ԻՆՔԶԻՆՔ ԱՆՓՈԽԱՐԻԵԼԻ ԿԱՐԾԵԼ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆՆ Է
Ընդհանրապէս ինքնակեդրոն մարդոց մէջ տեսնուած անբնական երեւոյթ մը՝ զարտողութիւն մըն է՝ «ինքզինք համարել չփոխանակուող արժէք», կարծելով, թէ՝ ո՛չ ոք կրնայ կատարել իրենց կատարած գործը։ Աւելի ժողովրդական խօսքով՝ «ո՛չ ոք կրնայ լեցնել իրենց տեղը», կը կարծեն այդ անձերը։ Եւ այդպիսիներ, նախ իրենց ընտանիքին, յետոյ ընկերութեան եթէ ո՛չ վնաս, բայց որեւէ օգուտ չե՛ն պատճառեր։
Այդ բնաւորութեան տէր անձեր կ՚ապրին միա՛յն իրենց համար՝ կ՚ապրին «ինքնակեդրոն կեանք» մը, կարծես թէ իրենց շրջանակին մէջ միայն իրենք ըլլային։
Ինքնամոլութենէ աւելի վատ երեւոյթ մըն է ասիկա, քանի որ ինքնամոլը, ինքզինք կը բաղդատէ ուրիշներու հետ եւ այդ բաղդատութեան մէջ միշտ ինքզինք անոնցմէ վեր կը նկատէ։ Մինչդեռ ինքզինք անփոխարինելի նկատողը՝ այդ բաղդատութիւնը իսկ չ՚ըներ, քանի որ իրեն համար միա՛յն ի՛նք կայ՝ միա՛կն է ամբողջ ընկերութեան մէջ։ Այսպիսի մարդիկ՝ ուրիշի մը գոյութիւնը չեն ընդունիր, չեն հանդուրժեր ուրիշի մը՝ որ պիտի կատարէ իրենց գործը։ Բաղդատութեան առիթ ալ չեն տար անոնք, աւելի լաւը կամ նուազը ընել չէ՛ անոնց համոզումը, այլ՝ իրենց «եզակի» ըլլալը, միակ (=unique) ըլլալն է։
Թէեւ ընկերային կեանքի մէջ հազուադէպ երեւոյթ մըն է ինքզինք անփոխարինելի կարծելու պարագան, բայց հազուագիւտ ալ ըլլայ, ի վերջոյ ընկերային կեանքի ընթացքը խաթարող, խանգարող «շեղո՛ւմ» մըն է այս երեւոյթը։
Մա՛րդ անզուգական չի՛ կրնար ըլլալ, քանի որ իւրաքանչիւր անհատ մէկ ուրիշին օգնութեան կոչուած է եւ ամէն մէկուն որոշ կարողութիւններ, յատկութիւններ տրուած է՝ որպէսզի մէկը միւսը ամբողջացնէ, լիացնէ եւ զօրացնէ։ Պահ մը խորհինք միասին, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եթէ որեւէ գործի մէջ միայն մէկ հոգիի տրուած ըլլար որեւէ յատկութիւն կամ կարողութիւն, կարելի՞ էր որ մարդոց իրերօգնութեան կոչումը իրականանար։ Ըսենք, որ այդ «միակ» մարդը պարտազանց գտնուեցաւ, արդ ուրեմն, պիտի չկատարուի՞ «իրերօգնութեան» սկզբունքը, եւ անօգուտ, անօգնական՝ առանց աջակիցի, առանց օժանդակի պիտի մնա՞ն մարդիկ։
Վստա՛հ պէտք է ըլլալ, թէ՝ ընկերային կեանքի ընթացքը, ինքզինք անզուգական, անփոխարինելի կարծող մոլորածի մը պատճառով երբեք չի՛ խախանիր, չի՛ կասեցուիր եւ չի՛ դադրիր։
Եւ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ աւելի նպաստաւոր կ՚ըլլայ, երբ իրենք զիրենք անփոխարինելի կարծողները հեռանան, գոնէ խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն կը տիրէ…։
Եւ որքա՜ն գեղեցիկ կը հնչէ հոգեկանին «սիրոյ բարեխօս» արտայայտութիւնը, որ դժբախտաբար քիչեր կ՚արժանանան այս պատուաբեր տիտղոսին։ Եւ մարդիկ չեն սիրեր, քանի որ չե՛ն ուզեր սիրել։
Արդարեւ եթէ մարդիկ ունենան անկեղծ սէր, իրապէս սիրել փափաքին զիրար, այլապէս երբե՛ք իրենք զիրենք անփոխարինելի չեն նկատեր, եւ միշտ արժէք կու տան ուրիշին տարբեր մէկուն եւ ինքնակեդրոն չեն ըլլար, այլ՝ այլասէ՛ր։ Ուրեմն ամէն զգացումի բանալին «անկեղծ սէ՛ր»ն է։
Եկէ՛ք, սիրելինե՛ր, առակով մը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները սիրոյ մասին, որ բոլոր զգացումներուն մեկնակէտը, սկի՛զբն է։
Աւանակը, պարտէզ մը կը մտնէ եւ հիացումով կը մօտենայ գետինը տարածուած, աչքի զարնող իր տեսքէն փքուած՝ ընդարձակուած, ուռչած, մեծ եւ արեւի ճառագայթներէն փայլափլող դեղնաւուն, այսինքն՝ դեղինի զարնող գոյնով պտուղի մը, եւ կ՚ըսէ.
«Ի՜նչ գեղեցիկ ես ու ախորժելի, վերջապէս գտայ իմ երկրորդ կէսը։ Ի՞նչ է անունդ»։
Պտուղը կը պատասխանէ.
«Ինծի դդմենի (դդումի բոյս) կ՚ըսեն։ Իսկ քու ականջները ինչո՞ւ աւանակի ականջներու նման երկար են»։
Աւանակը աւելի մեծ հիացմունքով կ՚ըսէ.
«Որովհետեւ ես աւանակ եմ։ Սիրոյ հրեշտակները ինծի յիմար կ՚ըսէին։ Նոյնիսկ հասայ երկնքի արքայութիւն եւ փափաքեցայ ներս մտնել եւ իմ երկրորդ կէսը փնտռել, բայց հրեշտակները թոյլ չտուին եւ զիս ուղարկեցին այստեղ։ Զիս մխիթարեցիր. կը տեսնեմ, որ ինձմէ աւելի՛ յիմարը կայ։ Զուր չեն ըսեր, որ դդումն ալ արտաքինով գեղեցիկ է, բայց ան նորէն ալ դդում է…»։
Սիրոյ հրեշտակը կ՚իջնէ երկինքէն եւ կը յորդորէ աւանակին, ըսելով.
«Քու անմտութեանդ համար չափ ու սահման չկա՛յ, քեզ ուղարկեցի այստեղ՝ այս պարտէզը, քանի որ քիչ հեռուն աւանակ մը կայ ուրիշ, որ ան ալ ուղարկած եմ, իսկ դուն եկար եւ դդումին մօտեցար։ Հիմա, արագ կերպով գնա՛ դէպի միւս աւանակը, քանի տակաւին ան ալ՝ հմայուած ծաղիկներով՝ ամբողջութեամբ չէ կերած պարտէզի վարդերը»։
Յովհաննէս Սարկաւագ Մանուկեան կը պատմէ այս առակը առանց մեկնաբանութեան։
Արդարեւ, ժողովրդական իմաստութիւնը ի զուր չէ ըսած. «Էշը ի՛նչ գիտէ նուշը…»։
Մինչդեռ, եթէ իւրաքանչիւր անձ գիտնար իր կարողութեան, իր յատկութիւններուն չափը եւ սահմանը, եւ ըստ այնմ վարուէր, վստահաբար հարցերէն շատ քիչը կը պատահէր մեր կեանքին մէջ, պատահածներն ալ շուտով լուծում կը գտնէին։
Վերջացնենք՝ «Հայելի Վարուց. Բարոյախրատական Պատուէրներ, Ս. Էջմիածին, 2007»էն քաղուած առակով մը։
Կրօնաւոր մը կար՝ զգեստով, ո՛չ թէ վարքով, անունով, ո՛չ թէ արդիւնաւորութեամբ՝ մեծապէս վարժ եւ սովոր բոլոր տեսակի բամբասանքներու։
Երբ մահանալու ժամանակը մօտեցաւ, անոր խրատուեցաւ, որ խոստովանի եւ մեծ փութաջանութիւն դրսեւորէ իր հոգիին փրկութեանը համար։
Ան ալ պատասխանեց, թէ՝ «Չե՛մ կրնար ընել այդ»։ «Ինչո՞ւ», հարցուցին, հետաքրքրութեամբ։
Անիկա սապէս պատասխանեց. «Չե՛մ կրնար»։ Եւ երբ պէս-պէս խօսքերով անոր կը յորդորէին, որ վերջին շունչին ամբողջ ճիգ ու ջանքով եւ կատարեալ յոյսով դիմէ Աստուծոյ ողորմութեան եւ Փրկչին մարդասիրութիւնը խնդրէ, ան ալ, հանելով լեզուն, մատով հարուածեց լեզուին, ըսելով. «Ամենաչար լեզուն՝ այս իմ լեզուն դատապարտեց զիս»։
Եւ երբ այս բանը ըսաւ, լեզուն այնքա՜ն մեծցաւ, որ այլեւս բերանին մէջ չէր կրնար տեղաւորուիլ։ Եւ այսպիսի մահուամբ մեռնելով՝ բոլոր բամբասողներուն կորստեան օրինակ ցոյց տուաւ։
Արդարեւ, բամբասանքը՝ ախտաւոր հոգիներու եւ խաւար միտքերու ունակութի՜ւն մըն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 20, 2016, Իսթանպուլ