ԳՈՀԱՐԻՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ
Գոհարն ու իր ընտանիքը երէկ Երեւան հասան: Պատերազմի դաշտէն ազատած Գալուստեանները նոր կեանքի մը պիտի սկսին Հայաստանի մէջ: Բաւական երկար ճանապարհ մը կտրելէ ետք Գոհար իր երկու փոքրիկներն ու ամուսինը հիւրընկալուեցան երեւանցի ընտանիքի մը կողմէ, որուն անդամները նոյնիսկ չուզեցին երեւիլ տարբեր կայաններու հեռուստախցիկներուն առջեւ, որոնք փութացած էին հասնիլ անոնց տունը:
Գոհարը, որ տարբեր առիթներով լրագրողներուն հետ խօսեցաւ, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, բոլոր անոնց, որ օգնեցին իրեն, ծանր վիճակի մը մէջ յայտնը-ւած իր ծննդավայրէն փրկրկելու եւ ապահով ափ հասցնելու համար:
Գալուստեանները նոր կեանքի սկսան ու հակառակ տարածուած կարծրատիպին՝ Հայաստանի հասարակութիւնը, լրագրողական դաշտը, Սուրիոյ աղէտեալ հայութեամբ հետաքրքրուող հայորդիները առանձին պիտի չձգեն զիրենք:
Ընդհակառակը, անոնք պարուրուած պիտի ըլլան բոլորին սիրալիր մօտեցումով եւ օգնութեան պատրաստ ձեռքերով:
Այս բոլորէն անդին Գոհարին այս քայլը կարեւոր պատգամներ կը փոխանցէ:
Գոհար, իր քայլով կ՚ամրացնէ այն տեսակէտը, որ Հալէպի մէջ իրավիճակը այսօր տագնապալի է ու յստակօրէն կ՚ըսէ, որ հոն կան հարիւրաւոր հայորդիներ, որոնք բոլորն ալ կ՚ուզեն հեռանալ պատերազմի դաշտ դարձած Հալէպէն:
Ու հակառակ այս մօտեցման դէմ հնչող խօսքերուն, հակառակ մեղադրանքներուն եւ «մայր գաղութ»ը ամէն գնով պահելու կոչերուն, Գոհար իր պարզ քայլով կը խօսի պարզ ճշմարտութեան մը մասին: Ան կ՚ըսէ «Օգնեցէք բոլոր անոնց, որոնք ժամ առաջ կը փափաքին դուրս գալ Հալէպէնե»:
Մօտեցում մը, որ ոսկի միջինը ըլլալու բոլոր դրոյթները ունի:
Առանց վիճարկելու «Հալէպը յաւիտենական է», «Մայր գաղութը պէտք է պահպանուի» եւ այլ մօտեցումները, որոնց մասին կարելի է խօսիլ աւելի ուշ:
Հիմա փրկութեան պահն է: Փրկութիւն այն հայորդիներուն համար, որոնք կ՚ուզեն դուրս գալ «աւերակներուն մէջ»էն:
Հարիւր եւ աւելի տարիներու ընթացքին մենք, որպէս ազգ չսորվեցանք, որ մեր հաւաքական անվտանգութիւնը կրնայ միայն պահպանել հայ զինուորը: Ու առանց շատախօսութեան Գոհարն ու գոհարները այդ ընկալումին հաւատացող հայորդիներ են:
Սուրիան օրհնեալ հողակտոր է: Հոն ծիլ տուին Եղեռնի գեհէնէն փրկուած մեր նախնիները:
Այդ առումով մենք երախտապարտ ենք:
Սակայն Միջին Արեւելքի մէջ երեւելի դարձող մերթ արհեստական, մերթ խորքային փոփոխութիւններուն ու ստեղծուող ու ստեղծուելիք «արեան հեղեղ»ներուն առջեւ մենք անզօր ենք:
Մենք չենք կրնար փոխել դէպքերու ընթացքը ու աւելի՛ն, իրաւունք չունինք հանդիսատեսի դերով հետեւիլ, թէ ինչպէս մեր եղբայրներն ու քոյրերը կրակի ու երկաթի զոհ կ՚երթան:
Այսօր մէկ ընելիք ունինք, փրկել այն հայորդիները, որոնք կը փափաքին հեռանալ Հալէպէն:
www.arevelk.am