութեան արտադրութեան մէջ ջնարակ ստանալու համար, բաւական առատ եւ բարձրորակ եղած է: Վարպետները ստեղծած են կենցաղային ամենէն զանազան իրերէն մինչեւ երեսպատման սալիկներ: Նշանաւոր են Կուտինայի սուրճի գաւաթները, թասերը, պնակները, թէյնիկները, ջրամանները, կախ-ւելիք զարդերը, վարդաջուրի սրուակները, թանաքամանները, դրամատուփերը, սեղանները, կիտրոնքամիչները եւ այլն:
Հայկական եւ յունական եկեղեցիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ մզկիթներուն մէջ գործածուող իրերու կարգին ներառուած են ճարտարապետական սալիկներ, կախազարդեր՝ հաւկթաձեւ կամ գնդաձեւ, խըն-կամաններ, սրուակներ, սափորներ, կախուելիք լապտերներ: Զարդայարդարման ցանկը լի է զանազան բուսական ու երկրաչափական նախշերով, պատկերազարդ տեսարաններով, կենդանիներով ու ժողովրդական կերպարներով, Հին ու Նոր Կտակարաններէն առնուած կրօնական նիւթերով:
Ակնյայտ է, որ պատմողական թեմաներով զարդարուած բազմագոյն իրերը պարզ ոճով նկարուած են:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են նաեւ զանազան չափերու գնդաձեւ կամ հաւկթաձեւ կախազարդեր, որոնք Կուտինայի յախճապակեայ արուեստին գլուխ գործոցներէն են: Այս խեցեգործական կախազարդերը հիմնականին եղած են բազմագոյն եւ մեծամասնութեամբ պատկերուած վեցթեւեան սերովբէներով ու խաչերով: Եկեղեցիներուն եւ մզկիթներուն մէջ կախազարդերը կը կախուէին կանթեղներէն ու լապտերներէն՝ մկներու կեր չդառնալու համար: Որոշ կախազարդերու վրայ կան արձանագրութիւններ՝ պատուիրատուին անունը, ուղեւորութեան մասին տեղեկութիւն, որոնք կը հաստատեն, թէ անոնք Երուսաղէմ եկած հայ ուխտաւորներու նուէրներն են եկեղեցիին:
Կուտիանահայերու կերտած բազմաթիւ յախճապակեայ իրեր այսօր կը պահուին Լոնտոնի, Սեն Փեթերսպուրկի, Փարիզի, Պրուքսէլի, Վենետիկի, Երուսաղէմի, Մարսէյլի եւ այլ քաղաքներու հանրայայտ թանգարաններուն մէջ:
Կուտինայի ամենէն հին թուագրուած (1510 եւ 1529 թուականներու) գլուխ գործոց նմոյշները՝ երկու ծիսական կուժ եւ սափոր մը, այժմ կը գտնուին Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանին մէջ: Նմոյշներ կան (մօտ 70) Լոնտոնի Վիքթորիա եւ Ալպերթ թանգարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Փարիզի Լուվր եւ աշխարհի այլ նշանաւոր թանգարաններուն մէջ:
Կոմիտասի թանգարանին մէջ ներկայացուած ցուցահանդէսը ընդամէնը չնչին մաս մըն է այն ամբողջ հարստութենէն, որ կերտուած է պատմական Կուտինայի մէջ:
Ցուցահանդէսի առանձին բաժնին մէջ կարելի է տեսնել պատառիկ մը Պալեան եւ Գարագաշեան գերդաստաններու պատմութենէն, որոնք անցեալ դարասկզբի դէպքերէն ետք Երուսաղէմ փոխադրուած են, այդ արուեստը շարունակած են եւ այսօր ալ, այդ ընտանիքի շառաւիղները փառաւոր կերպով կը շարունակեն հայկական խեցեգործական այդ դպրոցի աւանդոյթները:
Այս եզակի ցուցահանդէսը, որ ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի յոբելեանին։ «Կոմիտաս» թանգարանի երդիքին տակ բացուեցաւ այս ցուցահանդէսը, որ կը կրէ «Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը» խորագիրը։ Թանգարանի երդիքին տակ այս առթիւ ներկայացուեցան յախճապակիի արուեստին վերաբերեալ յատկանշական ու բացառիկ բազում նմոյշներ։ Հարկ է նշել, որ այդ նմոյշներու շարքին կը գտնուէին նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի կարգ մը անձնական իրերը։
Ցուցահանդէսի բացման իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան։
Այս ցուցահանդէսը յատկանշական է այն առումով, որ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ ցուցահանդէսի ծիրէն ներս սկիզբ առին Կուտինայի խեցեգործութեան դասընթացքներ՝ Հայաստանի հաշմանդամներու «Փիւնիկ» կազմակերպութեան մէջ ընդգրկուած սահմանափակ կարողութիւններով մարդոց համար, որոնք դասընթացքներէն ետք կը ներկայացնեն Կուտինայի յախճապակիի դպրոցին սկզբունքներով իրենց պատրաստած խեցեգործական իրերը եւ թանգարանային նմոյշներու կրկնօրինակները: Այդ մէկը առանձին ցուցադրութեամբ կը ներկայացուի եւ Կուտինայի արուեստի հռչակման նուիր-ւած ձեռնարկ մը եւս կը դառնայ:
Ցուցադրութեան զուգահեռ հրատարակուած է նաեւ 108 էջերով գիրք մը՝ «Կուտինայի յախճապակիի արուեստը» խորագրով, որ ներառուած է Կոմիտասի թանգարանի վաճառելի գիրքերու ցանկին մէջ, իբրեւ արուեստի հրատակութեան բացառիկ նմոյշ մը: Գիրքը թերեւս Կուտինայի յախճապակիին մասին նիւթերու առաջին լուրջ հրատարակութիւնն է, ուր բացի մասնագիտական վերլուծումէն, կան նաեւ պատմական փաստեր, ինչպէս նաեւ հանգամանօրէն կը ներկայացուի Կուտինայի յախճապակիին տարածուածութիւնը՝ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:
Պատկերազարդ այս գիրքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով բարձր տպագրական որակով հրատարակուած են Կուտինայի յաճխապակեգործութեան բացառիկ նմոյշներ:
Այս բացառիկ ցուցահանդէսին գիտական խմբագիրը՝ Տիգրան Գույումճեանն է, գիտական խորհրդատուն՝ Մարինէ Հարոյեանը, համադրողը՝ Նայիրի Խաչատուրեանը, ձեւաւորողները՝ Սարհատ Պետրոսեանն ու Նանէ Թումանեանը:
Ցուցադրութիւնը բաց է ամէն օր, բացի Չորեքշաբթի օրուընէ, մինչեւ 20 Դեկտեմբեր։
Միւս կողմէ, «Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտական մշակոյթը» խորագրով միջազգային գիտաժողովը, որ նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին, սկսաւ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսած է, որ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականին համար Կոմիտասի ժառանգութիւնը նոյն կարեւորութիւնը ունի, ինչպէս լաւ գործիքը՝ արհեստաւորին: Անոր երաժշտութիւնը աղօթք է, հաստատած է ան՝ դիտել տալով, որ գիտաժողովը կարելիութիւն կու տայ ծանօթանալու Կոմիտասի գործունէութեան, անոր զարմանալիօրէն զուլալ եւ հոգեցունց երաժշտութեան:
«Արուեստի հիմնարկը լոյս ընծայած է Կոմիտասի ժառանգութեան ակադեմական հրատարակութիւնը, որուն շնորհիւ ան հասանելի դարձած է երիտասարդ կատարողներուն: Մեծ վարդապետին ծննդեան 150-ամեակին առիթով լոյս պիտի տեսնէ անոր գործունէութեան եւ ձգած հարստութեան մասին գիրքի երրորդ հատոր մը: Այս տարիներուն ընթացքին ստեղծուած է Կոմիտասագիտական պատկառելի գրադարան», յայտնած է Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Փրոֆ. Աննա Ասատրեան:
Այս օրերուն տարբեր երկիրներէ Հայաստան գտնուող երաժիշտները կը ներկայացնեն Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները առանց որեւէ փոփոխութեան: «Կոմիտասը մահացած է սրտի տագնապէ եւ ոսկրախտէ: Այս հիւանդութիւնները կարելի կ՚ըլլար բուժելը յատուկ դեղերու գործածութեան պարագային: Անոր մահուան պատճառները հոգեբուժական չեն եղած: Այսօր կան ուսումնասիրութիւններ, որոնց համաձայն, Կոմիտաս ունեցած է որոշ ընկճախտային դրսեւորումներ, որոնք իբրեւ հոգեկան հիւանդութիւն չեն կրնար բնութագրուիլ: Կայ տեսակէտ այն մասին, որ առհասարակ կը մերժէ անոր հոգեկան հիւանդութիւնը», ընդգծած է Քլոտին Պելամին, որ 1985-2010 թուականներուն հիւանդապահ եղած է Վիլ Ժուիֆի հոգեբուժարանին մէջ, ուր տարիներ շարունակ փակուած էր Մեծն Կոմիտաս:
«Կոմիտաս միջազգային գիտաժողով-փառատօն»ը պիտի տեւէ մինչեւ Հոկտեմբերի 8-ը: Փառատօնին հիւրընկալուած են կատարողներ՝ Հայաստանէն, Ճաբոնէն եւ Ֆրանսայէն: Գիտաժողով-փառատօնին կ՚աջակցին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան պետական կոմիտէն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ