ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԷՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի մօտ կ՚ամրապնդուի ամենաթողութեան զգացումը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մօտեցման պատճառով։ News.am կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ փոխ-նախարարը ընդգծեց, որ համանախագահները երկար ժամանակէ ի վեր կը հանդուրժեն Իլհամ Ալիեւի սադրիչ հռետորաբանութեան եւ գործելաոճին։ Այս իսկ պատճառով Ալիեւի մօտ կ՚ամրապնդուի ամենաթողութեան զգացումը եւ Պաքու աւելի կը սաստկացնէ իր անարգալից կեցուածքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու եւ անոնց առաջարկներուն դէմ։
Շաւարշ Քոչարեանի խօսքերով, Ատրպէյճան ոչ միայն կը հրաժարի կեանքի կոչելէ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն բանակցութիւններու յառաջ մղման համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման նպատակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, այլեւ փաստացի կը մերժէ հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման՝ համանախագահ երկիրներու կողմէ առաջարկուած հիմնարար սկզբունքները։
Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանին բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան յայտարարեց, որ միջազգային հանրութիւնը լիակատար կը պատկերացնէ, թէ առանց Արցախի ճանաչման պիտի չլուծուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան հակամարտութեան կարգաւորման հասնելու բանալին կը տեսնէ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը։ Դաւիթ Պապայեան այս խօսքերը ըսած է՝ անդրադառնալով Ալիեւի այն խոստովանութեան, թէ փակ դռներու ետին իր վրայ միջազգային ճնշում կը գործադրուի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման համար։ «Ինչքան շուտ Ատրպէյճան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը՝ առանց որեւէ նախապայմանի, այնքան դիւրին պիտի ըլլայ հակամարտութեան լուծումը», ըսաւ բանբերը եւ աւելցուց, թէ Պաքու կը շարունակէ իր ապակառուցողական, նացիական քաղաքականութիւնը եւ կ՚ուզէ արդիւնքի հասնիլ վերջնագրերով։ Երբ Ալիեւ կը խօսի նման ճնշումներու մասին՝ սա կը նշանակէ, որ միջազգային հանրութիւնը արմատականօրէն վերատեսութեան կ՚ենթարկէ իր մօտեցումները ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ։ Պաքու այլեւս չի յաջողիր քօղարկել, որ միջազգային հանրութիւնը հակուած է Արցախի ճանաչման անհրաժեշտութեան։