ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ այս Եր­կու­շաբ­թի պի­տի սկսի Հայ­կա­կան գրա­դա­րան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին չոր­րորդ հա­մա­ժո­ղո­վը։ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս, «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» մա­տե­նա­դա­րա­նէն ներս տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հա­մա­ժո­ղո­վին հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը։ «Ան­ցեա­լի պահ­պա­նու­թիւն՝ յա­նուն ա­պա­գա­յի» խո­րագ­րեալ հայ­կա­կան գրա­դա­րան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին չոր­րորդ հա­մա­ժո­ղո­վը ձօ­նուած է հա­յե­րէն ա­ռա­ջին Աստուա­ծա­շուն­չի տպագ­րու­թեան 350-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ա­ռըն­թեր կազ­մա­կեր­պիչ­ներն են՝ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նը։

Ինչ­պէս նա­խորդ հա­մա­ժո­ղով­նե­րուն, այս ան­գամ եւս Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ կը մաս­նակ­ցի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը։ Այս­պէս, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին մեկ­նած է Վա­ղար­շակ Սարկաւագ Սե­րով­բեան՝ որ­պէս Պատ­րիար­քա­րա­նի թան­գա­րա­նի, գրա­դա­րա­նի եւ ար­խիւ­նե­րու բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տու։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016