ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՐՑՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ ՄԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԱՍԻՆ

Ար­տա­կարգ դրու­թեան շրջագ­ծով 5 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նին պաշ­տօ­նա­թեր­թին մէջ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ կա­նո­նագ­րու­թիւն մը, ո­րու հի­ման վրայ ար­գելք կը դրուի՝ որ­պէս­զի պաշ­տօ­նա­կան ծա­նու­ցում­ներն ու գո­վազդ­նե­րը հրա­տա­րա­կուին բա­ցա­ռա­պէս թրքե­րէ­նով հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու մէջ եւ լոյս չտես­նեն ոչ-թրքե­րէն ո­րե­ւէ հրա­տա­րա­կու­թեան մէջ։

Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վէ ներս հարց­ման ա­ռա­ջարկ մը օ­րա­կար­գի վրայ բե­րաւ՝ հաս­ցէագ­րուած Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մին։ Սե­լի­նա Տո­ղան այս առ­թիւ նշեց, թէ վե­րո­յի­շեալ կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը խո­տոր կը հա­մե­մա­տի Լո­զա­նի դաշ­նագ­րի եւ Սահ­մա­նադ­րու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն։ Այս նոյն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ ՃՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խան­ներն ալ կը պատ­րաս­տուին դա­տա­րան դի­մել՝ կա­նո­նադ­րու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ջնջե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Վար­չա­պե­տին ուղ­ղեալ իր հարց­ման ա­ռա­ջար­կին մէջ Սե­լի­նա Տո­ղան նշած է նաեւ, թէ երկ­րի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու թեր­թե­րը մին­չեւ եր­կու տա­րի ա­ռաջ պե­տու­թե­նէն օ­ժան­դա­կու­թիւն ստա­ցած էին՝ քա­նի մը տա­րի ա­նընդ­մէջ։ Ա­ւե­լի վերջ այդ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը դադ­րե­ցուած է։ Ե­րես­փո­խա­նը հե­տաքրք­րուած է թէ՛ այդ դադ­րեց­ման պատ­ճառ­նե­րով եւ թէ հարց տուած է, որ ար­դեօք նոր կար­գադ­րու­թիւն մը կը ծրագ­րուի՞ փոք­րա­մաս­նու­թեանց թեր­թե­րուն են­թար­կուա­ծը հա­տու­ցե­լու հա­մար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016