ԱՆԽՏԻՐ ԲՈԼՈՐԻՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ Հա­յաս­տա­նէն Սու­րիա ու­ղար­կուած մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը ար­դէն կը բաժ­նուի երկ­րի ժո­ղո­վուր­դին, որ ներ­քին պա­տե­րազ­մի եւ ա­հա­բեկ­չա­կան բռնա­րարք­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ են­թար­կուած է ան­բա­ցատ­րե­լի ա­ղէ­տի մը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Հա­յաս­տա­նէն Սու­րիա ա­ռա­քուած մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն կը տրա­մադ­րուի ան­կախ ազ­գու­թե­նէն։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նէն Սու­րիա ու­ղար­կուած օգ­նու­թիւ­նը ար­դէն հա­սած է Հա­լէպ եւ յանձ­նուած՝ Սու­րիա­հա­յու­թեան շտա­պօգ­նու­թեան ու վե­րա­կանգն­ման մարմ­նին։ Այս վեր­ջինն է, որ այդ օգ­նու­թիւ­նը կը տրա­մադ­րէ բո­լոր կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րուն։

40 թոն մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւ­նը վեր­ջին օ­րե­րուն եր­կու օ­դա­նա­ւե­րով Ե­րե­ւա­նէն ու­ղար­կուած էր Լա­թա­քիա՝ Հմէյ­նիմ ռու­սա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խը։ Օգ­նու­թեան մէկ մա­սը տրա­մադ­րուած է Լա­թա­քիոյ, Քե­սա­պի, Թար­թու­սի եւ մայ­րա­քա­ղաք Դա­մաս­կո­սի ժո­ղո­վուր­դին, իսկ գե­րակ­շիռ մա­սը հա­սած է Հա­լէպ՝ տրա­մադ­րուե­լու հա­մար բո­լոր կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րուն։

Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ա­ռա­քուած մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւ­նը փո­խադ­րող բեռ­նա­տար­նե­րը հա­սան Հա­լէ­պի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մօտ։ Ներ­կայ էին Ա­ռա­քե­լա­կան, Կա­թո­լիկ եւ Բո­ղո­քա­կան հա­մայնք­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րը ու Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­նե­րէն Ժի­րայր Րէի­սեան, տեղ­ւոյն հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու, կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Բնա­կա­նա­բար, այն­տեղ էին նաեւ Հա­լէ­պի մօտ Հա­յաս­տա­նի ա­ւագ հիւ­պա­տոս Տիգ­րան Գէոր­գեան եւ Սու­րիա­հա­յու­թեան եւ շտա­պօգ­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման մարմ­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։

Հա­յաս­տա­նէն Սու­րիա ու­ղար­կուած է սննդամ­թերք, անձ­նա­կան մաք­րու­թեան նիւ­թեր, ձմեռ­նա­յին հա­գուստ­ներ, վեր­մակ­ներ եւ այլն։ Բեռ­նե­րուն վրայ գրուած է հե­տե­ւեա­լը. «Խա­ղա­ղու­թեան ջերմ մաղ­թանք­նե­րով Հա­յաս­տա­նէն՝ Սու­րիոյ եղ­բայ­րա­կան ժո­ղո­վուր­դին»։

Միւս կող­մէ, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա նա­խըն­թաց օր անդ­րա­դար­ձաւ Սու­րիա­յէն տե­ղա­ցի հա­յե­րու ռու­սա­կան կող­մի ա­ջակ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տան փո­խադ­րու­թեան վար­կա­ծին։ Ռուս բան­բե­րը ար­տա­յայ­տուե­ցաւ պատ­րաս­տա­կամ ո­ճով եւ ը­սաւ, թէ բա­ցար­ձա­կա­պէս բնա­կա­նոն ըն­թա­ցա­կար­գով մը կա­րե­լի է նման կազ­մա­կեր­պու­թեան մը հա­մար ցոյց տալ ա­ջակ­ցու­թիւն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016