ՔԸՐՄԸԶԵԱՆ ԱՄՈԼԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՍԵՂԱՆ՝ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս արքունի ճարտարապետաց Պալեան գերդաստանի անդամներու վերանորոգեալ կոթողային դամբարանի բացման արձագանգները կը շարունակուին։ Ծանօթ է, որ այդ շիրիմը վերակառուցուեցաւ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ, ինչպէս նաեւ «Հայճար»ի եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներդաշնակ համագործակցութեամբ։ Երկար ժամանակաշրջան մը տեւած այս աշխատանքները պսակուեցան դրական արդիւնքով մը, ինչ որ բնականաբար մեծ ուրախութիւն եւ բաւարարութիւն պատճառած է այս ծրագրին ներգրաւուած բոլոր կողմերուն։
Կը տեղեկանանք, որ անցեալ Կիրակի Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մեծարանքի սեղան մը սարքուեցաւ ի պատիւ Քըրմըզեան ընտանիքին։ Տէր եւ Տիկին Հրաչ Քըրմըզեան Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ «Հայճար»ի ներկայացուցիչներուն հետ մասնակցեցաւ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին։ Յաւարտ արարողութեան յարակից «Կիւլպէնեան» սրահի երդիքին տակ հիւրերը ճաշասեղանով մը մեծարուեցան Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանի եւ իր ընկերներուն կողմէ։ Ջերմ ու անմիջական մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուած ներկաները տօնախմբեցին իրենց համատեղ աշխատանքով ապահովուած ձեռքբերումը։
Բոլոր ներկաները բարձր գնահատանքով ու երախտագիտութեամբ արտայայտուեցան Քըրմըզեան ընտանիքի կողմէ ցուցաբերուած պատրաստակամութեան եւ զգայնութեան մասին։