Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ։ Ան Նիւ Եորքի մէջ կը մասնակցի «Հայաստան» ներդրումային համաժողովին, որ կը սկսի այսօր եւ որուն հրաւիրուած են տնտեսութեան զանազան ոլորտներէ յառաջատար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, մասնագէտներ, միջազգային ելմտական կառոյցներէն դէմքեր եւ շուրջ հարիւր միջազգային ներդնողներ։
Այցելութեան շրջագծով Սարգսեան կ՚ունենայ նաեւ երկկողմանի հանդիպում մը։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016