ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՊԱՍՏԱՆ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ տեղւոյն հայութեան կրած չարչարանքները կը շարունակուին։ Բառին բուն իմաստով դժոխքի վերածուած երկրէն խոյս տալով երէկ Հայաստանի մէջ ապաստան գտաւ Գալուստեաններու ընտանիքը։ Այսպէս, հերթական անգամ սուրիահայ ընտանիք մը որոշեց հաստատուիլ Հայաստանի մէջ՝ ապահովութեան որոնումով։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ճան եւ Գոհար Գալուստեան ամոլը երէկ հասաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը՝ իր երկու փոքրիկներուն՝ չորսամեայ Գէորգի եւ երեքամեայ Ռիթայի հետ։ Գոհար Գալուստեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն պատմեց, որ անցեալ Ուրբաթ Հալէպի մէջ տեղի ունեցած սաստիկ հրթիռակոծութեան հետեւանքով վիրաւորուած էին իր երախաները։ «Պզտիկներս վիրաւորուեցան գլուխէն, բայց փառք Աստուծոյ, Տէրը բուժեց զանոնք։ Կէսօրին էր, Ուրբաթ օրը, երբ բոլորս տունը նստած էինք, ես դրան մօտ էի, գործ կ՚ընէի, շատ հզօր հրթիռ մը ինկաւ մեր տան վրայ, տունս փլատակ ըրաւ։ Պզտիկներս եւ ամուսինս քարերու տակ յայտնուեցան, քարերու տակէն հանուեցան արիւնոտուած։ Կառավարութեան ներկայացուցիչները եկան, օգնեցին եւ հիւանդանոց տարին զիրենք։ Զիս ալ իջեցուցին տունէն։ 6 վայրկեան չէր անցած, երբ երկրորդ հրթիռը աւելի ուժգին ինկաւ, ամբողջ շէնքը քարուքանդ եղաւ, տունս փլատակ ըրաւ», պատմեց Գոհար Գալուստեան լրագրողներուն։
Հրթիռակոծութեան հետեւանքով վիրաւորուած է ընտանիքը հայրը՝ Ճան Գալուստեան։ Վնասուած են իր ձեռքը եւ ոտքը։ 51-ամեայ հալէպահայը քանի մը ժամ շարունակ մնացած է իր տան փլատակներուն տակ։ Գալուստեանները ըսին, որ արդէն քանի մը անգամ վնասուած է իրենց տունը եւ երկու շաբաթ առաջ հողին հաւասարած է։
Պատերազմի թոհուբոհէն հազիւ փրկուած ընտանիքը պատմեց նաեւ քարուքանդ եղած Հալէպի մասին։ «Հալէպի մէջ որեւէ նեղութիւն չունէինք, իրականութեան մէջ լաւ էր վիճակը, շատ լաւ, ուրախ օրեր անցուցած ենք Հալէպի մէջ. ինչո՞ւ սուտ խօսիմ։ Օգնութիւններն ալ շատ լաւ էին, պայմաններն ալ լաւ էին, բայց այս վերջին վեց տարիներուն մենք անցանք շատ նեղութիւններու ընդմէջէն, ոչ միայն ես, ընդհանրապէս Հալէպի ժողովուրդը շատ նեղութիւններու ընդմէջէն անցաւ։ Մանաւանդ վերջին վեց տարիներուն ամուսինս երեք անգամ ինկաւ վատ վիճակի մէջ. անգամ մը օդակայանի ճանապարհին, յաջորդ անգամ շուկայի մէջ յայտնուեցաւ պատահարի մէջ», պատմեց Գոհար Գալուստեան «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ։
Գալուստեան ընտանիքը Հալէպէն ինքնաշարժով 8 ժամ ճամբորդութիւնով մը հասած է Լիբանան, ուրկէ մեկնած է Տուպայի ու վերջապէս հասած՝ Երեւան։ Ընտանիքը հազիւ քանի մը ճամպրուկով գացած է Հայաստան։ Ինչ որ կարելի եղած էր փլատակներու տակէն փրկել՝ Գալուստեանները տարած են իրենց հետ։ Դժբախտաբար իրենց ամէն ինչը վնասուած էր եւ Գոհար Գալուստեան պատմեց, թէ բարեսիրտ մարդոց կողմէ նուիրուած հագուստներ տարած են իրենց հետ եւ այսպէսով յաջողած են ձեւով մը հեռանալ պատերազմի մէջ գտնուող Սուրիայէն։ «Մեր տունէն ոչինչ կրցանք առնել։ Այս մեր պայուսակներուն մէջ կան հագուստներ։ Օգնութիւններ տրուած են պզտիկներուն համար։ Մեր տունէն չկրցանք առնել որեւէ հագուստ», ըսաւ Գոհար Գալուստեան եւ աւելցուց, թէ հալէպահայութիւնը կ՚ուզէ դուրս գալ Սուրիայէն, սակայն դրամ չունի։ «Չի կրնար, դժուար է։ Հալէպահայութիւնը արդէն գործ չունի, մանաւանդ, երբ ունիս զաւակներ, որոնք շորի եւ ուտելիքի կարիք ունին։ Առանց այդ օգնութիւններուն չեն կրնար մնալ։ Մենք շատ տառապեցանք։ Հայկական համայնքի առաջնորդները խորհուրդ կու տան չգաղթել, բայց պատճառ չեն նշեր։ Ոչ ալ կ՚ըսեն «գաղթեցէք», բայց ժողովուրդը կ՚ուզէ դուրս գալ Հալէպէն։ Հայրս, մայրս, քոյրերս կ՚ուզեն երթալ Հալէպէն։ Քոյրերս մօտակայ շրջանին պիտի գան Հայաստան», աւելցուց Գոհար Գալուստեան։