ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՑԱՆՑԸ ՊԻՏԻ ՄԻԱՆԱՅ «ՖՐԱՆՍ ԱԼԻՒՄՆԻ» ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՑԱՆՑԻՆ
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ եւ Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանի վերատեսուչ Ժան-Մարք Լաւեստ վերջերս հանդիպում մը ունեցան վերոյիշեալ համալսարանի աւելի քան երկու հարիւր շրջանաւարտներուն հետ։ Ֆրանսական դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Շարփանթիէ եւ Լաւեստ։ Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանը հիմնուած է 1995 թուականին եւ այդ շրջանէն ի վեր առաջին անգամ ընթացաւարտներու հաւաք մը տեղի ունեցաւ այս մակարդակով։ «Իր գոյութեան տասնհինգ տարիներուն ընթացքին համալսարանը տուած է 1456 շրջանաւարտ։ Դուք ձեւաւորած էք հաւաքականութիւն մը, որ կը նպաստէ Հայաստանի մէջ ֆրանսական մտածելակերպի տարածման», ըսաւ դեսպան Շարփանթիէ։ Յառաջիկայ շրջանին Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանի շրջանաւարտներու ցանցը պիտի միանայ «Ֆրանս Ալիւմնի» համաշխարհային ցանցին։ Այս վերջինը Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ստեղծուած Ֆրանսական համալսարաններու շրջանաւարտներու համաշխարհային ցանց մըն է։ 2015 թուականին ձեւաւորուած «Ֆրանս Ալիւմնի» ցանցը ներկայիս արդէն ունի շուրջ 36 հազար անդամ։
Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանը իր շրջանաւարտներուն կու տայ ֆրանսական վկայականներ՝ իրաւաբանութեան, ելմտագիտութեան եւ կառավարման մասնագիտութիւններու մէջ։ Ան այս տարի ունի 1100 ուսանող։ Աշխատաշուկայէն ներս այս համալսարանի շրջանաւարտներու ներգրաւման միջին տոկոսը կը կազմէ 81.4։ Նախկին բազմաթիւ շրջանաւարտներ այսօր բարձր պաշտօններու գլուխ կը գտնուին Հայաստանի զանազան պետական կառոյցներէ եւ խոշոր ձեռնարկութիւններէ ներս։
Օտարերկրացի ուսանողներու թիւով Ֆրանսա աշխարհի վրայ երրորդ երկիրն է։ Հայ ուսանողներու թիւին առումով ան երկրորդ երկիրն է Եւրոպայի մէջ։ Վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին 900 հայ ուսանողներ արձանագրուած են զանազան ֆրանսական համալսարաններ։