ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ

Իս­թան­պու­լի մէջ ե­րէկ պա­տա­հե­ցաւ պայ­թում մը, ինչ որ պատ­ճառ դար­ձաւ խոր մտա­հո­գու­թեան։ Այս­պէս, Ե­նի­պոս­նա­յի մէջ, «75-րդ տա­րի» ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նին եւ յա­րա­կից զի­նուո­րա­կան հա­մա­լի­րի մօ­տա­կայ­քին կա­տա­րուե­ցաւ յար­ձա­կում մը ռում­բի պայ­թեց­մամբ։ Դէպ­քին հե­տե­ւան­քով տասն հո­գի վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Վի­րա­ւո­րեալ­նե­րուն վե­ցը ար­դէն դար­մա­նուած են, իսկ մնա­ցեալ չոր­սի կա­ցու­թիւ­նը յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի ծանր է։

Կա­ռա­վա­րու­թեան բան­բե­րը՝ Փոխ-վար­չա­պետ Նու­ման Քուր­թուլ­մուշ ե­րէկ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ այս դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան յայտ­նեց, որ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցած է Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հի­նի հետ։ Սա ի­րա­կա­նու­թեան մէջ շատ մեծ յար­ձա­կում մըն էր, սա­կայն բա­րե­բախ­տա­բար, շնոր­հիւ ձեռք առնուած նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րուն՝ նուա­զա­գոյն վնա­սով մը յաղ­թա­հա­րուած է։

Փոխ-վար­չա­պե­տը յի­շե­ցուց, թէ ան­ցեալ Յու­լի­սէն ի վեր Թուր­քիա շատ խտա­ցեալ ձե­ւով ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու կ՚են­թար­կուի։ Եր­կի­րը մէ­կէ ա­ւե­լի ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քար կը մղէ ու կը փոր­ձէ նոյ­նա­ժա­մա­նակ դի­մադ­րել ա­նոնց։

Հարկ է նշել, որ ե­րէ­կուան պայ­թու­մը պա­տա­հե­ցաւ ժա­մը շուրջ 15.50-ին։ Շրջա­նի «Ֆա­թիհ» պո­ղո­տա­յին վրայ ռում­բով բեռ­նա­ւո­րուած մո­թո­սիք­լէ­թի մը պայ­թեց­ման հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած է դէպ­քը։ Մեր­ձա­կայ շէն­քերն ու ինք­նա­շարժ­նե­րը վնաս կրած են։

Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան ա­հա­բեկ­չա­կան ու կազ­մա­կեր­պուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քը պաշ­տօ­նի կո­չած է ե­րեք դա­տա­խազ՝ այս պայ­թու­մի հար­ցաքն­նու­թեան հա­մար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2016