«ԱԿԱՆՋ ՈՒՆԻՆ, ԲԱՅՑ ՉԵՆ ԼՍԵՐ…»

Ո­րո­շած էի սու­րիա­հա­յու­թեան եւ ընդ­հա­րա­պէս Սու­րիոյ ներ­կայ պա­տե­րազ­մին մա­սին չգրել ու չար­տա­յայ­տուիլ, ո­րով­հե­տեւ վստահ եմ, որ ո՛չ գրե­լը եւ ոչ ալ ար­տա­յայ­տուիը բան կրնան փո­խել: Քա­րա­ցած միտ­քերն ու կարծ­րա­ցած սիր­տե­րը, ի զօ­րու չեն ո­չինչ փո­խե­լու, ընդ­հա­կա­ռա­կը այդ քա­րա­ցած միտ­քերն ու կարծ­րա­ցած սիր­տե­րը մի միայն ի­րենց «Ե­Ս­»ին մա­սին է, որ կը մտա­ծեն:

Այս տո­ղե­րը կը գրեմ, ո­րով­հե­տեւ մարդ չի կրնար ան­տար­բեր մնալ Հա­լէ­պի մէջ անց­նող տա­սը օ­րե­րուն եւ մինչ օրս կա­տա­րուած ա­րիւ­նա­լի դէպ­քե­րուն, ո­րոնց ըն­թաց­քին դժբախ­տա­բար ան­մեղ զո­հեր տուինք: Մատ­ղաշ մա­նուկ­նե­րու, հա­սուն­ցած փայ­լող ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, կեան­քի դա­ժան ճա­նա­պարհ ան­ցած ե­րէց­նե­րու ան­մեղ հո­գի­նե­րը առ­յա­ւէտ բաժ­նուե­ցան մեզ­մէ: Տա­կա­ւին յայտ­նի չէ, թէ քա­նի՜-քա­նի հո­գի­ներ պի­տի բաժնուին մեզ­մէ...

Այս բո­լո­րին ի տես, մի քա­նի հար­ցում­ներ.

1) Ե­թէ գա­ղու­թը պա­հելն է հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը, որ տա­կա­ւին ո­րո­շում չ՚առ­նուիր ժո­ղո­վուր­դին կեան­քը ա­պա­հո­վե­լու, ար­դեօք գա­ղու­թը ինչ­պէ՞ս պի­տի կա­րե­նանք պա­հել, երբ գա­ղու­թին ան­դամ­նե­րը մէկ առ մէկ այս աշ­խար­հէն կը հե­ռա­նան:

2) Ին­չո՞ւ պա­հել գա­ղու­թը, երբ գա­ղու­թը գա­ղութ դարձ­նող ազ­դակ­նե­րը սա­կաւ կը դառ­նան, չը­սե­լու հա­մար գրե­թէ կ՚ան­հե­տա­նան:

3) Ա­նոնք ո­րոնք կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նէին հե­ռա­նա­լու, ար­դեօք երբ պա­տե­րազ­մը ա­ւար­տի, ա­նոնց­մէ քա­նի՞ն ետ պի­տի վե­րա­դառ­նայ: Իսկ վե­րա­դառ­նա­լուն հա­մար պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ այդ ա­ւար­տէն ետք դեռ իշ­խող կամ նոր իշ­խող ու­ժե­րուն հետ ի՞նչ լե­զու պի­տի գտնենք:

4) Ի՞նչ է մեղ­քը մեր այն հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնք օր ա­ռաջ, վայր­կեան ա­ռաջ կ­­՚ու­զեն հե­ռա­նալ այդ դժոխ­քէն, սա­կայն կա­րե­լիու­թիւ­նը չու­նին: Ա­նոնք, ո­րոնք այդ կա­րե­լիու­թիւ­նը շնոր­հե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նին, ինչ­պէ՞ս գի­շեր­նե­րը կը քնա­նան, երբ այս­քա՜ն ա­նեղ զո­հեր կու տանք...

5) Ի վեր­ջոյ, մար­դու հո­գի՞ն է կա­րե­ւոր, թէ՞ քա­րը:

Յ.Գ. Այս գրու­թիւնս քննա­դա­տա­կան չէ, ո­րով­հե­տեւ ճշմա­րիտ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու մա­սին խօ­սի­լը, դեռ եւս ը­սել չէ որ քննա­դա­տու­թիւն է:

ՅԱ­ԿՈԲ ՔՈՐ­Թ­­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016