ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէջ.-

Գեր­մա­նիա­յէն եր­կու բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ այ­ցե­լե­յին Ե­րու­սա­ղէմ, Հա­յոց Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քը։ Այս­պէս, Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան հիւ­րըն­կա­լեց Գեր­մա­նիոյ Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պոս­նե­րու խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Ռէյն­հարտ Մարքս Կար­տի­նա­լը եւ Գեր­մա­նիոյ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Վե­րա­պա­տուե­լի Հան­րիխ Պետ­ֆորտ Սթորհ­մը։

Նո­րին Ա­մե­նա­պա­տուու­թիւ­նը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց այս այ­ցե­լու­թեան հա­մար։ Ջերմ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ, նաեւ Կա­թո­լիկ եւ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մի­ջեւ մշա­կուած եղ­բայ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։

Հարկ է նշել, որ գեր­մա­նա­ցի այս եր­կու բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը է­քիւ­մե­նիք ու­ղե­ւո­րու­թեան մը ձեռ­նար­կած են դէ­պի Սուրբ Եր­կիր եւ այս շրջագ­ծով այ­ցե­լած նաեւ՝ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016