ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Քուէյ­թի նո­րան­շա­նակ դես­պան Նաուաֆ Ապ­տիւ­լա­զիզ Ապ­տուլ­լահ Էլ Է­նէ­զը, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան կա­րե­ւո­րեց միջ­պե­տա­կան երկ­խօ­սու­թեան շա­րու­նա­կա­կան զար­գա­ցու­մը, ո­րու հա­մար գո­յու­թիւն ու­նին բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րը։ Սարգսեան ներ­կա­յա­ցուց նաեւ իր պատ­կե­րա­ցում­նե­րը՝ փո­խա­դարձ շա­հա­ւէտ քա­նի մը ո­լորտ­նե­րէ ներս երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Սերժ Սարգ­սեան ջեր­մու­թեամբ վեր­յի­շեց 2009 թուա­կա­նին Քուէյթ կա­տա­րած իր այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ բարձր մա­կար­դա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ար­դիւն­քով եր­կու եր­կիր­նե­րէն ներս փո­խա­դարձ հաս­տա­տուե­ցան դես­պա­նու­թիւն­ներ եւ աշ­խու­ժա­ցան շփում­նե­րը։ Սարգ­սեա­նի խօս­քե­րով, Ե­րե­ւան միշտ շա­հագրգ­ռուած է բա­րե­կամ Քուէյ­թի հետ ա­ռա­ւել ամ­րապն­դե­լու եւ խո­րաց­նե­լու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Իր կար­գին դես­պանն ալ վստա­հե­ցուց, թէ պաշ­տօ­նի կո­չուած է եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ բարձր մա­կար­դա­կով ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու, ստո­րագ­րուած փաս­տա­թուղ­թե­րը կեան­քի կո­չե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016