ՍԻՍԻ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը դէպի Հիւսիսային Ամերիկա ձեռնարկած իր ուղեւորութեան շրջագծով Մոնրէալի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի Անթիլիասին վերադարձուելու պահանջով բացուած դատին շուրջ։ Նորին Սրբութիւնը տեսակցեցաւ Տքթ. Փայամ Ախավանի հետ, որ Անթիլիասի կողմէ այս դատին համար շարժման յանձնուած իրաւաբաններու խումբի գլխաւոր պատասխանատուն է։ Խորհրդակցութեան ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն իրաւաբան Վահէ Եագուպեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան եւ Անթիլիասի Տեղեկատուութեան բաժանմունքի վարիչ Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման շուրջ բացուած դատի ընդհանուր ընթացքին շուրջ հարցեր, ինչպէս նաեւ շօշափուեցան այս գործընթացի յառաջիկայ հանգրուանները՝ իրենց իրաւական ու պատմական երեսակներով։
Անթիլիասի աղբիւրները հաղորդեցին, որ յառաջիկայ Հոկտեմբերի 21-ին Ժընեւի մէջ նախատեսուած է ընդլայնուած կազմով խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն պիտի մասնակցին այս յանձնախումբի թէ՛ հայ եւ թէ օտար բոլոր անդամները։