«ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԸ ՈԳԻՆ» ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի նախ­կին դես­պան Ան­րի Քիւ­նի վեր­ջերս հրա­տա­րա­կեց գիրք մը, որ լոյս տե­սած է «Սի­ժեստ» հրա­տա­րակ­չու­թե­նէն։ «Հա­յաս­տան. ժո­ղո­վուր­դի մը ո­գին» խո­րագ­րեալ այս գիր­քին հա­մար վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ շնոր­հան­դէս մը։ Հա­ւա­քոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Ան­րի Քիւ­նի ձեռ­նար­կի մաս­նա­կից­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց, թէ իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին ու­նե­ցած տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ ինչ զգա­ցում­նե­րով եւ դի­տար­կում­նե­րով մղուած ձեռ­նար­կած է այս գիր­քին պատ­րաս­տու­թեան։

Շնոր­հան­դէ­սի ա­ւար­տին, Հա­յաս­տա­նի Ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Ժան-Մարք Լա­ւեստ յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց Ան­րի Քիւ­նիին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016