ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րուն գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Այս առ­թիւ Ե­րե­ւան այ­ցե­լե­ցին ՀԱՊԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը՝ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին, Սպի­տակ Ռու­սիոյ Նա­խա­գահ Ա­լեք­սանտր Լու­քա­շեն­քօ, Տա­ճի­կիս­տա­նի Նա­խա­գահ Ի­մա­մա­լի Ռահ­մա­նով, Խրղը­զիս­տա­նի Նա­խա­գահ Ալ­մազ­պէկ Ա­թամ­պա­յեւ, ինչ­պէս նաեւ Ղա­զա­խիս­տա­նի Վա­­ր­-չա­պետ Պա­հըթ­ճան Սա­կին­թա­յեւ՝ քա­նի որ ա­ռող­ջա­կան պատ­ճառ­նե­րով կը բա­ցա­կա­յէր Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յեւ։ ՀԱՊԿ-ի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի Ե­րե­ւա­նի նստաշր­ջա­նի ա­ւար­տին հաս­տա­տուե­ցաւ այս կազ­մա­կեր­պու­թեան մին­չեւ 2025 թուա­կա­նը հե­տե­ւե­լիք ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը։

ՀԱՊԿ-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով ե­րէկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան զա­նա­զան ձե­ւա­չա­փով ժո­ղով­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Օ­րուան սկիզ­բին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին ժո­ղո­վը։ ՀԱՊԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը, պաշ­տա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը եւ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուրդ­նե­րու քար­տու­ղար­նե­րը գու­մա­րե­ցին հա­մա­տեղ ժո­ղով մը։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի տան­տի­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ժո­ղո­վը, մինչ ան­դամ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը ար­դէն կը ժա­մա­նէին Ե­րե­ւան։ Ա­ւե­լի վերջ, ժո­ղով­նե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քէն ներս։ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեա­նի տան­տի­րու­թեամբ ՀԱՊԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը ա­ռա­ջին հեր­թին մէկ­տե­ղուե­ցան սեղմ շրջա­նա­կի մը մէջ։ Ա­ւե­լի վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ընդ­լայնուած կազ­մով ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին նա­խա­գահ­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան ա­ռա­ւօ­տեան նիս­տի մաս­նա­կից բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն հետ։

Գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին, որ­պէս հիւ­րըն­կալ երկ­րի ղե­կա­վար Սերժ Սարգ­սեան սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ՀԱՊԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տիու­ժա­յի հետ։ Ան այս առ­թիւ տե­ղե­կա­ցուց, որ Ե­րե­ւա­նի նիս­տի օ­րա­կար­գէն դուրս թո­ղուած է կազ­մա­կեր­պու­թեան յա­ջորդ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի ընտ­րու­թեան հար­ցը եւ այդ նիւ­թին շուրջ ո­րո­շում պի­տի կա­յա­ցուի տա­րե­վեր­ջին Ռու­սաս­տա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած հա­ւա­քին ժա­մա­նակ։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ նա­խա­պէս ալ յի­շեալ ո­րո­շու­մը յե­տաձ­գուած էր ան­ծա­նօթ պատ­ճառ­նե­րով։ ՀԱՊԿ-ի յա­ջորդ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ըստ կազ­մա­կեր­պու­թեան ռո­թա­սիո­նին։

ՂԱ­ՐԱ­ԲԱ­ՂԵԱՆ ՀԱՐ­ՑԸ

ՀԱՊԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու Ե­րե­ւա­նի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տե­սան­կիւ­նէն ալ հե­տաքրք­րա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ։ Քրեմ­լի­նի յա­ռա­ջա­տար պաշ­տօ­նեա­նե­րէն Եու­րի Ու­շա­քով գա­գա­թա­ժո­ղո­վի նա­խօ­րեա­կին յայ­տա­րա­րած էր, որ ՀԱՊԿ-ի ղե­կա­վար­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս պի­տի գան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին շուրջ։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս գու­մա­րուած ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ալ պատ­րաս­տու­թիւն­ներ տես­նուե­ցան այս ուղ­ղու­թեամբ։ Բայց եւ այն­պէս, օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան, ա­ւե­լի ուշ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով լրագ­րող­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, որ այս­պի­սի յայ­տա­րա­րու­թիւն մը պի­տի չըլ­լայ։ «Ոչ, այ­սօր ոչ», ը­սաւ Փես­քով՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի նստա­վայ­րէն ներս լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ։

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին անդ­րա­դար­ձաւ գա­գա­թա­ժո­ղո­վը ամ­փո­փած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին։ Ըստ ի­րեն, ՀԱՊԿ-ի գոր­ծըն­կեր­նե­րը ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նե­ցին այս տա­րի Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդրին ձօ­նուած գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ։ Ծա­նօթ է, որ այդ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը ուղ­ղուած են հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ի­րա­վի­ճա­կի սրուե­լու կանխ­ման, ի­րա­վի­ճա­կի կա­յու­նաց­ման եւ խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռաջ­խա­ղաց­ման հա­մար պայ­ման­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման։ «Նստաշր­ջա­նի ժա­մա­նակ հաս­տա­տուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ լուծ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նուե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ջան­քե­րուն, ո­րոնք ուղ­ղուած են հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի սկզբունք­նե­րու ու չա­փա­նիշ­նե­րու, ՄԱԿ-ի կա­նո­նադ­րու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու, Հել­սին­քեան եզ­րա­փա­կիչ աք­թի հի­ման վրայ՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­ժի չկի­րառ­ման կամ ու­ժի կի­րառ­ման սպառ­նա­լի­քի ան­թոյ­լատ­րե­լիու­թեան, պե­տու­թիւն­նե­րու տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, ի­րա­ւա­հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ազ­գե­րու ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւունք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Ե­րե­ւա­նի մէջ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան տե­սա­կէ­տէ ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ռուս նա­խա­րա­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա կրնայ դրա­կան դեր մը խա­ղալ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ «Թուր­քիա կրնայ դրա­կան դեր մը խա­ղալ՝ ա­պա­հո­վե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ա­պաշր­ջա­փա­կու­մը, ա­պա­հո­վե­լով տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս բնա­կա­նոն տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն։ Սա այն­պի­սի կա­րե­ւոր գոր­ծօն մըն է, որ մենք միշտ հա­շուի կ՚առ­նենք։ Ե­թէ Հա­յաս­տան եւ Թուր­քիա յան­կարծ վե­րա­դառ­նան ի­րենց պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման՝ այդ մէ­կը ա­ռանց կա­պե­լու ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան հետ, մենք միայն ու­րախ կ՚ըլ­լանք։ Սա­կայն մեր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով, ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ յա­ռա­ջըն­թա­ցը ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նի հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ», ը­սաւ ռուս նա­խա­րա­րը։

Լաւ­րո­վի այս յայ­տա­րա­րու­թեան ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գան­գեց Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Տիգ­րան Բա­լա­յեան ը­սաւ. «Հա­յաս­տան նախ­կի­նին պէս կը կար­ծէ, որ Թուր­քիան պէտք է հնա­րա­ւո­րինս հե­ռու պա­հել ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան գոր­ծըն­թա­ցէն»։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ վեր­ջին օ­րե­րուն Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուն ալ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան անդ­րա­դար­ձած էր Սթրազ­պուր­կի մէջ՝ Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի լիա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին։ Աշ­նան նստաշր­ջա­նին շրջագ­ծով Չա­վու­շօղ­լու ար­տա­յայ­տուած էր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի յա­րա­կից անվ­տան­գու­թեան գօ­տիէն հինգ շրջան­նե­րու Ատր­պէյ­ճա­նի վե­րա­դար­ձուե­լուն մա­սին։ Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը Չա­վու­շօղ­լուի Սթրազ­պուր­կի ե­լոյ­թին եւս ար­ձա­գան­գած էր ան­մի­ջա­պէս՝ նման ար­տա­յայ­տու­թեամբ։

Ու­շագ­րա­ւը այն է, որ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը վեր­ջին քա­նի մը օ­րե­րուն ըն­թաց­քին նոյն թո­նով ար­ձա­գան­գած է թէ՛ իր ա­մե­նաան­հա­ղորդ հա­րե­ւա­նին՝ Թուր­քիոյ կող­մէ հնչած տե­սա­կէ­տին եւ թէ իր ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նակ­ցին՝ Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ հնչած տե­սա­կէ­տին։

ՄՈՍԿՈՒԱ ԼԱՒԱՏԵՍ ՉԷ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր նա­խըն­թաց օր ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Սթրազ­պուր­կի մէջ՝ Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհրդա­րա­նա­կան վե­հա­ժողո­վի լիա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին։ Այս աշ­նան նստաշր­ջա­նին շրջագ­ծով գեր­մա­նա­ցի նա­խա­րա­րը ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին ընդգ­ծեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ հա­սա­նե­լի պէտք է ըլ­լայ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու կա­ցու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մար։

Շթայն­մա­յէր Սթրազ­պուր­կի ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց զա­նա­զան հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց շար­քին կանգ ա­ռաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին վրայ։ «Ես կ՚ա­ջակ­ցիմ Եւ­րո­խոր­հուր­դի իւ­րա­քան­չիւր նա­խա­ձեռ­նու­թեան, որ ուղ­ղուած է ա­պա­հո­վե­լու մշտա­կան հա­սա­նե­լիու­թիւն Խրի­մի տա­րածք­նե­րուն, որ­պէս­զի ու­սում­նա­սի­րուին մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը։ Սա կը վե­րա­բե­րի ոչ միայն Խրի­մին, այլ նաեւ Աբ­խա­զիոյ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղին։ Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը պէտք է պաշտ­պա­նուին», ը­սաւ գեր­ման նա­խա­րա­րը։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Եւ­րո­խոր­հուր­դի ան­դամ եր­կիր­նե­րէն ներս մար­դու ի­րա­ւանց վե­րա­բե­րեալ ի­րա­վի­ճա­կին՝ Շթայն­մա­յէր ա­ւել­ցուց. «Մենք պէտք է մուտք ու­նե­նանք նաեւ Խրիմ՝ տեղ­ւոյն վրայ ի­րա­վի­ճա­կը հասկ­նա­լու հա­մար։ Նման հնա­րա­ւո­րու­թիւն պէտք է ու­նե­նանք նաեւ Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ, Աբ­խա­զիոյ, Մերձ­տ­նեսդ­րի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­մար։ Մեր եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սէն ներս պէտք չէ ըլ­լան «մոխ­րա­գոյն տա­րածք­ներ» մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը յար­գե­լու տե­սան­կիւ­նէն»։

­Միւս կող­մէ, Քրեմ­լի­նի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րէն Եու­րի Ու­շա­քով յայ­տա­րա­րեց, որ Մոս­կուա չու­նի լա­ւա­տե­սու­թեան հիմ­քեր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին կար­գա­ւոր­ման կա­պակ­ցու­թեամբ եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ աշ­խա­տան­քը Ե­րե­ւա­նի եւ Պա­քուի հետ։

Ու­շա­քով այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ը­րաւ ՀԱՊԿ-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին առ­թիւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի Ե­րե­ւան մեկ­նե­լէն ան­մի­ջա­պէս ա­ռաջ։ Ու­շա­քով չնա­խընտ­րեց բա­ցա­յայ­տել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­քին խո­հա­նո­ցա­յին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ու գո­հա­ցաւ տե­ղե­կաց­նե­լով, որ կը քննար­կուին զա­նա­զան տար­բե­րակ­ներ եւ ա­ռա­ջարկ­ներ։ «Բայց կը կրկնեմ, տա­կա­ւին հիմ­քեր չկան ա­ռանձ­նա­պէս լա­ւա­տե­սու­թեան հա­մար», ը­սաւ ան։

Եու­րի Ու­շա­քով խօ­սե­ցաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ Հա­յաս­տա­նին հա­մար մա­տա­կա­րա­րուած զէն­քե­րուն շուրջ։ Ըստ ի­րեն, Մոս­կուա Ե­րե­ւա­նի դաշ­նա­կիցն է եւ ի­րա­ւունք ու­նի մա­տա­կա­րա­րել այն սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց մա­սին պայ­մա­նա­ւո­րուած է գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ։ «Այս­տեղ անս­պա­սե­լի ո­րե­ւէ բան չկայ ոե­ւէ մէ­կուն հա­մար։ Ըստ իս, նաեւ մեր ա­զէ­րի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հա­մար։ Ինչ­պէս գի­տէք, մենք նոյն­պէս զէնք կը մա­տա­կա­րա­րենք նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նին», ը­սաւ Ու­շա­քով։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին հե­տա­մուտ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի եւս վեր­ջին օ­րե­րուն թե­րա­հա­ւա­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տուած էր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մա­սին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016