ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՆԱՏԻԱ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ՝ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ԼՐՄԱՆ ԱՌԹԻՒ
Նորոգ հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլ, որու անժամանակ կորուստը խոր ցաւ եւ յուզում պատճառած է մեր ամբողջ համայնքին, երէկ վերյիշուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Ողբացեալ Նատիա Կիւլմէզկիլ ոգեկոչուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, երէկ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ օրուան քարոզին մէջ ալ անդրադարձաւ հանգուցեալի բարի յիշատակին։ Նորին Սրբազնութիւնը նշեց, որ ողբացեալ Նատիա Կիւլմէզկիլ մեր համայնքին կողմէ կ՚ընկալուէր իբրեւ հեզութեան ու համեստութեան կերպար։ Ան այս առթիւ անգամ մը եւս Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը մաղթեց իր ամուսնոյն՝ յայտնի համայնքային բարերար եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ համայն ընտանիքին։ Հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած՝ հանգուցեալի հոգւոյն ի հանգիստ։
Յետմիջօրէին, հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլ ոգեկոչուեցաւ նաեւ իր շիրմին մօտ։ Շիշլիի գերեզմանատան իր հողակոյտին վրայ մասնաւոր հոգեհանգստեան կարգ մը կատարուեցաւ, ձեռամբ՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Իր յիշատակին առջեւ իրենց խոնարհումը բերին ողբացեալին հոծ թիւով սիրողները, որոնք յուզումնախառն զգացումներով աղօթեցին իր հոգւոյն հանգստութեան համար, միանալով ընտանիքի անդամներուն կողմէ առ Աստուած առաքուած մաղթանքներուն՝ որպէսզի Նատիա Կիւլմէզկիլի յաւիտենական նենջը ըլլայ անդորր։ Այս մթնոլորտին մէջ, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանն ալ ամփոփ խրատական մը խօսելով՝ թարգման հանդիսացաւ բոլոր ներկաներու զգացումներուն եւ հանգուցեալի բարոյական ներկայութեան, վառ յիշատակի նկատմամբ յարգանքի տրամադրութիւններուն։ Ողբացեալ Նատիա Կիւլմէզկիլի՝ սպիտակ մեխակներով զարդարուած մեծադիր դիմանկարին բոլորը նայեցան՝ իսկապէս անգամ մը եւս դժուարանալով հաւատալ անոր յաւերժ հրաժեշտին։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եւ Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբերու անդամներու խառն կազմին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։
Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, բոլոր ներկաները հերթական անգամ իրենց բարոյական զօրակցութիւնը յայտնեցին Տիգրան Կիւլմէզկիլին եւ համայն ընտանիքին համար։