ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՐԵՒԱՆԻ «ԹՈՒՄՕ» ԿԵԴՐՈՆԷՆ ՀԻՒՐ ՄԸ

Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի «ԹՈՒ­ՄՕ» կեդ­րո­նէն ժա­մա­նած մաս­նա­գէտ մը՝ Սու­զան­նա Գալս­տեա­ն։ «ԹՈՒ­ՄՕ»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեա­նի եւ փոխ-տնօ­րէն Դա­ւիթ Խա­չատ­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Ներ­կայ էին նաեւ Ար­թօ եւ Դա­լար Հո­րո­զօղ­լու­նե­րը, ո­րոնք կը գլխա­ւո­րեն դպրո­ցի կա­մա­ւոր հո­գա­բար­ձու­նե­րը։

Սու­զան­նա Գալս­տեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը փոր­ձա­գի­տա­կան զա­նա­զան վար­ժու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցին, ինչ որ ի­րենց տե­սա­կէ­տէ թէ՛ հե­տաքրք­րա­կան էր եւ թէ օգ­տա­կար։ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը «ԹՈՒ­ՄՕ»ի մաս­նա­գէտ­ի ներ­կա­յու­թեան ե­զա­կի հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն օգ­տուե­լու ա­ռիթ ըն­ձե­ռած էր նաեւ իս­թան­պու­լա­հայ միւս հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար։ Այս­պէս, մեր զա­նա­զան միջ­նա­կար­գե­րէն ա­շա­կերտ­ներ հա­մախմ­բուե­ցան «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ, ուր հե­տե­ւե­ցան ու մաս­նա­կից դար­ձան Սու­զան­նա Գալս­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած վար­ժու­թիւն­նե­րուն։  

Այս ծրա­գի­րը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ նաեւ, որ­պէս­զի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի սա­նե­րուն եւ հա­մայն­քա­յին միւս վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան մի­ջեւ ան­մի­ջա­կան շփման հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը ստեղ­ծուի, միաս­նա­բար ար­տադ­րե­լու եւ միաս­նա­բար սոր­վե­լու մի­ջա­վա­յին մէջ։

Սու­զան­նա Գալս­տեան եր­կու շաբ­թուան հա­մար ե­կած է քա­ղաքս։ Ան Ե­րե­ւա­նի «ԹՈՒ­ՄՕ» ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նի յայտ­նի մաս­նա­գէտ­նե­րէն մին է՝ մար­դա­մե­քե­նա­նե­րու (ռո­պոթ) պատ­րաս­տու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ Իր գլխա­ւո­րու­թեամբ մար­դա­մե­քե­նա­շի­նու­թեան աշ­խա­տանք կը տա­նին ա­շա­կերտ­նե­րը՝ ծրագ­րա­ւոր­ման փու­լէն սկսեալ մին­չեւ կա­ռու­ցու­մը։ Բա­ցի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նէն, մեր հա­մայն­քէն վեց կրթօ­ճախ­նե­րու ա­շա­կերտ­ներ եւս մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն այս նա­խագ­ծին։ Ա­նոնք են՝ Է­սաեան վար­ժա­րա­նը, Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նը, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նը, Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նը, Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րանն ու Գա­րա­կէօ­զեան Տու­նը։

Նա­խա­տե­սուած աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ւար­տին՝ յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րի 22-ին ա­շա­կերտ­նե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց տա­րած աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը ու պի­տի ջա­նան շարժ­ման ան­ցը­նել ի­րենց կող­մէ պատ­րաս­տուե­լիք մար­դա­մե­քե­նա­նե­րը։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016