Սայիտին Ուրախութիւնը
Իւրաքանչիւր Հալէպ ճամբորդութեան անպայման պէտք էր կանգ առնէինք Մաարա գիւղը` Հալէպէն առաջ եւ մօտաւորապէս 80 քիլօմեթր հեռու: Եւ ասիկա ձեւով մը անգիր օրէնք եղած էր, կամովի պէտք էր հոն կանգ առնէին` թէ՛ քիչ մը հանգստանալու եւ թէ՛ համտեսելու գիւղին համեղ ճաշերը եւ անուշեղէնները: Փոքր տարիքէս եւ մինչեւ չափահասութիւն` այս եղաւ մեր սովորութիւնը: Մաարա գիւղին հետ կը կամրջէի երկրորդական վարժարանի մէջ սորված արաբական գրականութեան մեծերէն` Ապու Ալա Մաարին: Սիրած էի այս բանաստեղծը եւ անոր հետ նաեւ կը սիրէի (ու տակաւին) անոր գիւղը:
Մաարա գիւղին ճաշարանները կը կոչուէին հանգիստի վայր, արաբերէնով` իսթիրահա: Այս ճաշարանները երբեք չունէին, այսպէս ըսած, բարձր մակարդակ եւ արդիականութիւն, աւելի՛ն, հոն կրնայիր տեսնել խոհանոցը ու մեզի հրամցուելու համար պատրաստուող ճաշերը: Հապա՞ լուացարանները եւ անոնց առընչակից բնութեան մէջ բացուող բաղնիքնե՞րը: Այս բոլորը աննկատ կը դառնային, այնքան ատեն երբ կար կերակուրը, որ համեղ էր: Բայց իրողութիւն էր նաեւ, որ անոնք` իսթիրահաները, հանգիստ վայր էին եւ կը հանգստացնէին մեզ:
Բայց կար տակաւին աւելին. մարդկային հաղորդականութիւնը, անոր ընդմէջէն ստեղծուած ջերմութիւնը: Վճարելու պահուն անպայման կար յանկերգը` «Խալի ալէյնա» (հաշիւը մեր վրայ): Ճիշդ է, որ ասիկա միայն խօսք էր, բայց նաեւ իրական է այն, որ թէեւ պիտի վճարէինք մեր կերակուրին հաշիւը, բայց կար այդ մարդկային կապը, թէկուզ` խօսքով, որուն ընդմէջէն կը զգայիր, թէ մարդը կը խօսի մարդուն հետ, եւ թէ ան իր խօսքին ճամբով կ՚արտայայտէ իր մարդկայնութիւնը:
Իմ քսանվեց երկար տարիներու ճամբորդական հեւքին մէջ չեմ տեսած նոյնանման արտայայտութիւն, նոյնիսկ երբ ան խօսքի սահմանը պիտի չանցնի:
Կը յիշեմ այս մարդկային ջերմութիւնը եւ այս բոլորը կ՚առընչեմ ներկային: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ այս ջերմ հոգին պիտի վերածուի այսօրուան ատելութեան ու, տակաւին, մահուան ու քանդումի:
Բայց կ՚ուզեմ անցնիլ, քանի Հալէպի մէջ ալ կայ իմ շատ մը յիշատակներուն շարքին այլ ջերմութիւն մը:
Հալէպի երկու պարտէզները` Մաշթալը եւ Սեպիլը: Պատանեկան օրերէս սկսած` իւրաքանչիւր այցելութեանս պէտք էր, որ անգամ մը մտնէի այս պարտէզները, եւ նկատի ունենալով, որ երկու պարտէզները կը գտնուէին հօրեղբօրս Հալէպի տան շրջակայքը, դժուար չէր այդ մէկը ընելը: Պարտէզները չունէին մասնաւոր բացառիկ գեղեցկութիւն մը, բայց ունէին կարեւոր յատկանիշ մը` հանգստութիւն, անոնք մարդուն ներաշխարհը կը հանգստացնէին ու կը մեղմէին ամէն տագնապ: Վերջապէս Հալէպին նկարագիրն էր այդ` հանգստացնող քաղաք, յատկութիւն մը, որ նաեւ կ՚ապրէր անոր պարտէզներուն մէջէն:
Ու դարձեալ իմ անհանգիստ հոգին: Ինչպէ՞ս կրնար այս հանգստացնող քաղաքը դառնալ այսքան անհանգիստ, ինքնիր ու տակաւին` աշխարհին համար:
Սեպիլ պարտէզին մէջ կային քանի մը փոքր վանդակներ, որոնց մէջ` սիրամարգ, նապաստակներ եւ կապիկներ, բայց մեր պատանեկան օրերու ներաշխարհին մէջ անոնք բաւարար էին, որ տարածքը կոչուէր կենդանաբանական պարտէզ, թէկուզ` քանի անասուններով:
Պիտի սպասէինք, որ սիրամարգը բարեհաճէր իր թաքստոցէն դուրս գալ ու բանար իր պոչը, եւ մենք հիանայինք անոր գեղեցիկ գոյներով: Փոքրիկ նապաստակները մէկը միւսը պիտի հալածէր, եւ մեզ պիտի զբաղցնէին: Ու տակաւին, երկու կապիկներ, որոնք կը նայէին մեր աչքերուն եւ կարծես կ՚ուզէին խօսիլ մեզի հետ: Այս բոլորը մեր պատանեկան օրերուն մեզի համար ուրախութիւն էր` պարզ, պզտիկ, աննշան, բայց` գեղեցիկ եւ ուրախ: Իւրաքանչիւր Հալէպ այցելութեանս պիտի ուզէի երթալ պարտէզ` տեսնելու համար նոյն այս աննշան վանդակներուն մէջ գտնուող երեք տեսակ անասունները: Ճիշդ է, որ աշխարհով մէկ այցելած էի հսկայ տարածքներու վրայ գտնուող կենդանաբանական անտառներ, ուր բնութեան եւ անասուններու հմայքը կը զգլխէ ու կ՚անցնի ամէն երեւակայութիւն, բայց չեմ գիտեր ինչո՛ւ, Հալէպի Սեպիլի պարտէզի այդ քանի մը անասունները այդքա՛ն ուրախ հետք ձգած են իմ հոգիին մէջ… Երեւի նոյն այս ջերմութի՞ւնն է, որ դրուած է յիշատակի անմար կրակին վրայ, մինչեւ այսօր, նոյնիսկ երբ քաղաքը աւերուած է:
Արդէն եղաւ աւելի քան ութ տարի, որ Հալէպ չեմ այցելած, բայց իմացայ եւ կարդացի, որ Սեպիլ պարտէզին մէջ կան տակաւին այդ վանդակները եւ անոնց մէջ` գէթ մէկ հատ կապիկ: Հետաքրքրական էր իմանալ, որ կապիկը անուանած են Սայիտ, որ արաբերէնով կը նշանակէ ուրախ: Քաղաքի մը մէջ, որ ուրախ չէ այս օրերուն…
Երեւի Սայիտը միշտ ալ ուրախացուցած է իր այցելուները, բան մը, որ զարմանալի չէ, քանի իւրաքանչիւր այցելութեանս միշտ ալ կապիկ սայիտները ուրախ տրամադրութիւն ստեղծած են նաեւ իմ մէջս: Բայց Հալէպի պատերազմէն ի վեր մարդիկ սկսած են նշմարել, թէ Սայիտը տխուր է: Եթէ մէկ կողմէ ան կորսնցուցած է իր կողակիցը, բայց կան նաեւ ռումբերը եւ քաղաքին ահաւոր վիճակը: Սայիտը ինք ալ կը վախնայ, ինք ալ տխուր է, ինչպէս` ամբողջ Հալէպը: Իր պզտիկ տնակէն դուրս չի գար, ոչ ալ կ՚ուզէ տեսնել զինք այցելողները:
Եւ հետաքրքրական էր իմանալ Սեպիլ պարտէզը այցելողներէն մէկուն զրոյցը. «Սայիտը առաջ շատ ուրախ էր, մեզ ալ կ՚ուրախացնէր: Պատերազմէն ի վեր տխուր է, պէտք է իր տունը` Ափրիկէ երթայ, որպէսզի գտնէ իր ուրախութիւնը»:
Սայիտը տխուր է եւ ուրախութիւն կը փնտռէ, եւ այդ ուրախութիւնը տուն վերադառնալուն մէջ է: Հապա՞ այդ միլիոնաւոր սուրիացի գաղթականները: Հոս, հոն եւ քիչ մը ամէն տեղ: Ե՞րբ է, որ անոնք ալ տուն պիտի վերադառնան եւ իրենց ուրախութիւնը գտնեն:
Չեմ գիտեր` Սայիտը ինչպէ՛ս դուրս պիտի գայ իր վանդակէն եւ վերադառնայ տուն` իր ուրախութիւնը գտնելու համար, չեմ ալ գիտեր, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս միլիոնաւոր սուրիացի թէ այլ գաղթականները պիտի վերադառնան իրենց տուները` գտնելու համար իրենց ուրախութիւնը: Ու Հալէ՞պը, որ ուրախ եւ հանգստացնող քաղաքն է, չեմ գիտեր ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս պիտի գտնէ իր անդորրութիւնը:
Բայց երեւի պէտք է համոզուիլ, որ ուրախութիւնը իրաւունքի նման կ՚առնուի եւ չի տրուիր, եւ թէ` մարդ պիտի տքնի, որպէսզի իր «տան» մէջ ուրախութիւն կերտէ, բայց նաեւ ուրախ պահէ, եւ աշխարհ աւելի լաւ տեղ մը ըլլայ ապրելու համար:
Մինչ այդ Սայիտը կը փնտռէ իր ուրախութիւնը, եւ նաեւ մարդիկ ու հաւաքականութիւններ` Հալէպէն սկսած ու աշխարհով մէկ տարածուած, անոնք ալ կ՚ուզեն տուն վերադառնալ եւ ուրախ ապրիլ:
Աստուած ստեղծեց աշխարհը` մարդուն համար անոր տունը եւ զայն «ԲԱՐԻ» որակեց, հոն, ուր մարդը պիտի կարենար ուրախ ապրիլ: Բայց մինչեւ ե՞րբ է, որ քաղաքական-տնտեսական ու տակաւին այլ միտք(եր)` մեկնելով այլ հաշուարկումներէ, պիտի սակարկեն նոյնինքն մարդուն շնորհուած այս ուրախ տունը:
Սայիտին ուրախութիւնը ստեղծագործութեան շնորհած ուրախութիւնն է, արժէ պահել զայն:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ