ANGELUS ՄՐՑԱՆԱԿ
Ռումանահայ քաղաքական գործիչ եւ գրող Վարուժան Ոսկանեան արժանացաւ Angelus գրական մրցանակին, որ կը տրուի Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ։ «news.am» կայքէջի հաղորդումներով, Լեհաստանի ձայնասփիւռը տեղեկացուց, որ Վարուժան Ոսկանեանին այս պարգեւը տրուած է «Շշուկներու գիրք» վէպին համար։ Մրցանակի միջազգային դատակազմը կը գլխաւորէր Ուքրայնայէն բանաստեղծ ու հրապարակագիր Միքոլա Ռիափչուք։
Angelus մրցանակը կը յանձնուի 2006 թուականէն ի վեր՝ լեհերէն հրապարակուած լաւագոյն գիրքի համար։ Դափնեկիր կրնայ դառնալ Կեդրոնական Եւրոպայի քսանմէկ երկիրներէն մէկուն գրողը։ Անցեալ տարուան դափնեկիրը եղած էր Ուքրայնայէն բանաստեղծ ու վիպագիր Սէրկէյ Ժատին՝ «Միջագետք» գիրքին համար։