ՇԵՄՏԻՆԼԻԻ ՄԷՋ 18 ՆԱՀԱՏԱԿ
Թուրքիա շաբաթավերջին խոր ցաւ եւ յուզում ապրեցաւ ահաբեկչական դէպքի մը հետեւանքով։ Երէկ առաւօտեան ժամերուն Հաքքեարիի Շեմտինլի գաւառակէն հասած լուրերը սուգի մատնեցին երկիրը։ Այսպէս, անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը Շեմտինլիի մէջ յարձակում մը գործեց ոստիկան զօրաց պահակակէտին վրայ։ 5 թոն պայթուցիկով ծանրաբեռնուած ինքնաշարժով մը կատարուեցաւ յարձակումը, որու հետեւանքով 18 հոգի նահատակուեցաւ։ Նահատակներուն 10-ը զինուոր է։ 27 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ այս տմարդի յարձակման հետեւանքով։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան դէպքէն վերջ յայտարարեց, որ պետութիւնը վճռած է ամէն տեսակ նախազգուշական միջոց ձեռք առնելու ահաբեկչութեան դէմ։ Իր կարգին, կառավարութեան բանբերը՝ Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշն ալ յայտնեց, թէ Թուրքիա անձնատուր պիտի չըլլայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն։