ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նին շնոր­հուե­ցաւ մա­գիստ­րո­սու­թեան մա­կար­դա­կով բարձ­րա­գոյն ու­սուց­ման ի­րա­ւունք։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նը ու­նի հա­մալ­սա­րա­նի կար­գա­վի­ճակ, իսկ հի­մա ար­դէն այդ կար­գա­վի­ճա­կը բարձ­րա­ցած է՝ մա­գիստ­րո­սու­թեան ու­սուց­ման ի­րա­ւուն­քով։

Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի Կո­մի­տա­սեան դահ­լի­ճին մէջ վեր­ջերս այս ի­րա­ւուն­քի շնորհ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ մաս­նա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րուն ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան։ Բա­ցու­մին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Տ. Գա­րե­գին Վրդ. Համ­բար­ձու­մեան, որ այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րեց հաս­տա­տու­թեան կրթա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցին տե­սա­կէ­տէ։ Ա­ւե­լի վերջ, Հա­յաս­տա­նի Բարձ­րա­գոյն ո­րա­կա­ւոր­ման յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Լի­լիթ Ար­զու­մա­նեան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին յանձ­նեց Լե­ւոն Մկրտչեա­նի կող­մէ հաս­տա­տուած՝ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նէ ներս Մաս­նա­գի­տա­կան խոր­հուր­դի կազ­մի տե­ղե­կա­գի­րը, գի­տա­կան մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու ա­նուա­նա­ցան­կը եւ կա­նո­նա­կար­գե­րը։ Լի­լիթ Ար­զու­մա­նեան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը պի­տի նպաս­տէ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հե­տա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան։

Շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Լե­ւոն Մկրտչեան, որ ընդգ­ծեց, թէ ճե­մա­րա­նի կեան­քէն ներս սա կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մըն է։ «Մենք կը գտնուինք հաս­տա­տու­թե­նէ մը ներս, ուր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ, մեր պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի այս փոքր հա­տուա­ծին մէջ սկսաւ մաս­նա­գի­տա­կան կրթու­թեան դա­սա­ւան­դու­մը։ Եւ ես իմ ե­րի­տա­սար­դու­թեան տա­րի­նե­րէն կը յի­շեմ, թէ նոյ­նիսկ խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ինչ մեծ պա­տիւ մըն էր այս­տեղ դա­սա­ւան­դե­լը։ Ընտ­րեալ­նե­րը կու գա­յին այս­տեղ դա­սա­ւան­դե­լու եւ հպար­տու­թեամբ կը նշէին այդ բա­նը, ո­րով­հե­տեւ այս­տեղ է, որ ան­թե­ղուած է հայ տե­սա­կի ո­րա­կը», ը­սաւ նա­խա­րա­րը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին՝ կրթու­թեան, գի­տու­թեան ու հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան նկատ­մամբ ա­նոր կող­մէ ըն­ծա­յուած մեծ ու­շադ­րու­թեան հա­մար։

Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ազ­գա­յին եր­գե­րու կա­տա­րում­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի երգ­չա­խում­բը՝ վաս­տա­կա­ւոր ա­րուես­տի գոր­ծիչ Յա­րու­թիւն Թո­փի­կեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։

Հան­դի­սու­թիւ­նը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Նո­րին Սրբու­թեան օրհ­նու­թեան խօս­քով։ Ան այս առ­թիւ ը­սաւ. «Մեր լու­սա­միտ, ե­րա­նաշ­նորհ Գէորգ Դ. Հայ­րա­պե­տի տե­սիլ­քով ու ան­խոնջ ջան­քե­րով հաս­տա­տուե­ցաւ այս հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թիւ­նը՝ նպա­տակ հե­տապն­դե­լով, որ ե­կե­ղե­ցա­կան մեր կեան­քէն ներս բա­րի ա­ւան­դոյթ­նե­րը վե­րա­կանգ­նուին եւ այս հաս­տա­տու­թե­նէն ներս կրթուին, դաս­տիա­րա­կուին ար­ժա­նա­ւոր ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ ու հա­յոր­դի­ներ։ Այս հաս­տա­տու­թեան նշա­նա­բանն էր՝ ա­ռա­ջին հեր­թին կրթել ար­ժա­նա­ւոր հայ մարդ, հայ ան­հատ եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պատ­րաս­տել ար­ժա­նա­ւոր հայ ե­կե­ղե­ցա­կան։ Եւ այս հաս­տա­տու­թիւ­նը մեր ազ­գա­յին կեան­քէն ներս իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցուց փառ­քով ու պա­տուով։ Բա­զում մե­ծա­նուն մտա­ւո­րա­կան­ներ դուրս ե­կան այս հաս­տա­տու­թե­նէն եւ ի­րենց կա­րե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւ­նը բե­րին ազ­գա­յին մեր կեան­քին։ Նաեւ՝ ար­ժա­նա­ւոր ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ, ո­րոնք ե­կան հո­գե­ւոր կեան­քը պայ­ծա­ռաց­նե­լու, մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­ւատ­քը լու­սա­ւո­րե­լու, ա­նոր ըն­թաց­քը հա­ւա­տար­մու­թեան մէջ պա­հե­լու մեր հայ­րե­րու սրբա­զան հա­ւատ­քին»։

Ա­ղօթ­քով յի­շե­լով ճե­մա­րա­նի ջա­հը մշտա­վառ պա­հած բո­լոր ե­րախ­տա­ւոր­նե­րը՝ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը գո­հու­նա­կու­թեամբ ար­ձա­նագ­րեց, որ այ­սօր ան­կախ Հա­յաս­տա­նի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, այս կրթօ­ճա­խը նոր ուժգ­նու­թեամբ կը շա­րու­նա­կէ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար հասց­նե­լով հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ար­ժա­նի սե­րունդ մը։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ մա­գիստ­րո­սա­կան մա­կար­դա­կով կրթու­թեան ի­րա­ւուն­քի շնոր­հու­մը Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նին ոչ միայն խրա­խոյս պի­տի ըլ­լայ ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րու եւ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու հա­մար, այլ նաեւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան աս­տի­ճա­նի բարձ­րա­ցում մը պի­տի դառ­նայ, որ­պէս­զի ճե­մա­րա­նի յար­կէն ներս կեր­տուի գիտ­նա­կան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու սե­րուն­դը՝ աս­տուա­ծա­բա­նա­կան զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րու մէջ զօ­րաց­նե­լու եւ զար­գաց­նե­լու հայ հո­գե­ւոր միտ­քը։ Այս նշա­նա­կա­լի ի­րա­դար­ձու­թեան առ­թիւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեա­նին յայտ­նեց իր գնա­հա­տան­քը՝ Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած մշտա­կան զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար։ Ան նաեւ իր հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցեց Լի­լիթ Ար­զու­մա­նեա­նին եւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պատ­կան բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ իր գնա­հա­տան­քը ար­տա­յայ­տեց ճե­մա­րա­նի տես­չու­թեան եւ դա­սա­խօս­նե­րուն նկատ­մամբ։ Ան ճե­մա­րա­նի սա­նե­րուն յոր­դո­րեց ա­մէն ջանք գոր­ծադ­րել՝ գիտ­նա­կան ե­կե­ղե­ցակն­նե­րու տե­սիլ­քը ի­րա­կա­նաց­նող­նե­րը դառ­նա­լու հա­մար։

Հան­դի­սու­թիւ­նը ա­ւար­տին հա­սաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ա­ղօթ­քով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016