ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՕՏԱՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ
Հայաստանի համալսարաններուն մէջ Հոկտեմբերի 1-էն սկսեալ ուսումառութիւն սկսած է 550 սփիւռքահայ եւ 420 օտար ուսանող: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, այս մասին յայտնած է Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան պետ Արթուր Ղազարեան՝ նշելով, որ Հայաստանի միջին մասնագիտական հաստատութիւններ դիմած է 70 սփիւռքահայ:
Վրաստանէն Հայաստանի համալսարաններ դիմած է 23 ուսանող, Ռուսաստանէն՝ 170, Իրանէն՝ 190, Հնդկաստանէն՝ 220 եւ Սուրիայէն՝ 90: Կան ուսանողներ նաեւ Պրազիլէն, Իրաքէն, Չինաստանէն, Գերմանիայէն, Յունաստանէն, Իսրայէլէն, Միացեալ Նահանգներէն, Տաճիկիստանէն, Թիւրքմենիստանէն, Ուրուկուայէն, Շուէտէն, Ռուանտայէն, Ուքրայնայէն, Թուրքիայէն:
Թուրքիայէն ժամանած 4 դիմորդները հայեր են՝ Հայաստանի քաղաքացիներու զաւակներ: Վարչութեան պետին հաւաստիացումով՝ նախորդ երկու տարուան համեմատութեամբ՝ դիմորդներուն քանակը էապէս չէ աճած կամ նուազած: «Մենք հակուած ենք աւելի աշխոյժ քայլերու ձեռնարկել քարոզչական աշխատանքներու ուղղութեամբ՝ համագործակցելով միջնորդ կազմակերպութիւններու հետ, ինչ որ կը նպաստէ Հայաստանի համալսարաններու նկատմամբ հետաքրքրութեան բարձրացման», ընդգծած է Արթուր Ղազարեան:
ԱՊՀ-ի երկիրներէն Հայաստանի մէջ իրենց կրթութիւնը շարունակողներէն շատեր յաճախ կը հաստատուին Հայաստան, այստեղ շարունակելով իրենց գործունէութիւնը: