ՓՔՔ-Ի ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մե­կեր­պու­թիւ­նը ե­րէկ նոր յար­ձա­կում­նե­րով ցաւ յա­ռա­ջա­ցուց բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ։ Մար­տի­նի եւ Հաք­քեա­րիի մէջ պա­տա­հած դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով չորս զինուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Մար­տի­նի մէջ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը հե­ռա­կայ դրու­թեամբ ռումբ մը պայ­թե­ցու­ցին՝ զի­նուո­րա­կան ինք­նա­շար­ժի մը ճամ­բուն վրայ։ Պայ­թու­մին ազ­դե­ցու­թեամբ ճա­նա­պար­հին վրայ բա­ցուե­ցաւ մեծ փոս մը՝ 3 մեթր խո­րու­թեամբ ու 10 մեթր լայն­քով։

Հաք­քեա­րիի մէջ ալ յար­ձա­կու­մը գոր­ծուե­ցաւ նոյ­նան­ման դա­ւադ­րու­թիւ­նով մը։ Պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով չորս զի­նուոր վի­րա­ւո­րուե­ցաւ եւ ա­նոնց­մէ մին ա­ւե­լի վերջ դժբախ­տա­բար նա­հա­տա­կուե­ցաւ։

Բաց աս­տի, ե­րէկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ա­հա­բեկ­չա­կան բռնա­րարք­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Վա­նի, Պիթ­լի­սի, Ա­տըեա­մա­նի եւ Ան­թա­լիոյ մէջ։ Բա­րե­բախ­տա­բար այս յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով զո­հեր չե­ղան, սա­կայն կան վի­րա­ւոր­ներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016