ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԺԿ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ
Դէպի Հոլանտա աշխատանքային այցելութեան շրջագծով՝ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մաասթրիխթի մէջ մասնակցեցակ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթաժողովին։ ԵԺԿ-ի նախագահ Ժոզըֆ Տոլի կողմէ գլխաւորուած հաւաքին ներկայ էին նաեւ Եւրոմիութեան խորհուրդի անդամ Տոնալտ Թուսք, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր, ինչպէս նաեւ ԵՄ-ի եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներէն ԵԺԿ-ի անդամ կուսակցութիւնները ներկայացնող պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ։
Լիմպուրկի նահանգապետարանէն ներս կազմակերպուած հաւաքին ընթացքին Սարգսեան ունեցաւ ելոյթ մը։ Ան այս առթիւ կանգ առաւ տարածքաշրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն վրայ։
Միւս կողմէ, Մաասթրիխթի մէջ Սարգսեան այցելեց նաեւ Սուրբ Կարապետ եկեղեցին, ուր տեսակցեցաւ տեղւոյն հայ համայնքէն դէմքերու հետ։
Ան կարճատեւ հանդիպում մը ունեցաւ եկեղեցական վարչութեան անդամ «Անի» հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որ կը մասնակցի հոլանտահայկական կազմակերպութիւններու ձեռնարկներուն: Սերժ Սարգսեան զրուցեց համայնքային առօրեային, խնդիրներուն, ծրագիրներուն, Հայաստանի հետ համագործակցութեան ամրապնդման հնարաւորութիւններուն շուրջ, նաեւ պատասխանեց հանդիպման մասնակիցները հետաքրքրող հարցումերուն: