«ՀՐԱՇՔՆԵՐ ԿԱՓԱՌՆԱՅՈՒՄԻ ՄԷՋ»

«Հրաշք»ը հո­գե­ւոր կեան­քի ա­մե­նա­խորհր­դա­ւոր եւ շա­հե­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մին է։ Հրաշ­քի նիւ­թով յա­ճախ ար­տա­յայ­տուած ենք այս սիւ­նակ­նե­րու մէջ։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, հրաշ­քը մշտա­նո­րոգ եւ յա­րա­կայ ե­րե­ւոյթ մըն է մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ եւ յա­ճախ մար­դիկ դէմ յան­դի­ման կը գտնուին ա­նոր հետ, ո­մանք կ՚անդ­րա­դառ­նան, ո­մանք ալ կ՚ան­տե­սեն զայն, եւ կեան­քի բնա­կան ըն­թաց­քին մէջ սո­վո­րա­կան կը սե­պեն։ Սա­կայն, մար­դուս ա­ռօ­րեա­յին մէջ, գո­նէ մի քա­նի ան­գամ, ան­պայ­մա՛ն կը պա­տա­հի հրաշք մը եւ ըն­թացք կու տայ կեան­քին։

Այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով, ա­հա­ւա­սիկ կ՚ու­զենք մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն ներ­կա­յաց­նել Վեր. Ժիլ­պեր Լե­ւո­նեա­նի «Հրաշք­ներ Կա­փառ­նա­յու­մի մէջ» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծը՝ Սի­րան Սվա­ճեա­նի թարգ­մա­նու­թեամբ, որ հրա­տա­րա­կուած է «Բան­բեր» պար­բե­րա­թեր­թի Նո­յեմ­բեր-Դեկ­տեմ­բեր 2011-ի 33-րդ թի­ւին մէջ. («PANPÈRE» Revue Bimestrielle Évangélique. Novembre Décembre 2011. No. 33)։

«Մէկ գի­շե­րուան մէջ Յի­սուս կը բժշկէ շատ մը հի­ւանդ­ներ՝ տե­սա­կա­ւոր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէ եւ տկա­րու­թիւն­նե­րէ բռնուած, ինչ­պէս նաեւ չար ո­գի ու­նե­ցող դի­ւա­հար­ներ։ Մատ­թէո­սի ա­ւե­տա­րա­նի 8-րդ գլ­խուն 16-17-րդ հա­մար­նե­րուն յի­շուած այս բժշկու­թիւն­նե­րը կը գտնենք նոյն­պէս ա­նոնց զու­գա­հեռ Ղուկ. 4. 40-41-ին, ինչ­պէս նաեւ Մատթ. 4. 23-24 հա­մար­նե­րուն մէջ։

«Ի­րի­կու­նը կամ ա­րե­ւին մար մտած ա­տե­նը ե­կաւ։ Ֆի­զի­քա­կան, հո­գե­կան կամ մտա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէ եւ տկա­րու­թիւն­նե­րէ բռնուած­նե­րուն հա­մար, ընդ­հան­րա­պէս ա­մե­նէն դժուար պա­հը, որ վա­խով, ճնշուա­ծու­թեամբ ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով լե­ցուն կ՚ըլ­լայ՝ ի­րի­կունն է, երբ ա­րե­ւը մար կը մտնէ։ Ցե­րե­կը աղ­մուկ կայ, ե­ռու­զեռ, եր­բեմն այ­ցե­լու­թիւն­ներ, սա­կայն երբ հի­ւան­դը մի­նակ կը մնայ հի­ւան­դա­նո­ցի մա­հի­ճին վրայ կամ տան ան­կո­ղի­նին մէջ, ճնշում­նե­րը կը սկսին բարձ­րա­նալ. հի­ւան­դի մը հա­մար, գի­շե­րուան ա­ռանձ­նու­թիւ­նը դժուար է դի­մագ­րա­ւել, ո­րով­հե­տեւ ո՛չ միայն հի­ւան­դու­թեան տա­ռա­պան­քը հոն է… հո՛ն է նաեւ անք­նու­թիւ­նը, ո­րու մի­ջո­ցին ժխտա­կան գա­ղա­փար­ներ մեր մտքե­րը կը լեց­նեն։

«Ար­դեօք շատ եր­կար ժա­մա­նակ պի­տի մնա՞մ այս տկա­րու­թեանս մէջ։

«Ար­դեօք օր մը պի­տի բժշկուի՞մ։

«Ար­դեօք ա­ռա­ւօ­տեան պի­տի արթն­նա՞մ։

«Բո­լոր ա­սոնք, նաեւ ու­րիշ հար­ցում­ներ մեր մէջ կը յա­ռա­ջաց­նեն ա­նա­պա­հո­վու­թեան զգա­ցու­մը եւ ե­թէ կա­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուի՝ կրնայ տագ­նա­պի տե­ղի տալ։ Խա­ւա­րը, լռու­թիւ­նը, զի­րար հա­կա­սող խոր­հուրդ­նե­րը, քուն գտնե­լու դժուա­րու­թիւ­նը… այս բո­լոր հար­ցե­րը կաս­կած­նե­րու կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն հի­ւան­դը, ա­րե­ւուն մար մտած ա­տեն ու գի­շե­րուան սկիզ­բը։

«Մե­զի ա­պա­հո­վու­թիւն տուող եւ նոյ­նիսկ մեզ քա­ջա­լե­րող ու մխի­թա­րող բա­նը այն է, թէ ճիշդ ա՛յդ պա­հուն Յի­սուս կ՚ըն­դու­նի հի­ւանդ­նե­րը եւ տկար­նե­րը՝ զա­նոնք բու­ժե­լու հա­մար։ Յի­սուս կրնար ի­րա­ւա­ցիօ­րէն զա­նոնք ետ ղրկել այն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ, որ օ­րը եր­կար ու ծանր ե­ղած էր եւ թէ Ի՛նք ալ ի­րա­ւունք ու­նէր հանգս­տա­նա­լու։ Ան կրնար պա­տաս­խա­նել.- Զիս մի՛ խան­գա­րէք, վա­ղը կամ ու­րիշ օր մը ե­կէք, ը­սե­լով. բայց ո՛չ. Յի­սու­սի մա­սին հիա­նա­լին այն է, որ Ան մի՛շտ տրա­մադ­րե­լի է գո­հաց­նե­լու իւ­րա­քան­չիւ­րիս կա­րիք­նե­րը։ Ցե­րեկ ըլ­լայ թէ գի­շեր, անք­նու­թեան պա­հուն, մտա­հո­գու­թեան թէ՛ տագ­նա­պի խա­ւա­րին մէջ, եր­թա՛նք Քրիս­տո­սի, իր ա­նու­նը կան­չենք, ա­ղօ­թե՛նք, հո­գե­ւոր եր­գեր եր­գենք, մեր սրտե­րը բա­նանք ա­նոր, հա­ւատ­քով եւ կա­տա­րեալ վստա­հու­թեամբ յայտ­նենք մեր խնդրանք­նե­րը, խորհր­դա­ծենք 121-րդ Սաղ­մո­սին վրայ, գոց սոր­վինք զայն, նմա­նինք այն բա­րե­կա­մին, որ կէս գի­շե­րին օգ­նու­թեան ձեռք կ՚եր­կա­րէ յոգ­նած եւ ա­նօ­թի ճամ­բոր­դին։

«Յի­սուս միշտ թոյլ կու տայ, որ խան­գա­րենք զինք՝ մե­զի կա­տա­րեալ խա­ղա­ղու­թիւն տա­լու եւ մեր ան­հանգս­տու­թե­նէն ա­զա­տե­լու հա­մար։ Ան մե­զի կ՚ը­սէ.

«Խնդրե­ցէ՛ք ու պի­տի տրուի ձե­զի։

«Փնտռե­ցէ՛ք եւ պի­տի գտնէք։

«Դու­ռը զար­կէք ու պի­տի բա­ցուի ձե­զի։

«Մատ­թէո­սի Ա­ւե­տա­րա­նի 8-րդ գլ­խուն 1-17-րդ հա­մար­նե­րուն մէջ ե­րեք բժշկու­թեան պա­րա­գա­ներ կը տես­նենք, ո­րոնք Յի­սու­սի ան­հեր­քե­լի իշ­խա­նու­թիւ­նը ցոյց կու տան, նաեւ ա­նոր բա­րու­թիւ­նը եւ կա­րեկ­ցու­թիւ­նը՝ տա­ռա­պող­նե­րու եւ վի­րա­ւոր­նե­րու հան­դէպ։ Իւ­րա­քան­չիւր բժշկու­թիւն, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, կը վե­րա­բե­րի ար­հա­մար­հուած, ա­նար­գուած կամ երկ­րորդ դա­սա­կար­գի ան­ձե­րու։

«Բո­րոտ մը, որ ըստ Օ­րէն­քին՝ ան­մա­քուր (պիղծ) էր իր հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռաւ. Յի­սուս կը դպչի ա­նոր, կը բժշկէ եւ կը մաք­րէ զայն։

«Հռով­մա­յե­ցի հա­րիւ­րա­պետ մը, որ ան­մա­քուր կը սե­պուէր իր ցե­ղա­յին ծագ­ման պատ­ճա­ռաւ. Յի­սուս կը բժշկէ ա­նոր ծա­ռան։

«Կին մը՝ Պետ­րո­սի զո­քան­չը, ինչ­պէս այդ դա­րուն բո­լոր կի­նե­րը, ան եւս այ­րե­րէն պա­կաս կը սե­պուէր եւ ան­մաք­րու­թեան աղ­բիւր։ Յի­սուս չի վա­րա­նիր բու­ժե­լու զայն իր ջեր­մէն՝ ա­նոր ձեռ­քը բռնե­լով, իսկ ան ոտ­քի ել­լե­լով ան­մի­ջա­պէս կը ծա­ռա­յէ Յի­սու­սի եւ Աս­տու­ծոյ Թա­գա­ւո­րու­թեան։

«Ա­հա­ւա­սիկ Ա­ւե­տա­րա­նին բա­րի լու­րը. Յի­սու­սի տուած բժշկու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին ուղ­ղուած է, ա­ռանց կրօն­քի, մշա­կոյ­թի կամ սե­ռի խտրու­թեան։ Յի­սուս, Յա­ւի­տե­նա­կան Աս­տու­ծոյ Ծա­ռան, ե­կաւ բժշկե­լու եւ ա­զա­տե­լու տա­ռա­պեալ­նե­րը, ա­ռանց -Փշրե­լու ջախ­ջա­խուած ե­ղէ­գը կամ մա­րե­լու պլպլա­ցող պատ­րոյ­գը-. Ե­ՍԱՅ. 42, 3։

«Դո՛ւն, որ այս տո­ղե­րը կը կար­դաս, ար­դեօք ի՞նչ կայ այ­սօր կեան­քիդ մէջ՝ այս նիւ­թը յի­շեց­նող։

«Քե­զի հա­կա­ռա­կող պա­րա­գա­ներ դի­մագ­րա­ւե­լո՞ւ ստի­պուած էիր, չա­րա­միտ­ներ խօս­քով կամ ա­րարք­նե­րով քեզ վի­րա­ւո­րե­ցի՞ն, կեանքդ նմա՞ն է ջախ­ջա­խուած ե­ղէ­գին։ Յի­սուս կ՚ու­զէ վե­րա­կանգ­նել, նո­րո­գել ու բու­ժել մէջդ ե­ղող փճա­ցած, ձե­ւա­փո­խուած պատ­կե­րը, որ­պէս­զի վերս­տեղ­ծէ Աս­տու­ծոյ գե­ղե­ցիկ պատ­կե­րը ա­նոր փո­խա­րէն։

«Թե­րեւս կեանքդ նման է -Պլպլա­ցող պատ­րոյգ-ին, որ մա­րե­լու մօտ է. գիտ­ցի՛ր, որ հա­ւատ­քի, սի­րոյ եւ ա­պա­գա­յի յոյ­սի պատ­րոյ­գը բո­լո­րո­վին չէ մա­րած։

«Քու դի­մագ­րա­ւած ձա­խո­ղու­թիւն­նե­րուդ ու յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րուդ պատ­ճա­ռով այ­լեւս պայ­քա­րե­լու կամք չու­նի՞ս. զա­ռի­վե­րէն դար­ձեալ ել­լե­լու փա­փաք չու­նի՞ս, տրա­մադ­րու­թիւնդ կորսն­ցու­ցած՝ կը խոր­հիս, թէ այ­լեւս ո­րե­ւէ՛ ելք չկա՞յ։ Կեան­քիդ ա­րե­ւը մար մտնե­լու վրայ է եւ կաս­կած­նե­րու գի­շե՞­րը սկսած է մէջդ տե­ղա­ւո­րուիլ։

«Յի­շէ՛, թէ ա­րե­ւուն մար մտած ա­տեն էր, երբ հի­ւանդ­նե­րը Յի­սու­սի բե­րին եւ Ինք բու­ժեց զա­նոնք։

«Երբ հա­ւատ­քով Քրիս­տո­սը ըն­դու­նիս, Ան ո՛չ միայն -Պլպլա­ցող պատ­րոյգդ- պի­տի չմա­րէ, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ Սուրբ Հո­գիին ներ­գոր­ծու­թիւ­նո­վը կա­մաց-կա­մաց պի­տի փչէ, սի­րով ու համ­բե­րու­թիւ­նով, որ­պէս­զի պատ­րոյ­գիդ կեանք տայ եւ կեան­քի հա­մը վե­րա­դարձ­նէ քե­զի։

«Ա­րե­ւը մար մտած ա­տեն, այս այր մար­դիկն ու կի­նե­րը՝ բժշկուե­լու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ու­նե­ցան, երբ ի­րենց բա­րե­կամ­նե­րը եւ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը զի­րենք Յի­սու­սի բե­րին, ա­նոնք ե­կած էին յու­սա­հատ եւ ու­ժա­թափ, ինչ­պէս կրնայ պա­տա­հիլ իւ­րա­քան­չիւ­րիս, սա­կայն Յի­սու­սի հետ շփման մէջ մտնե­լով, ա­նոնց կեան­քը բո­լո­րո­վին փո­խուե­ցաւ։

«Ա­րե­ւին մար մտած ա­տեն՝ ա­մէն ա­նոնք, որ տե­սակ-տե­սակ ցա­ւե­րով հի­ւանդ­ներ ու­նէին, ի­րեն բե­րին զա­նոնք. Ի՛նք ալ ա­մէ՛ն մէ­կուն վրայ ձեռք դնե­լով բժշկեց զա­նոնք։ Ղուկ. 4. 41։

«Այ­սօ՛ր եւս Քրիս­տոս կեն­դա­նի է եւ կա­րո՛ղ մեզ բժշկե­լու մեր բո­լոր ֆի­զի­քա­կան, հո­գե­կան եւ մտա­յին ցա­ւե­րէն։ Խո­նար­հու­թեամբ ըն­դու­նե­լու ենք, թէ քսան­մէ­կե­րորդ դա­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, չենք կրնար ը­սել, թէ մեր բո­լոր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րուն բժշկու­թիւ­նը կը վա­յե­լենք, ինչ­պէս Յի­սու­սի օ­րե­րուն, երբ Ան ա­մէն տե­սա­կի հի­ւան­դու­թիւն կը բու­ժէր, կը պա­տա­հի, որ ո՛չ մէկ տրա­մա­բա­նա­կան բա­ցատ­րու­թիւն գտնենք ո­րոշ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք կը շա­րու­նա­կուին հա­կա­ռակ մեր ա­ղօթք­նե­րուն եւ ո­րոնց պատ­ճա­ռը ան­պայ­ման ան­հա­ւա­տու­թիւ­նը չէ. ա­սի­կա Աս­տու­ծոյ խոր­հուրդ­նե­րուն մաս կը կազ­մէ եւ պէտք չէ՛ մեզ յու­սա­հա­տեց­նէ, ո­րով­հե­տեւ նոյ­նիսկ նման պա­րա­գա­նե­րուն՝ Քրիս­տոս մեր մօտն է մե­զի տա­լու ոյժ, համ­բե­րու­թիւն ու հա­ւատք, որ­պէս­զի հաս­տա՛տ մնանք այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, սա­կայն սկսինք հա­ւատ­քով ա­ղօ­թե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը ի գործ դնել եւ եր­բեմն ալ. -Ձեռք դնել-ով, որ­պէս­զի Յի­սուս բժշկէ։

«Ի՞նչ է մեր բժշկու­թեան աղ­բիւ­րը.- Որ­պէս­զի Ե­սա­յի մար­գա­րէին մի­ջո­ցով ը­սուած խօս­քը կա­տա­րուի.- Ա­նի­կա մեր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը վեր­ցուց եւ մեր ցա­ւե­րը կրեց։ Այս հա­տուա­ծին մէջ, հի­ւան­դու­թիւ­նը կա­պուած է Աս­տու­ծոյ Ծա­ռա­յին մա­հուան հետ, որ զո­հուե­ցաւ իր ժո­ղո­վուր­դին յան­ցանք­նե­րուն հա­մար. (Ե­սայ. 53. 8, Մատթ. 20.28, 3.17)

«Այս կա­պը կը յի­շեց­նէ, թէ հի­ւան­դու­թիւ­նը եւ մա­հը միայն -biologique- պատ­ճա­ռով չեն, այլ նաեւ մարդ ա­րա­րա­ծի դիր­քէն՝ իր Աս­տու­ծոյն հան­դէպ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք՝ հե­տե­ւանքն են ան­կու­մին. (Ծննդ. 3.19, Հռոմ. 6.23)։

«Ու­րեմն, հի­ւան­դու­թեան ու մա­հուան վրայ յաղ­թա­նա­կը կա­խեալ է մե­ղա­պար­տու­թե­նէ զերծ կա­ցու­ցուե­լէն։

«Քրիս­տոս զո­հուե­ցաւ մե­զի հա­մար, խա­չին վրայ մե­ռաւ, որ կրէ մեր յան­ցանք­նե­րը, հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը եւ տկա­րու­թիւն­նե­րը։ Մեր փո­խա­րէն Ան ծե­ծուե­ցաւ, փու­շէ պսա­կը դրուե­ցաւ, գա­մե­րով ու գե­ղար­դով խո­ցուե­ցաւ մար­մի­նը, ա­պա յա­րեաւ, յաղ­թեց մեղ­քին, մա­հուան ե՛ւ հի­ւան­դու­թեան։

«Եր­թա՛նք ա­նոր՝ ինչ­պէս որ ենք, հա­ւատ­քով ու հա­ւա­տար­մու­թեամբ ա­նոր յանձ­նենք մեզ տան­ջող բո­լոր նիւ­թե­րը եւ հար­ցե­րը։

«Ա՛լ պէտք չու­նիս տան­ջուե­լու. ա­հա­ւա­սի՛կ Աս­տու­ծոյ սի­րոյն բա­րի լու­րը քե­զի՛»։

­Վեր. Ժիլ­պեր ԼԵ­ՒՈ­ՆԵԱՆ

Թրգ. Սի­րան ՍՎԱ­ՃԵԱՆ

Յի­սուս իր ա­շա­կերտ­նե­րուն կ՚ը­սէ, թէ հրաշ­քի հա­մար պայ­մա՛ն է հա­ւատ­քը եւ եր­բեմն ալ՝ ծո­մա­պա­հու­թիւ­նը։ Ու­րեմն ա­ղօ­թենք այն­պէս՝ որ մեր ա­ղօթ­քը հրաշք­նե՜ր գոր­ծէ եւ փո­խէ կեան­քին բնա­կան ըն­թաց­քը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 17, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016