ԶԳՈՒՇԱՆԱԼ ԱՅԴՊԻՍԻՆԵՐԷՆ…

Մարդ, կեան­քի ըն­թաց­քին, բնա­կա­նա­բար կը դի­մա­ւո­րուի զա­նա­զան ան­ձե­րու հետ, այ­սինքն զա­նա­զան բնա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հետ։ Մարդ քա­նի որ կ՚ապ­րի հա­ւա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին կեանք, ու­րեմն պար­տա­ւոր է հան­դուր­ժե­լու այդ տար­բեր բնա­ւո­րու­թեան տէր մար­դոց, ու­զէ կամ չու­զէ։

Սա ա­նու­րա­նա­լի ի­րո­ղու­թիւն մըն է՝ թէ ա­մէն մար­դու բնա­ւո­րու­թիւն կա­րե­լի չէ որ յար­մա­րու­թիւն ցոյց տայ ի­րա­րու, հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­նայ ան­պայ­ման, եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս տեղ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ստա­նայ հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը։

Հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը մա­սամբ դիւ­րա­տար կ՚ը­նէ ըն­կե­րա­յին կեան­քը, բայց հան­դուր­ժո­ղու­թիւնն ալ չափ մը, սահ­ման մը ու­նի։ Ա­մէն մար­դու տա­րո­ղու­թիւ­նը տար­բեր է հան­դուր­ժո­ղու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Զօ­րա­ւոր ջի­ղեր ու­նե­նա­լու է մարդ, եւ կա՛մք, որ­պէս­զի կա­րե­նայ տո­կալ եւ կա­րե­նայ հան­դուր­ժել այն մար­դոց՝ ո­րոնք հա­կա­ռա՛կ կը խոր­հին եւ հա­կա­ռա՛կ կը գոր­ծեն իր հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն, իր սկզբունք­նե­րուն։

Ի՜նչ դժուար, ո՜ր­քան ան­տա­նե­լի է ապ­րիլ այն­պի­սի մար­դոց հետ, որ ինք­նա­մոլ են, կը կար­ծեն, թէ միա՛յն ի­րենց հա­ւա­տա­լիք­նե­րը շի­տակ են եւ կ՚ու­զեն տի­րա­պե­տել ի­րենց անս­տոյգ գա­ղա­փար­նե­րով, ան­կա­յուն սկզբունք­նե­րով։ Ար­դա­րեւ «ճշմար­տու­թիւն»ը մէ՛կ է, զայն դի­տե­լու եւ տես­նե­լու տե­սան­կիւն­նե­րը, տե­սա­կէտ­նե­րը, հա­մո­զում­նե­րը կը տար­բե­րին։ Եւ ո՜ր­քան դիւ­րին է հաս­նիլ ճշմար­տու­թեան, բայց զայն կը դժուա­րաց­նեն մար­դիկ, պար­զա­պէս ի­րենք զի­րենք պար­տադ­րե­լու, տի­րա­պե­տե­լու հա­մար ու­րիշ­նե­րու վրայ։ Այս ի­մաս­տով դժուա՛ր է ապ­րիլ, դժուա՛ր է հա­մա­ձայ­նիլ եւ դժուա՛ր է զի­րար հասկ­նալ եւ դժուա՛ր՝ ճշմար­տու­թեան հաս­նիլ։

Մարդ մը, կը հարց­նէ օր մը ի­մաս­տու­նի մը. «Ամ­բողջ կեան­քիս ըն­թաց­քին միշտ հա­րուած ստա­ցայ մար­դոց­մէ, ա­մէն մարդ ապ­տակ մը զար­կաւ ե­րե­սիս։ Ի՞նչ կը յանձ­նա­րա­րէք որ ա­զա­տիմ այդ ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րէն»։­

Ի­մաս­տու­նը կը պա­տաս­խա­նէ. «Զգու­շա­ցիր այդ­պի­սի­նե­րէն՝ ո­րոնք կը զգաս որ պի­տի հա­րուա­ծեն, պի­տի ապ­տա­կեն քեզ»։

­Մար­դը կը հարց­նէ. «Բայց ի՞նչ­պէս»։

«Պարզ է», կը պա­տաս­խա­նէ ի­մաս­տու­նը. «Հե­ռու կե­ցիր եւ հե­ռա­ւո­րու­թիւն պա­հէ քեզ հա­րուա­ծե­լու հա­ւա­նու­թիւ­նը ու­նե­ցող ան­ձե­րու հետ եւ մի­ջոց մը դիր ա­նոնց ու քու մի­ջեւ, այն­պէս որ ա­նոնց ապ­տա­կը չկա­րե­նայ հաս­նիլ քե­զի…»։ Եւ ի­մաս­տու­նը ի՛նքն ալ կը սկսի իր յանձ­նա­րա­րու­թիւ­նը կա­տա­րել այդ պա­հէն սկսեալ եւ յանձ­նա­րա­րու­թիւն ստա­ցողն ալ գոհ կը մեկ­նի։

Ա­յո՛, սի­րե­լի­ներ, մի­ջոց պա­հել, հե­ռա­ւո­րու­թիւն մը ստեղ­ծել կա­րե­ւոր է ա­նոնց հա­մար, որ կը դժգո­հին ու­րիշ­նե­րու վա­րուե­լա­կեր­պէն, վե­րա­բեր­մուն­քէն ի­րենց հան­դէպ։

Ա­մէն մար­դէ նոյն վար­մուն­քը սպա­սել կա­րե­լի չէ, ա­մէն մար­դէ գո­վա­սանք լսել, գնա­հա­տուիլ կա­րե­լի չէ, քա­նի որ ա­մէն մար­դու աշ­խար­հա­յեաց­քը նոյ­նը չէ, ճա­շա­կը կրնայ տար­բեր ըլ­լալ եւ նաեւ ըմբռ­նե­լու կեր­պը, տա­րո­ղու­թիւ­նը։

Բայց կան նաեւ մար­դիկ, ո­րոնք քննա­դա­տե­լու չա­փա­զանց եւ եր­բեմն ախ­տա­ւոր սո­վո­րու­թիւն մը ու­նին։ Ա­նոնք ա­մէն ինչ, ա­մէն անձ կը քննա­դա­տեն, պար­զա­պէս քննդա­տած ըլ­լա­լու հա­մար, եւ կամ գիտ­նալ ձե­ւաց­նե­լու հա­մար ա­մէն բան…։

Եւ մարդ ե­թէ չի կրնար հան­դուր­ժել այդ­պի­սի­նե­րուն, ա­պա ու­րեմն պէտք է զգու­շա­նայ, պէտք է հե­ռա­ւո­րու­թիւն պա­հէ ա­նոնց եւ իր մի­ջեւ։ Ը­սինք, հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը զօ­րա­ւոր կամք, զօ­րա­ւոր ջիղ կը պա­հան­ջէ, եւ ե­թէ այս ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը կը պակ­սին, ու­րեմն նպաս­տա­ւոր է հե­ռու մնալ այդ­պի­սի­նե­րէն։

Բայց ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ այդ­քան ալ դիւ­րին չէ գոր­ծադ­րել ա­սի­կա։ Մարդ իր դիր­քին, ըն­կե­րա­յին աս­տի­ճա­նին կամ պաշ­տօ­նին բեր­մամբ ե­թէ պար­տա­ւոր է գոր­ծակ­ցիլ այդ­պի­սի­նե­րու հետ, ա­հա­ւա­սիկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ստա­նայ ան­գամ մը եւս հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը եւ ին­չո՞ւ չէ, զգու­շու­թիւ­նը, խո­հե­մու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւանդ հնա­րամ­տու­թեամբ ձեռք բե­րուած նա­խա­մի­ջոց­նե­րը կրնան օգ­նել եւ մա­սամբ դիւ­րա­տար ը­նել վնա­սուած փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւ­նը։

Եւ երբ կը դի­տենք մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, կը տես­նենք, թէ ո՜ր­քան ի­րա­ւա­ցի է այն հա­մո­զու­մը, թէ՝ կեան­քը պայ­քա՛ր մըն է։

Պայ­քար մը՝ նախ մար­դուն ինքն ի­րեն դէմ եւ յե­տոյ իր նման­նե­րուն հետ՝ մտա­ւոր, հո­գե­ւոր պայ­քար մը՝ ան­վերջ, ան­հե­տե­ւանք մա­քա­ռո՜ւմ մը։ Ին­չո՞ւ։ Քա­նի որ ա­մէն մէ­կը կը կար­ծէ եւ կը պնդէ՝ թէ ի՛նք ի­րա­ւա­ցի է…։

Բայց եր­կու հո­գի, որ տար­բեր հա­մո­զում ու­նի նոյն ի­րո­ղու­թեան նկատ­մամբ, ա­նոնց­մէ միայն մին ի­րա­ւա­ցի է եւ միւ­սը սխա՛լ, քա­նի որ «ճշմար­տու­թիւն»ը մէկ է՝ կա՛մ մէ­կը, կա՛մ միւ­սը, եր­կու­քէն միայն մէ­կը ճիշդ է։

Եւ զգու­շա­նալ պէտք է ա­նոնց­մէ՝ ո­րոնք ա­ռանց խոր­հե­լու, ա­ռանց դա­տե­լու կը յա­մա­ռին, կը պնդեն, թէ ի­րենց տե­սա­կէ­տը ճիշդ է։

Այս ի­մաս­տով վի­ճիլն ալ ա­րուեստ մըն է, որ ցոյց կու տայ վի­ճող­նե­րուն մտա­յին եւ բա­րո­յա­կան մա­կար­դա­կը եւ նկա­րագ­րի ստու­գա­նի­շը կ՚ըլ­լայ։ Զա­նա­զան հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­ներ, կա­րե­լիու­թիւն­ներ ա­ռանց նկա­տի ու­նե­նա­լու ճշմար­տու­թեան հաս­նիլ կա­րե­լի չէ՛։ Ուս­տի ո՛չ մէկ բան տես­նուա­ծին պէս է, ինչ­պէս ո՛չ մէկ խա­ւար տես­նուա­ծին չափ մութ է, ան­պայ­ման ա­նոր մէջ լոյ­սի նշոյլ մը, շող մը կը գտնուի, նաեւ ո՛չ մէկ չար կար­ծուա­ծին չափ չար է, ա­մէն չա­րի մէջ, ան­պայ­ման կա՛յ բա­րի նկա­րա­գիր մը, եւ ո՛չ մէկ «տգէտ» այն­քան տգէտ է, քա­նի որ ա­մէն ապ­րող նուա­զա­գոյն փոր­ձա­ռու­թիւն մը ստա­ցած է կեան­քէն, եւ ան­պայ­մա՛ն գի­տէ բան մը՝ որ կրնան չգիտ­նալ «ա­մե­նա­գէտ» կար­ծուած­նե­րը…։

Այս պատ­ճա­ռով պէտք է հան­դուր­ժող ըլ­լայ մարդ, եւ նաեւ՝ զգու­շա­ւոր, ու­շա­դիր եւ խո­հե՛մ։

Վեր­ջաց­նենք Յի­սու­սի խօս­քե­րով.

«Ա­պա Յի­սուս ժո­ղո­վուր­դին եւ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն ը­սաւ.

«Մով­սէ­սի ա­թո­ռը նստան Օ­րէն­քի ու­սու­ցիչ­ներն ու Փա­րի­սե­ցի­նե­րը։ Ի­րենց ը­սած­նե­րուն հնա­զան­դե­ցէք եւ կա­տա­րե­ցէք զա­նոնք. սա­կայն մի՛ ը­նէք ինչ որ ի­րենք կ՚ը­նեն. ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք կը սոր­վեց­նեն, բայց չեն կա­տա­րեր։ Ա­նոնք ծանր եւ դժուա­րին, դժուա­րա­կիր բեռ­ներ կը դնեն մար­դոց ու­սե­րուն, մինչ ի­րենք նոյն բեռ­նե­րը կրե­լու նուա­զա­գոյն ճիգն իսկ չեն ը­ներ։ Ի՛նչ որ կ՚ը­նեն, մար­դոց ե­րե­ւե­լու հա­մար կ՚ը­նեն։ Ի­րենց գրա­պա­նակ­նե­րը կը լայնց­նեն եւ ի­րենց հա­գուստ­նե­րուն ծո­պե­րը կ՚երկնց­նեն։ Ընթ­րիք­նե­րու ըն­թաց­քին պա­տուոյ տե­ղե­րը գրա­ւել կը սի­րեն եւ ժո­ղո­վա­րան­նե­րու մէջ՝ ա­ռա­ջին ա­թոռ­նե­րը։ Կը սի­րեն հրա­պա­րակ­նե­րու վրայ մար­դոց­մէ բա­րեւ­ներ ըն­դու­նիլ, եւ -վար­դա­պետ-, այ­սինքն -ու­սու­ցիչ- կո­չուիլ։ Բայց դուք ոե­ւէ մէ­կը վար­դա­պետ մի՛ կո­չէք, ո­րով­հե­տեւ դուք բո­լորդ եղ­բայր­ներ էք եւ մէկ ու­սու­ցիչ ու­նիք։ Երկ­րի վրայ ոե­ւէ մէ­կը -հայր- մի՛ կո­չէք, ո­րով­հե­տեւ դուք մէկ Հայր ու­նիք, որ եր­կին­քի մէջ է։ -Ա­ռաջ­նորդ- մի՛ կո­չուիք, ո­րով­հե­տեւ ձեր միակ ա­ռաջ­նոր­դը Քրիս­տոսն է։ Ձեր մէ­ջէն մէ­կը՝ որ մեծ է, թող ձեր սպա­սա­ւո­րը ըլ­լայ։ Ով որ իր ան­ձը կը բարձ­րաց­նէ՝ պի­տի խո­նար­հի, եւ ով որ իր ան­ձը կը խո­նար­հեց­նէ՝ պի­տի բարձ­րա­նայ» (ՄԱՏԹ. ԻԳ 1-12)։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Սեպ­տեմ­բեր 29, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016