ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ
Չաղլայանի մէջ Իսթանպուլի Արդարադատութեան պալատէն ներս երէկ շարունակուեցաւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձին վերաբերեալ հերթական դատավարութիւնը։ 35 մեղադրեալով այս գործի 15-րդ դատական նիստին ցուցմունքներով հանդէս եկաւ Անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան լրաքաղութեան բաժանմունքի վարիչ Էնկին Տինչ։ Այս վերջինը ոչ-կալանաւորեալ մեղադրեալներու շարքին է։ Էնկին Տինչ յայտնեց, թէ Թրապզոնի Անվտանգութեան տնօրէնութեան լրաքաղութեան բաժինը գլխաւորած շրջանին՝ Հրանդ Տինքի դէմ պատրաստուած մահափորձին մասին տեղեկացուցած էին նոյնիսկ տակաւին մտայղացման փուլին։
Մինչ այդ, երէկուան դատավարութենէն առաջ «Հրանդի ընկերները»ն ալ կատարեցին իրենց հերթական ցոյցը՝ պահանջելով արդարութիւն։