ԳԱՀԻՐԷ-ՌԻԱՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՓԼՈՒԶՈՒԻԼ

Սու­րիոյ ար­դէն հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր շա­րու­նա­կուող ծանր պա­տե­րազ­մը ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նայ, որ ան շրջա­պա­տող եր­կիր­նե­րու փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը լա­րուին: Այս ա­ռու­մով տե­ղի ու­նե­ցող գոր­ծըն­թաց­նե­րուն զու­գա­հեռ բա­ցա­յայտ դար­ձած է Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա-Ե­գիպ­տոս «բարձր լա­րու­ա­ծու­թիւն»ը: Եր­կու սիւն­նի տէ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք մինչ այ­սօր կ­­՚ապ­րէին ե­րե­ւե­լի «մեղ­րա­լու­սի­ն» մը, այ­սօր յայտ­նուած են բա­ւա­կան լա­րուած դրու­թեան մը մէջ:

Այս­պէս, ան­ցեալ Հոկ­տեմ­բե­րին, երբ Գա­հի­րէ ՄԱԿ-ի Ա­պա­հո­վու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տին ըն­թաց­քին կողմ կը քուէար­կէր Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ Հա­լէ­պի խնդրով ներ­կա­յա­ցու­ցած ա­ռա­ջարկ-օ­րի­նա­գծին, կը զար­մաց­նէր յատ­կա­պէս Ռիա­տը:

Գա­հի­րէ եր­կու թե­լե­րու վրայ «խա­ղա­լ­»ով միա­ժա­մա­նակ «Այ­ո՛» կը քուէար­կէր թէ՛ ֆրանսասպա­նա­կան օ­րի­նագ­ծին եւ թէ Մոս­կուա­յի օ­րի­նագ­ծին: Գա­հի­րէի այս քայ­լը մինչ կը մի­տէր հա­կա­մար­տող եր­կու կող­մե­րը գոհ ձգել, բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ու հա­կա­ռակ կա­տա­րուած հա­շուարկ­նե­րուն, Գա­հի­րէն կը դարձ­նէր Ռիա­տի «լուռ թշնա­մի­ն»: Ե­գիպ­տո­սի այս քայ­լին որ­պէս ա­րագ եւ ան­մի­ջա­կան ար­ձա­գանգ «Ա­րամ­քօ» ըն­կե­րու­թիւ­նը կը դադ­րեց­նէր դէ­պի Գա­հի­րէ կա­զի մա­տա­կա­րա­րու­մը: Նա­խօ­րօք կնքուած հա­մա­ձայ­նու­թեան շնոր­հիւ Գա­հի­րէ ամ­սա­կան կտրուած­քով Ռիա­տէն պի­տի ստա­նար մի­լիոն թո­նե­րով կազ, ո­րուն ընդ­հա­նուր գու­մա­րը կը գնա­հա­տուէր 23 մի­լիառ տո­լա­րով, եւ որ պի­տի վճա­րուէր մա­տա­կա­րա­րու­մէն տասն­հինգ ա­միս ետք: Յի­շեց­ման կար­գով պէտք է նշել, որ այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը մար­մին ստա­ցած էր Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սըլ­ման Պըն Ապ­տըլ Ա­զիզ թա­գա­ւո­րին ան­ցեալ Ապ­րի­լին Գա­հի­րէ տուած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցին ըն­թաց­քին:

Մինչ պաշ­տօ­նա­կան Ռիատ ցայ­սօր ալ կը մեր­ժէ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տալ «Ա­րամ­քօ» ըն­կե­րու­թեան կա­տա­րած կար­գադ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ, ան­դին Գա­հի­րէ կը յու­սայ, որ Ռիատ պար­զա­բա­նում­ներ տա­լով վե­րա­կանգ­նէ կա­զի մա­տա­կա­րա­րու­մը:

Երբ ե­գիպ­տա­կան բա­նա­կի բարձ­րաս­տի­ճան հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Ապ­տըլ Ֆա­թահ Ալ Սի­սի երկ­րին ղե­կը կը ստանձ­նէր, Ռիատ շատ զգու­շա­ւոր քայ­լե­րով եւ բա­ւա­կան դան­դաղ մօ­տե­ցում­նե­րով կը ճանչ­նար Սի­սին, իբ­րեւ Ե­գիպ­տո­սի վա­ւե­րա­կան եւ օ­րի­նա­կան նա­խա­գահ: Հա­կա­ռակ ա­սոր՝ Գա­հի­րէ ա­րագ կողմ­նո­րո­շում­նե­րով կը նա­յէր դէ­պի Ռիատ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը դարձ­նե­լով բնա­կա­նոն եւ ըն­դու­նե­լի վի­ճա­կի մը:

Խոր­քին մէջ, Գա­հի­րէն էր, որ կա­րիքն ու­նէր Ռիա­տի բա­ւա­կան կեն­սա­կան յատ­կա­ցում­նե­րուն եւ դրա­մա­կան նե­ցու­կին: Այս յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ընդ­հա­նուր հու­նը իր դրա­կան գա­գա­թին կը հաս­նէր Ապ­րի­լին, երբ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սըլ­ման թա­գա­ւո­րի «օրհ­նու­թեամբ» կը ստո­րագ­րուէր կա­զա­յին փոխ­­հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը:

Յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու այս ըն­թա­ցա­կար­գը եւ Ռիա­տի ցոյց տուած նե­ցու­կը կ՚ակն­կա­լէր, որ Գա­հի­րէ իր կար­գին Ռիա­տի ի նպաստ կե­ցուածք­նե­րով հան­դէս գար: Սա­կայն այդ­պէս չէր կա­տա­րուեր:

Մաս­նա­ւո­րա­պէս Սու­րիոյ եւ ա­պա Եէ­մէ­նի հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ Գա­հի­րէ հանդ­էս կու գար Ռիա­տի դէմ ե­ղող հա­տու կե­ցուածք­նե­րով: Բա­ցի այդ, Գա­հի­րէ իր «վե­թօ»ն կը դնէր Թի­րան եւ Ալ Սա­նա­ֆէր կղզի­նե­րու հար­ցի լուծ­ման վե­րա­բե­րեալ ու տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով կը յայտ­նէր, որ այդ կղզի­նե­րը կը պատ­կա­նին Ե­գիպ­տո­սին:

Այս բո­լո­րէն բա­ցի լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը խո­րա­նար Սու­րիոյ խնդրով ու բա­ցա­յայտ կը դառ­նար, որ Մոս­կուա­յի հետ նոր ու­ղի­ներ բա­ցած Նա­խա­գահ Սի­սիի հա­մար շրջա­նին մէջ կե­ցուածք­ներ որ­դեգ­րե­լու ա­րե­ւե­լու­մը ա­մէն գնով պէտք է տրուէր՝ ան­սա­լով մի միայն ռու­սա­կան կող­մի քայ­լե­րուն եւ շար­ժում­նե­րուն:

Յստակ էր նաեւ, որ հա­մաա­րա­բա­կան ընդ­հա­նուր մթնո­լոր­տին ու մա­նա­ւանդ վստա­հու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ Գա­հի­րէ ի­րեն հա­մար «պա­պա» մը կը փնտռէ: Ու այդ «պա­պա»ն Մոս­կուան էր: Գա­հի­րէի կե­ցուածք­նե­րը շեշ­տա­կի կը դառ­նա­յին կա­պուած ոչ միայն Պե­շար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան վրայ մնա­լուն վե­րա­բե­րեալ, այլ ան­կէ ան­դին, սիւն­նի զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րուն մեծ մա­սը ըն­դու­նե­լով որ­պէս ա­հա­բե­կիչ զի­նեալ­ներ:

Բնա­կա­նա­բար այս կե­ցուա­ծքը կը հաս­նէր զե­նի­թի մը ՄԱԿ-ի Ա­պա­հո­վու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տին Գա­հի­րէի հնչե­ցու­ցած կե­ցուածք­նե­րուն հե­տե­ւան­քով:

Բա­ցատ­րե­լով Գա­հի­րէի կե­ցուած­քը՝ ՄԱԿ-ի մօտ Ե­գիպ­տո­սի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ամ­րօ Ա­պու Ա­թա Ա­պա­հո­վու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տէն ետք լրագ­րող­նե­րուն խօ­սե­լով կը յայտ­նէր, որ ի­րենց հա­մար այս հանգ­րուա­նին ա­մե­նէն էա­կա­նը հրա­դա­դա­րի հաս­տա­տումն էր:

 Իր կար­գին, ա­րա­բա­կան մա­մու­լին մէջ Ռիա­տի գլխա­ւոր բան­բեր հա­մա­ր-ւող Ճե­մալ Քա­շըք­ճը կը յայ­տա­րա­րէր, թէ ի­րենք խո­րա­պէս զար­մա­ցած են Ե­գիպ­տո­սի կե­ցուածք­նե­րով: Քա­շըք­ճը տար­բեր օ­րի­նակ­նե­րու կող­քին կը նշէր Սե­նե­կա­լի պա­րա­գան, որ Ե­գիպ­տո­սէն շատ ա­ւե­լի նուազ նիւ­թա­կան նե­ցուկ ստա­նա­լով հան­դերձ կը քուէար­կէր յօ­գուտ Ռիա­տին հա­մար դրա­կան հա-­մա­րուող օ­րէն­քին։

Մինչ այդ, Գա­հի­րէի քա­ղա­քա­կա­նա­գի­տու­թեան ամ­պիո­նի վա­րիչ Հա­սան Նաֆ­հա տար­բեր վեր­լու­ծում­ներ տա­լու կող­քինկը յայտ­նէր, որ Ե­գիպ­տո­սի մատ­նուած տնտե­սա­կան ծանր դրու­թեան պատ­ճա­ռով՝ ի­րենց հա­մար որ­պէս պե­տու­թիւն կա­րե­ւոր էր ռուս զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն առ­ջեւ ճա­նա­պարհ բա­նալ դէ­պի ե­գիպ­տա­կան ա­փեր:

Այս­տեղ յի­շեց­նե­լու կար­գով պէտք է նշել, որ 31 Հոկ­տեմ­բեր 2015 թուա­կա­նին Ե­գիպ­տո­սի Շարմ Ալ Շէյխ քա­ղա­քէն դէ­պի Սեն Փե­թերս­պուրկ ու­ղե­ւո­րւող օ­դա­նա­ւը վար առ­նուած էր: «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հաբեկչա­կան խմբա­ւո­րու­մը ա­ւե­լի ուշ ստանձ­նած էր գոր­ծո­ղու­թիւ­նը եւ դէպ­քին հե­տե­ւան­քով կը զո­հուէին օ­դա­նա­ւի բոլոր 224 ու­ղե­ւոր­նե­րը, ո­րոնց մէջ էր նաեւ հա­յազ­գի Լէո­նիտ Մնա­ցա­կա­նո­վը:

Ա­հա­բեկ­չա­կան այդ ծան­րա­գոյն գոր­ծո­ղու­թե­նէն ետք եւ ե­րեք ա­միս տե­ւո­ղու­թեամբ ռու­սա­կան եւ եւ­րո­պա­կան տաս­նեակ օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թիւն­ներ կը դադ­րեց­նէին ի­րենց թռիչք­նե­րը դէ­պի «Շարմ Ալ Շէյ­խ»: Ու հա­կա­ռակ ա­ւե­լի ուշ այդ ար­գելք­նե­րու վե­րաց­ման, ցայ­սօր ալ ռուս զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու մեծ մա­սը կը զգու­շա­նայ իր ար­ձա­կուր­դը ե­գիպ­տա­կան ա­փե­րու վրայ ան­ցը­նե­լու:

Միւս կող­մէ, ե­գիպ­տա­կան կող­մին հա­մար յստակ էր, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ կա­տա­րուող նոր դե­րա­բաշ­խում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցին մէջ Գա­հի­րէ պէտք է վճռա­կան դեր մը ու­նե­նայ: Այդ վճռա­կան դե­րը մէջ­տեղ պի­տի գար ու պի­տի ա­ճէր հանգ­րուա­նա­յին ու դան­դաղ քայ­լե­րով, տրուած ըլ­լա­լով, որ ա­րա­բա­կան ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նին վրայ պատ­կե­րը շատ խո­ցե­լի էր ու ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի թիւ մէկ խնդի­րը դար­ձած էր ի­րա­րու հան­դէպ անվս­տա­հու­թիւ­նը:

Թէ ինչ­քա­նով պի­տի կա­րո­ղա­նար Գա­հի­րէ վե­րա­տի­րա­նալ իր նախ­կին դե­րին, յստակ չէ, սա­կայն ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ Սի­սիի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ռու­սա­կան կող­մը ի­րեն հա­մար ընտ­րած է որ­պէս վստա­հե­լի եւ ան­մի­ջա­կան գոր­ծըն­կեր:

Ան­շուշտ, որ այս դէպ­քը պար­զա­պէս փոքր կէտ մը կը բա­նայ Գա­հի­րէի որ­դեգ­րե­լիք ա­պա­գայ կե­ցուածք­նե­րուն ա­ռը­թեր, սա­կայն բա­ցա­յայտ կ­­՚ե­րե­ւի, որ Ռիատ-Գա­հի­րէ նոր բա­ցա­յայ­տուած այս լա­րուա­ծու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ իր տրա­մա­բա­նա­կան լա­րուա­ծու­թիւ­նը:

Տրա­մա­բա­նա­կան լա­րուա­ծու­թիւն ը­սե­լով պէտք է հասկ­նալ Ռիա­տի կող­մէ Գա­հի­րէին դէմ սահ­մա­նուե­լիք տնտե­սա­կան նոր «սեղ­մու­մ»­նե­րը, ո­րոնց իբ­րեւ ար­դիւնք Նա­խա­գահ Սի­սի ստի­պուած պի­տի ըլ­լայ յե­նուլ Մոս­կուա­յի կա­րե­ւոր ա­ջակ­ցու­թեան՝ ոտ­քի պա­հե­լու հա­մար իր այդ­քան խո­ցե­լի դար­ձած տնտե­սու­թիւ­նը:

Ռիա­տի հա­մար ալ այդ­քան հեշտ չէ այս մեծ ա­րա­գու­թեամբ «հո­վին տալ» եր­կար տաս­նեա­մեակ­նե­րու վրայ կա­ռու­ցուած այս «թան­կ» բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ այն հանգ­րուա­նին, երբ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա մէ­կէ ա­ւե­լի ճա­կատ­նե­րու վրայ կը ստա­նայ զի­նուո­րա­կան ու բա­րո­յա­կան ծանր հա­րուած­ներ:

Ե­գիպ­տոս իր էու­թեամբ եւ կրած ու «ա­ւան­դա­ծ» գա­ղա­փար­նե­րով կը հա­մա­րուի ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի ա­րիւ­նա­տար ե­րա­կը, ու յստակ է նաեւ, որ սիւն­նի աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար եր­կի­րը հա­մա­րուող Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա պէտք ու­նի «ա­րա­բա­կա­նու­թեան ո­գի»ին:

Մա­նա­ւանդ Եէ­մէ­նի պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին այդ ո­գիին բա­ցա­յայտ բա­ցա­կա­յու­թեան հե­տե­ւան­քով էր, որ սիւն­նի ա­մե­նա­մեծ եւ ա­մե­նահ­զօր թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը չկա­րո­ղա­ցաւ հաս­նիլ կա­րե­ւոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու:

Հի­մա ընդ­հա­նուր պա­հը բա­ւա­կան «քրի­թի­ք» է:

Ռիատ մէկ կող­մէ կը փոր­ձէ տնտե­սա­կան գա­ւա­զան շար­ժել Գա­հի­րէի դէմ ու միւս կող­մը կը հա­ւա­տայ, որ Գա­հի­րէն կ­­որսնց­նե­լով միա­ժա­մա­նակ պի­տի կորսնց­նէ «ա­րա­բա­կա­նու­թեան ձայ­ն­»ը:

Իր կար­գին Ե­գիպ­տո­սի զի­նուո­րա­կան ա­ռաջ­նոր­դը, որ գործ­նա­կան քա­յե­րով կը փոր­ձէ կա­ռու­ցել իր քա­ղա­քա­կան դրա­մագ­լու­խը, կը հա­ւա­տայ, որ ա­րա­բա­կան դաշ­տին մէջ դրա­մա­կան նե­րուժ ու­նե­ցող կող­մե­րուն հան­դէպ վստա­հու­թիւն ու­նե­նա­լը ինք­նաս­պա­նու­թեան հա­մա­զօր ձեւ մըն է:

Կա­րե­ւոր ջրբա­ժա­նի մէջ յայտ­նուած է Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը, ու յստակ է նաեւ, որ այս տագ­նա­պա­լի ի­րադ­րու­թեան ներ­քեւ բո­լոր խա­ղա­ցող­նե­րը սկսած են գծել ի­րենց ա­պա­գայ գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հիմ­նա­կան սահ­ման­նե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2016