ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

Ա­ՆՈՒ­ՆԻ ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԻՒ՞Ն

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ըն­դու­նուած սո­վո­րու­թիւն էր, որ աղ­ջիկ­ներ 17-18 տա­րե­կա­նին ա­մուս­նա­նա­յին եւ ըն­տա­նիք կազ­մէին։ Ան­շուշտ ի­րենց ա­մու­սին­նե­րը տա­րի­քով ա­ւե­լի մեծ կ՚ըլ­լա­յին, քա­նի ա­նոնք պէտք էր նախ գործ մը ու­նե­նա­յին՝ որ բա­ւա­րար ե­կա­մուտ հայ­թայ­թէին ըն­տա­նի­քի մը ապ­րուս­տը կա­րե­նալ հո­գա­լու հա­մար։

­Հի­մա, սա­կայն կար­ծես վե­րո­յի­շեալ դրու­թիւ­նը յե­ղաշր­ջուած է։ Այ­սինքն՝ կիներ ա­ւե­լի ուշ կ՚ա­մուս­նա­նան, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք կ՚ու­զեն նախ գոր­ծի շա­հա­բեր աս­պա­րէզ մը ա­պա­հո­վել, որ­պէս­զի նիւ­թա­պէս կա­րե­նան ան­կախ ըլ­լալ ի­րենց ա­մու­սին­նե­րէն։

Հե­տե­ւա­բար, կի­ներ սկսած են քա­ռա­սուն տա­րե­կա­նէն ետք յղիա­նալ եւ նոր ըն­տա­նիք կազ­մել։ Այս դա­սա­կար­գին կը պատ­կա­նի՝ ի մի­ջի այ­լոց, մեր այ­սօ­րուայ նիւ­թին հե­րո­սու­հին, Նիւ Եոր­քի NBC կա­յա­նի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 7-9 լու­րե­րու հա­մա­հա­ղոր­դա­վար Սա­վա­նա Կաթհ­րի։

Սա­վա­նա 45 տա­րե­կան է եւ երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով ա­մուս­նա­ցած է։ Եր­կու տա­րի ա­ռաջ ան բախ­տա­ւո­րուե­ցաւ աղ­ջիկ զա­ւա­կով մը՝ Վէյլ ա­նու­նով, եւ այժմ ան նո­րէն յղի է։ Վեր­ջերս՝ ա­ռա­ւօ­տեան լու­րե­րու հա­ղոր­դու­մի ըն­թաց­քին ան բա­ցա­յայ­տեց, որ ծնունդ պի­տի տայ մանչ զա­ւ­կի մը։

Մին­չեւ հոս, ար­տա­կարգ ոչ մէկ ե­րե­ւոյթ։ Սա­կայն ե­կուր տես, որ ա­ռա­ւօ­տեան լու­րե­րու ու­րիշ հա­ղոր­դու­մի մը ըն­թաց­քին, ան հրա­ւի­րեց ա­նուն­նե­րու ընտ­րու­թեան մաս­նա­գէտ մը՝ որ­պէս­զի իր զա­ւ­կին յար­մար ա­նուն մը ա­ռա­ջար­կէ… Առ քե­զի տխմա­րու­թեան հա­զուա­գիւտ ե­րե­ւոյթ մը։

Բա­րե­կամ, մի­թէ հայրն ու մայ­րը ան­կա­րո՞ղ են ի­րենց զա­ւկին ա­նուն մը ո­րո­շել, որ կը դի­մեն այս­պէս կո­չուած ա­նուն զա­տող ար­հես­տա­վարժ «մաս­նա­գէտ»ի մը կար­ծի­քին։

Մեր մօտ հեշտ էր ե­րա­խա­յին ա­նու­նը ո­րո­շե­լը։ Մանչ զա­ւա­կը կ՚ա­նուա­նուէր փե­սա­յին հօր ա­նու­նով, իսկ աղ­ջիկ զա­ւա­կը՝ փե­սա­յին մօր ա­նու­նով։ Հա­զուա­գիւտ պա­րա­գա­նե­րուն ա­նուն­նե­րը կը հա­յա­ցուէին։ Այս­պէս՝ «Եա­խուպ»ը կ՚ըլ­լար Յակոբ, իսկ «Խա­թուն»ը Ազ­նիւ եւ վերջ։

Բայց ար­դար ըլ­լա­լու հա­մար պէտք է ը­սել որ ներ­կա­յիս հա­ւա­նա­բար մենք ալ փո­խուե­ցանք եւ սկսանք օ­տար ա­նուն­ներ գոր­ծա­ծել, օ­րի­նակ՝ Ճան եւ Ճոյս։ Կ՚ե­րե­ւի պէտք է յար­մա­րինք նոր ժա­մա­նակ­նե­րու հրա­մա­յա­կա­նին։

ՍԱ­ՀԱ­ՄՈՅ­ԿԻ (SKATEBOARD) ԴԱ­ՍԸՆ­ԹԱ՞ՑՔ

Հա­մալ­սա­րան­ի մը դա­սըն­թացք­ներ­ը ընդ­հան­րա­պէս թուար­կուած կ՚­­ըլ­լան։ Օ­րի­նակ՝ English 101, 102 եւ History 101, 102: Ա­ռաջ­ին կի­սա­մեա­յի դա­սըն­թաց­քը կը կրէ 101 թիւ­ը, եւ երկր­որդ կի­սա­մեա­յի դա­սըն­թաց­քը՝ 102 թիւ­ը։ Իսկ երկ­րորդ տար­ուա­նը կ՚ըլ­լայ 201, 202 եւ այս­պէս շար­ու­նա­կա­բար։

Մ­­եր այս պատ­մութ­եան ա­ռանցք­ը կը կազմ­է Հա­րա­ւայ­ին Գալ­իֆ­որն­իոյ Հա­մալ­սա­րան­ը (University of Southern Ca­lifornia), որ կը գտնու­ի քա­ղա­քամ­էջ Լոս Ան­ճել­ըս­ի մօ­տա­կայ հա­րա­ւայ­ին շրջան­ը։

Ուր­եմն, 2016-17 տար­եշր­ջա­նի ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­յին նոր դա­սըն­թացք մ­­ը բա­ցուած է, որ կը կոչ­ու­ի Սա­հա­մոյկ 101։ Կր­նա՞ք եր­ե­ւա­կայ­ել, որ հա­մալ­սա­րա­նի մը մէջ սա­հա­մոյկ քշել պիտ­ի սոր­վ­ին ու­սա­նողն­եր­ը։ Իսկ ի՞նչ է այդ դա­սըն­թաց­քի ուս­ում­նա­կան ար­ժէ­քը, ո­չինչ՝ ըստ իս…

Բայց հա­մալ­սա­րան­ի տնօր­էն­ութ­եան ար­դա­րաց­ուց­իչ բա­ցատր­ութ­իւն­ը այն է, թէ սա­հա­մոյկ­ի մրցումն­եր­ը մաս պիտ­ի կազմ­են 2020 թուա­կա­նի ող­իմպ­իա­կան խա­ղեր­ուն, որ­ոնք տեղ­ի պիտ­ի ուն­ե­նան Ճա­բոն­ի մայ­րա­քա­ղաքը՝ Թ­­ոք­իոյ­ի մէջ։ Առ ք­­եզ­ի խեղճ­ուկ­րակ պատ­ճա­ռա­բա­նութ­իւն։

Սա­կայն ն­­ոյն ար­դա­րաց­ուց­իչ պատ­ճա­ռաւ՝ ուր­եմն պէտք է հեծ­իկ քշել­ու դա­սըն­թացք մ­­ըն ալ բա­ցու­ի հա­մալ­սա­րանն­եր­ուն մէջ, քան­ի հեծ­ե­լար­շաւն ալ տա­րին­եր­է ի վեր արդ­էն մաս կը կազմ­է ող­իմպ­իա­կան խաղ­եր­ուն՝ այն­պէս չէ՞։

Եւ եր­ե­ւա­կայ­եց­էք, որ ու­սա­նողն­եր դրամ պիտ­ի տան, որպ­էսզ­ի կար­ե­նան սա­հա­մոյկ քշել­ու դա­սըն­թաց­քի հետ­եւիլ։

Բա­րե­կամ, այս ի­՜նչ օր­ե­րու մնա­ցին­ք։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016