ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Ֆրանսայի Ծերակոյտը երէկ հաւանութիւն տուաւ բանաձեւի մը, որու հիման վրայ պիտի քրէականացուի ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ժխտումը։ Ժխտողական օրէնքի նախագիծը Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս երէկ ընդունուեցաւ 156 կողմ եւ 146 դէմ քուէներու յարաբերակցութեամբ։
Ծերակոյտի կողմէ ընդունուած բանաձեւը վերստին պիտի ուղարկուի Ֆրանսայի Ազգային ժողովի քննարկման եւ անվիճարկելի փոփոխութիւններով երեք շաբաթ վերջ պիտի ստանայ օրէնքի ուժ։
Ֆրանսայի մէջ 2006 թուականէն ի վեր հայերը աշխատանք կը տանին՝ որպէսզի ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց տեսակէտներուն ժխտումը քրէականացուի։ Թրքական մամուլը կը մատնանշէ, որ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի պաշտօնավարութեան տարիներուն անոնք արդէն հասած են իրենց այս նպատակին։
Ֆրանսայի Թրքական պատմութեան պաշտպանութեան պայքարի միութիւնը կը պատրաստուի դատ մը բանալ այս օրէնքի վերջնական ընդունուելէն վերջ՝ որպէս հակառակ տեսակէտ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսայի մէջ աւելի առաջ ալ ընդունուած էր նման օրէնք մը եւ այդ մէկը ջնջուած՝ Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ։
ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՊԱՐԱԳԱՆ
Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ հայկական հարցին շուրջ չեն համընկնիր Վատիկանի եւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի դիրքորոշումները։
Պատասխանելով ՃՀՓ-ական երեսփոխան Էօմէր Ֆեթհի Կիւրէրի մէկ հարցման՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլու անդրադարձաւ հայկական հարցի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն՝ Վատիկանի առանցքով։ Ընդդիմադիր երեսփոխանը նախարարին հարցում մը ուղղեց՝ Սրբազան Պապի անցեալ Յունիսի վերջաւորութեան Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին 1915 թուականի դէպքերը որպէս ցեղասպանութիւն որակելուն առընչութեամբ։ Ի պատասխան Մեւլիւտ Չավուշօղլու նշեց, թէ Սրբազան Պապը 12 Ապրիլ 2015 թուականին ալ օգտագործած էր նոյն արտայայտութիւնը եւ այս պատճառով Թուրքիա Վատիկանէն ետ կանչած էր իր դեսպանը։ Նախարարին համոզմամբ, Սրբազան Պապին տեսակէտը չի համընկնիր Վատիկանի պաշտօնական քաղաքականութեան հետ։ «Ա-կընյայտ է, որ Պապին յայտարարութիւնները դժուար կացութեան կը մատնեն նաեւ Վատիկանի դիւանակալութիւնը», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։