Ար­հես­տա­գի­տու­թիւն… Երկ­սայ­րի Սուր

Հին ա­սա­ցուած­քը կ՚ը­սէ՝ «Անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը գիւ­տին մայրն է»: Գիւ­տե­րը եւ յայտ­նա­բե­րում­նե­րը ար­դիւնք են մարդ­կա­յին կեան­քի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն­նե­րուն եւ մարդ­կա­յին բաղ­ձան­քին՝ աշ­խար­հը ա­ւե­լի լաւ տեղ մը դարձ­նե­լու: Օ­րա­կան նոր եւ ա­ւե­լի նոր նուա­ճում­ներ կ՚ար­ձա­նագ­րուին, յատ­կա­պէս ար­հես­տա­գի­տու­թեան մար­զին մէջ: Ըն­կե­րու­թեան եւ ան­հատ­նե­րու կեան­քե­րը ուղ­ղա­կի եւ ա­նուղ­ղա­կի ձե­ւե­րով կ՚ազդուին ար­հես­տա­գի­տու­թեան զար­գա­ցու­մով: Ըն­կե­րու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի կա­խեալ դար­ձած է ար­հես­տա­գի­տու­թե­նէն, այն աս­տի­ճան, որ յա­ճախ մտա­ծե­լու կա­մե­ցո­ղու­թիւ­նը կը նուա­զի նախ­քան քայլ մը առ­նե­լը: Այս­տեղ կը ներ­կա­յաց­նենք քա­նի մը նոր նուա­ճում­ներ, ո­րոնց­մէ ո­մանք կրնան վի­ճե­լի ըլ­լալ:

*

ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ «ԼՈ­ՔԱԼԶ»Ը
10 ԵՐ­ԿԻՐ­ՆԵ­ՐՈՒ ՄԷՋ

Զբօ­սաշր­ջիկ­ներն ու զբօ­սա­վար­նե­րը կա­պող հայ­կա­կան «Լո­քալզ» հար­թա­կը յա­ռա­ջի­կայ քա­նի մը շա­բաթ­նե­րուն ըն­թաց­քին  կը սկսի գոր­ծել միեւ­նոյն ա­տեն 10 եր­կիր­նե­րու մէջ: Այս մա­սին տե­ղե­կա­ցուց ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն Ար­տա­ւազդ Սո­խի­կեան:

«Լո­քալզ»ը զբօ­սա­վա­րը եւ զբօ­սաշր­ջի­կը կա­պող հար­թակ է, որ կը նպաս­տէ տե­ղա­կան զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման: «Ո­ւէպ» տար­բե­րա­կով ա­տի­կա սկսած է գոր­ծել Մա­յիս 2016-էն, իսկ Յու­լի­սէն ար­դէն հա­սա­նե­լի էր «IOS», «Android» եւ «Windows» հա­մա­կար­գե­րուն հա­մար:

Ար­ձա­նագ­րուե­լով հա­մա­կար­գին մէջ, զբօ­սաշր­ջի­կը կը յա­ջո­ղի գտնել ի­րեն յար­մար ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցող զբօ­սա­վա­րը: Հար­թա­կին մէջ կրնայ ար­ձա­նագ-րըւիլ տուեալ երկ­րին մէջ ապ­րող ոե­ւէ մարդ, որ կը փա­փա­քի զբօ­սա­վա­րի  ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցել: Մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յին մէջ կան նմա­նա­տիպ բազ­մա­թիւ հար­թակ­ներ, ո­րոնց­մէ թե­րեւս կա­րե­լի է ա­ռանձ­նաց­նել «Վիա­թոր»ը, որ 2014 թուա­կա­նին 200 մի­լիոն տո­լա­րի գնուե­ցաւ «Թրիփ Էտ­վայ­զըր»ի կող­մէ: Սա­կայն շու­կա­յին մէջ ար­դէն գոր­ծող հար­թակ­նե­րէն «Լո­քալզ»ը կը տար­բե­րի ա­նով, որ այս­տեղ զբօ­սաշր­ջի­կը կը թե­լադ­րէ շրջա­գա­յու­թեան ի­րեն հա­մար փա­փա­քե­լի պայ­ման­նե­րը՝ ա­ռա­ջար­կուող դա­սա­կան շրջա­գա­յու­թիւն­նե­րուն փո­խա­րէն:

Ըստ Ար­տա­ւազդ Սո­խի­կեա­նի, փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ այս մի­ջո­ցով ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցող զբօ­սա­վար գտնե­լը բա­ւա­կան ա­րագ է եւ ա­ժան: «Լո­քալզ»ի  մի­ջո­ցով զբօ­սա­վար եւ շրջա­գա­յու­թիւն գտնե­լով՝ զբօ­սաշր­ջի­կը  շու­կա­յա­կա­նէն 2.5 ան­գամ նուազ կը վճա­րէ», կ՚ա­ւելց­նէ «Լո­քալզ»ի տնօ­րէ­նը:

Զբօ­սաշր­ջու­թեան մար­զը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մեծ փո­փո­խու­թիւն­ներ կրած է՝ կա­պուած ար­հես­տա­գի­տու­թեան յա­ռա­ջըն­թա­ցին հետ: Այժմ տոմ­սե­րը կը գնեն ե­լեկտ­րո­նա­յին տար­բե­րա­կով, կը շրջա­գա­յին «Իւ­պեր» կամ նմա­նա­տիպ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն ա­ռա­ջար­կած մե­քե­նա­նե­րով, եւ «Լո­քալզ»ի ա­ռա­ջար­կած լու­ծու­մը այս շղթա­յի տրա­մա­բա­նա­կան օ­ղա­կը կը դառ­նայ: Հար­թա­կը այս պա­հուն կը գոր­ծէ Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի մէջ: Հա­մա­կար­գին մէջ ար­դէն ար­ձա­նագրուած են 150 զբօ­սա­վար  եւ 800 զբօ­սաշր­ջիկ, իսկ յա­ռա­ջի­կայ քա­նի մը շա­բաթ­նե­րուն ըն­թաց­քին «Լո­քալզ»ը պի­տի սկսի գոր­ծել 10 եր­կիր­նե­րու մէջ միեւ­նոյն ա­տեն:

«Հայ­կա­կան շու­կան շատ փոքր է՝ բաղ­դա­տե­լով եւ­րո­պա­կան շու­կա­յին հետ, ուր տա­րե­կան մօտ 380 մի­լիոն զբօ­սաշր­ջիկ կը ճամ­բոր­դէ: Հա­յաս­տա­նի մէջ այդ թի­ւը 1.2 մի­լիո­նի կը հաս­նի, ո­րուն 10 տո­կո­սը միայն կ՚օգ­տուի զբօ­սա­վա­րի ծա­ռա­յու­թե­նէն: Եւ­րո­պա­կան շու­կայ մտնե­լը մե­զի հա­մար ա­ռաջ­նա­յին խնդիր է, զոր յա­ռա­ջի­կա­յին պէտք է փոր­ձենք լու­ծել», կ՚ընդգ­ծէ Ար­տա­ւազդ Սո­խի­կեան: Խօ­սե­լով հայ­կա­կան սկսնակ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու խնդիր­նե­րուն մա­սին,  Ար­տա­ւազդ Սո­խի­կեան նշեց, որ յա­ջո­ղու­թեան պատ­մու­թիւն­նե­րու սա­կա­ւու­թեան պատ­ճա­ռով Հա­յաս­տա­նի մէջ կը զգացուի խորհր­դա­տու կա­ռոյց­նե­րու պա­կաս:

Սկսնակ­նե­րու հա­մա­կար­գի զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ գնա­հա­տե­լի աշ­խա­տանք կը տա­րուի նաեւ սփիւռ­քի ար­հես­տա­գի­տա­կան մար­զի մաս­նա­գէտ­նե­րուն կող­մէ: Սո­խի­կեան կը նշէ, որ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ կան այս մար­զէն ներս ազ­դե­ցիկ հայ մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնք մեծ ներդ­րում ու­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ խորհր­դա­տուա­կան մար­զին նիւ­թա­կան օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­լու գծով:

Անդ­րա­դառ­նա­լով հայ­կա­կան սկսնակ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին շու­կա­յին մէջ տեղ գտնե­լու խնդիր­նե­րուն, Ար­տա­ւազդ Սո­խի­կեան նշեց, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ շատ յա­ճախ պատ­կե­րա­ցում չկայ հա­մաշ­խար­հա­յին շու­կա­յի պա­հանջ­նե­րուն ու խնդիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ:

Նշենք, որ 3-5 Հոկ­տեմ­բե­րին Պրա­զի­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած «Տե­ղե­կա­տուա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան շուրջ հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­ժո­ղով»ի (WCIT) ծի­րին մէջ  «Լո­քալզ»ը մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած է Զար­գա­ցող թուա­յին լու­ծում­նե­րու ա­նուա­նա­կար­գին մէջ: 2019 թուա­կա­նին WCIT-ը պի­տի կա­յա­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ:

ՀԱՅ ՀԱ­ՄԱԼ­ՍԱ­ՐԱ­ՆԱ­ԿԱՆ­ՆԵ­ՐԸ  ՍՏԵՂ­ԾԱԾ  ԵՆ «5 ՃԻ» ԿԱ­ՊԻ Ո­ՐԱ­ԿԸ ՍՏՈՒ­ԳՈՂ ՍԱՐՔ

Սար­քին շնոր­հիւ կա­րե­լի է փոր­ձար­կել հա­ղոր­դի­չին մէջ  ազ­դան­շա­նի թուա­յին մշակ­ման զա­նա­զան տե­սակ­ներ (մո­տիւ­լէյ­շըն), իսկ փոր­ձար­կում­նե­րու իբ­րեւ ար­դիւնք հասկ­նալ, թէ ո՛ր տե­սա­կը նա­խընտ­րե­լի է գոր­ծա­ծել կա­պի  հա­մար: Նոր գե­րա­րագ կա­պի հա­մար հիմ­նա­չափ տա­կա­ւին չէ  ո­րո­շուած, բայց ա­տի­կա ար­դէն հի­մա պէտք է փոր­ձար­կել՝ կողմ­նո­րո­շուե­լու հա­մար, թէ ա­տի­կա ինչ­պէ՛ս պէտք է ըլ­լայ:

«Սար­քը ին­քը «5 Ճի» ցան­ցե­րուն մէջ պի­տի չկի­րառ-ւի, բայց ա­տոր օգ­նու­թեամբ կա­րե­լի է  այդ ցան­ցին մէջ սար­քե­րու հա­մար բնու­թա­գիր­ներ կազ­մել: Այ­սինքն ա­տոնց հա­մար սահ­մա­նել պա­հանջ­ներ, թէ ինչ­պէս պէտք է թուայ­նաց­նել եւ գաղտ­նա­զեր­ծել ազ­դա-նըշա­նը, հա­ղոր­դել եւ ըն­դու­նիլ, որ­պէս­զի կա­պը ա­ւե­լի ա­րագ եւ ո­րա­կեալ ըլ­լայ», յայտ­նեց նա­խա­գի­ծը մշա­կող, Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ճար­տա­րա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ռա­տիօար­հես­տա­գի­տու­թեան եւ կա­պի հա­մա­կար­գե­րու  բա­ժան­մուն­քի շրջա­նա­ւարտ Լե­ւոն Գրի­գո­րեան:

Սար­քը կազ­մե­լու բա­ղադ­րիչ­նե­րը Գրի­գո­րեա­նին եւ ա­նոր ըն­կեր­նե­րուն տրա­մադ­րած է Նէ­շը­նըլ Ինսթ­րու­մընց ըն­կե­րու­թիւ­նը: Փոր­ձարկ­ման հա­մար ալ­կո­րիթ­մե­րը հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րը ի­րենք ստեղ­ծած են:

Սար­քը ար­դէն ներ­կա­յա­ցուած է նոր սե­րուն­դի ցան­ցե­րու բնա­բա­նով գի­տա­ժո­ղո­վի ժա­մա­նակ, որ տե­ղի ու­նե­ցած է Սեն Փե­թերս­պուր­կի Պոնչ-Պրուե­ւի­չի ա­նուան հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ: Իսկ Հոկ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը ա­տի­կա ցու­ցադ-րըւած է Ե­րե­ւա­նի մէջ «Տի­ճի­Թեք Էքս­փօ-2016» ճար­տա­րա­գի­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սի ժա­մա­նակ:

«5 Ճի» ան­լար կա­պի հիմ­նա­չա­փը կը մշա­կուի իբ­րեւ ներ­կա­յի ա­մենէն ա­րագ կա­պի՝ «Էլ.Թի.Ի.» (4 Ճի)ի ա­պա­գայ փո­խա­րի­նող: «5 Ճի»ի հա­մար միաս­նա­կան հիմ­նա­չափ ցարդ չկայ, բայց մշա­կող­նե­րը կը կողմ­նո­րո­շուին երկ­վայր­կեա­նի մը մէջ 1 ճի­կա­պայթ հզօ­րու­թեամբ: Նոր սե­րուն­դի կա­պի մո­տըմ­նե­րը ա­պա­գա­յին կը ծրագ­րուի ա­ւե­լի լայ­նօ­րէն կի­րա­ռել ո՛չ միայն հա­մա­կար­գիչ­նե­րուն եւ բջիջա­յին հե­ռա­ձայն­նե­րուն մէջ, այլ նաեւ կեն­ցա­ղա­յին ճար­տա­րա­գի­տու­թեան, ինք­նա­շարժ­նե­րու վրայ՝ զա­նոնք հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կա­ռա­վա­րե­լու նպա­տա­կով:

«ԱՅ.ՊԻ.ԷՄ.» ԴԱ­ՍԱ­ՒԱՆ­ԴՈՒ­ՄԸ­
ԱՐ­ԴԻՒ­ՆԱ­ՒԷՏ ԿԸ ԴԱՐՁ­ՆԷ

«Այ.Պի.Էմ.»ը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թեան հետ միաս­նա­բար, «Այ.Պի.Էմ.  Ո­ւաթ­սըն»  ծա­ռա­յու­թեան հի­ման վրայ  ստեղ­ծած է «Թի­չըր Էտ­վայ­զըր» մի­ջա­վայր, որ նա­խա­տե­սուած է ու­սու­ցիչ­նե­րու աշ­խա­տան­քը եւ դա­սա­ւանդ­ման հո­լո­վոյ­թը ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ եւ թի­րա­խա­յին դարձ­նե­լու: Նա­խա­գի­ծի ստուգ­ման ար­դէն կը մաս­նակ­ցին հա­րիւ­րա­ւոր ու­սու­ցիչ­ներ:

«Թի­չըր Էտ­վայ­զըր»ը կը ներ­կա­յաց­նէ ան­հա­տա­կա­նա­ցած տե­ղե­կու­թեան աղ­բիւր՝ ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­մար: Ա­տի­կա կ՚օգ­նէ ա­նոնց ա­ւե­լի լաւ պատ­րաս­տուե­լու դա­սե­րուն՝ ստա­նա­լով տուեալ բնա­բա­նին առըն­չուող ա­մե­նէն վեր­ջին տե­ղե­կու­թիւն­ներն ու նիւ­թե­րը: Բա­ցի ատ­կէ, «Թի­չըր Էտ­վայզր»ի օգ­նու­թեամբ ու­սու­ցիչ­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն կը ստա­նան դպրո­ցա­կան­նե­րու դա­սա­ւանդ­ման մե­թոտ­նե­րու եւ կրթա­կան չա­փա­նիշ­նե­րու մա­սին:

Նա­խա­գի­ծին վրայ եր­կու տա­րի աշ­խա­տանք տա­րուած է: Մաս­նակ­ցած է նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­մա­դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը: Աշ­խա­տե­լով «Թի­չըր Էտ­վայզր» մի­ջա­վայ­րին մէջ, ու­սու­ցի­չը կրնայ ո­րե­ւէ հե­տաքրք­րա­կան բնա­բա­նով հար­ցում ուղ­ղել եւ ստա­նալ ան­հա­տա­կա­նա­ցած պա­տաս­խան, օգ­նու­թիւն եւ խոր­հուրդ­ներ, օ­րի­նակ՝ դա­սա­ւան­դու­թեան ծրագ­րա­ւոր­ման վե­րա­բե­րող հար­ցում­նե­րու պա­տաս­խան­ներ:

Մար­դու կա­տա­րած հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նե­լու հա­մար «Այ.Պի.Էմ. Ո­ւաթ­սըն» յա­ւե­լեալ հար­ցում­ներ կրնայ ուղ­ղել: Երբ հա­մա­կար­գը կ՚ան­հա­տա­կա­նաց­նէ հար­ցու­մը, ու­սու­ցի­չը կը ստա­նայ զինք հե­տաքրք­րող հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը:

«Թի­չըր Էտ­վայզր»ի ներ­կայ տար­բե­րա­կը աս­տի­ճա­նա­բար պի­տի կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի: Բո­վան­դա­կու­թեան շտե­մա­րա­նը աս­տի­ճա­նա­բար կը հա­մալ­րուի նոր նիւ­թե­րով, ո­րոնք կը տրա­մադ­րուին հե­ղի­նա­կա­ւոր  կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ:

«ՍԱՄ­ՍՈՒՆԿ». ԱՆ­ՄԻ­ՋԱ­ՊԷՍ ԱՆ­ՋԱ­ՏԵ­ՑԷ՛Ք
 ՁԵՐ «ԿԱ­ԼԱՔ­ՍԻ ՆՈԹ 7»Ը ԲՋԻՋԱՅԻՆՆԵՐԸ

Ան­նա­խըն­թաց քայ­լով մը «Սամ­սունկ», դադ­րեց­նե­լէ ետք ար­տադ­րու­թիւ­նը վտան­գա­ւոր նոր սար­քե­րու,  օգ­տա­գոր­ծող­նե­րուն պա­տուի­րեց ան­մի­ջա­պէս ան­ջա­տել «Կա­լաք­սի Նոթ 7» բջի­ջա­յին­նե­րը, ո­րոնք  անս­պա­սե­լիօ­րէն կը բռնկին: Հոկ­տեմ­բեր 11-ին ըն­կե­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րեց, որ ինք­նաբռնկ­ման եւ բար­դե­րու պայ­թե­լու պատ­ճա­ռով «Կա­լաք­սի Նոթ 7» բջի­ջա­յին­նե­րու ար­տադ­րու­թիւնն ու վա­ճառ­քը կը դադ­րեց­նէ: Ըն­կե­րու­թիւ­նը նաեւ բո­լոր ծա­խող­նե­րէն պա­հան­ջեց ան­մի­ջա­պէս դադ­րեց­նել սար­քին վա­ճառ­քը, մինչ կը քննար­կուի բռնկում­նե­րուն պատ­ճա­ռը: Յա­ճա­խորդ­նե­րը բո­ղո­քած են, որ բջի­ջա­յին­նե­րը կը բռնկին:

Ըն­կե­րու­թիւ­նը բա­ցատ­րեց, որ թե­րի նիւ­թեր պա­րու­նա­կող բար­դե­րը պէտք ե­ղա­ծէն ա­ւե­լի կը տաք­նան եւ կը բռնկին: Սեպ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը «Սամ­սունկ» ամ­բողջ աշ­խար­հէն հա­ւա­քեց 2.5 մի­լիոն բջի­ջա­յին: «Սամ­սունկ» ա­ռա­ջար­կեց նաեւ պայ­թած­նե­րը փո­խա­րի­նող հե­ռա­ձայն­ներ:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ար­գի­լեց օ­դա­նա­ւե­րով «Սամ­սունկ Կա­լաք­սի Նոթ 7» բջի­ջա­յին­ներ փո­խադ­րել: Ըստ նա­խա­րա­րու­թեան հրա­մա­նա­գի­րին, ճամ­բորդ­նե­րուն կ՚ար­գի­լուի հե­ռա­ձայ­նը ի­րենց մօտ պա­հել կամ յանձ­նել ճամ­բոր­դու­թեան պա­յու­սակ­նե­րուն հետ: Օ­րի­նա­զանց­նե­րուն տու­գանք կամ սար­քի գրա­ւում կը սպառ­նայ: Նաեւ քրէա­կան հե­տապնդ­ման կ՚են­թար­կուին:

Ըստ կարգ մը տուեալ­նե­րու, ըն­կե­րու­թիւ­նը 17 մի­լիառ տո­լար կորսն­ցու­ցած է սար­քե­րուն պատ­ճա­ռած բո­ղոք­նե­րուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք:

Ար­տադ­րու­թեան անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ղե­կա­վար Է­լիոթ Քէյ վեր­ջերս հա­ւաս­տեց, որ ոչ ոք պէտք է մտա­հո­գուի, որ ի­րենց բջի­ջա­յի­նը կրնայ վտան­գի են­թար­կել զի­րենք, ի­րենց ըն­տա­նի­քը կամ ինչ­քե­րը:

«ՍՔԱՅՓ» ԱՐ­ԴԷՆ 9 ԼԵ­ԶՈՒԻ
«ԿԸ ՏԻ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԷ»

Տե­սա­հե­ռա­ձայն­նե­րու թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րու «Սքայ­փ» հար­թա­կը ար­դէն 9 օ­տար լե­զու «գի­տէ»՝ ռու­սե­րէն, անգ­լե­րէն, սպա­նե­րէն, չի­նա­րէն, ի­տա­լե­րէն, ֆրան­սե­րէն, փոր­թու­գա­լե­րէն, գեր­մա­նե­րէն եւ ա­րա­բե­րէն: Հար­թա­կին նաեւ մատ­չե­լի են գրու­թիւն­նե­րու  հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րու թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րու հա­մար 50-է ա­ւե­լի լե­զու­ներ:

«Սքայփ Թարգ­մա­նի­չը» մատ­չե­լի է ա­մէն տե­սա­կի  հա­մա­կար­գե­րով օժ­տուած հա­մա­կար­գիչ­նե­րու տէ­րե­րուն: «Մայք­րո­սոֆթ»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը պնդեն, թէ «Սքայփ Թարգ­մա­նիչ»ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը  հիմ­նը-ւած է մե­քե­նա­յով ու­սուց­ման ճար­տա­րա­րուես­տին վրայ եւ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի՝ «որ­քան շատ օգ­տա­գոր­ծող­ներ կ՚ու­նե­նայ, այն­քան հա­մա­կար­գի աշ­խա­տան­քի ո­րա­կը կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի» սկզբուն­քով:

«Սքայփ»ի թարգ­ման­չա­կան հա­մա­կար­գին հիմ­քը կը հան­դի­սա­նայ «Մայք­րո­սոֆթ Թարգ­մա­նիչ» հար­թա­կը, որ կ՚օգ­տա­գոր­ծուի ըն­կե­րու­թեան այլ նա­խա­գի­ծե­րու մէջ, ինչ­պի­սիք են՝ «Պինկ Թարգ­մա­նիչ»ը, «IOS» եւ «Android»ի հա­մար  «Մայք­րո­սոֆթ Թարգ­մա­նիչ»ի յա­ւե­լուած­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ յա­տուկ «Մայք­րո­սոֆթ թարգ­մա­նիչ զրոյց Էյ.Փի.Այ.»ը:

Նշենք, որ «Սքայփ»ին մէջ ձայ­նա­յին զան­գե­րու հա­մար թարգ­մա­նի­չի ներդր­ման մա­սին «Մայք­րո­սոֆթ» յայ­տա­րա­րած էր 2014 թուա­կա­նի Մա­յի­սին, իսկ ա­ռա­ջին տար­բե­րա­կին մէջ միայն անգ­լե­րէն-սպա­նե­րէն թարգ­մա­նու­թեան ծա­ռա­յու­թիւ­նը մատ­չե­լի էր:

ԴԻ­ՄԱ­ՏԵՏ­ՐԸ Կ՚ՕԳ­ՆԷ ԸՆ­ԿԵՐ­ՆԵ­ՐՈՒ ՀԵՏ
ՃԻՇԴ ԶՐՈՅ­ՑԻ ՍԿՍԵ­ԼՈՒ

Դի­մա­տետր օգ­տա­գոր­ծող­նե­րը նկա­տած են, որ այն­տեղ նոր գոր­ծա­ռոյթ յայտ­նուած է: Զրու­ցա­կից­նե­րու ա­նուն­նե­րու տակ սկսած են յայտ­նուիլ նշում­ներ, թէ ինչ բա­նէ ա­ւե­լի ճիշդ կ՚ըլ­լայ սկսիլ խօ­սակ­ցու­թեան այդ մար­դուն հետ: Ըն­կեր­նե­րը խօ­սակ­ցու­թեան «դրդե-լու» հա­մար Դի­մա­տետ­րը ցոյց կու տայ տուեալ օգ­տա­գոր­ծո­ղին վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, ա­նոր լսած վեր­ջին եր­գը, վայ­րը, ուր ան այ­ցե­լած է կամ ծրագ­րած նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը:

Այս գոր­ծա­ռոյ­թը այժմ կը փոր­ձուի  սահ­մա­նա­փակ թի­ւով «IOS»  օգ­տա­գոր­ծող­նե­րու հա­մար: Ցարդ  յայտ­նի չէ, թէ ա­տի­կա  հա­սա­նե­լի կ՚ըլ­լա՞յ ար­դեօք բո­լո­րին:

ԼՈՍ ԱՆ­ՃԵ­ԼԸ­ՍԷՆ ՀՈՆՔ ՔՈՆԿ ՍՏՈՐ­ԳԵՏ­ՆԵԱՅ
­ՊՈՂ­ՊԱ­ՏԵԱՅ ՊԱ­ՐԱՆ (ՔԷՅ­ՊԸԼ) 

 Ա­մե­րի­կեան «Կու­կըլ» եւ «Ֆէյս­պուք» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րին մէջ՝ Լոս Ան­ճե­լը­սի եւ Հոնք Քոն­կի մի­ջեւ պի­տի հաս­տա­տուի 12.874 քմ. եր­կա­րու­թեամբ գե­րա­րագ պող­պա­տեայ պա­րան, որ պի­տի անց­նի Խա­ղա­ղա­կան ով­կիա­նո­սի յա­տա­կէն: Յա­տուկ մա­լու­խը, որ պի­տի կո­չուի «Փա­սի­ֆիք լայթ քէյ­պըլ նեթ­վորք», պի­տի կա­րե­նայ երկ­վայր­կեա­նի մը մէջ 120 «թե­րա­պայթ» ա­րա­գու­թեամբ տուեալ­ներ փո­խան­ցել: Հիմ­նուե­լով ա­սոր վրայ՝ «Կու­կըլ» յայ­տա­րա­րեց, որ ա­տի­կա կ՚ըլ­լայ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ա­սիոյ մի­ջեւ ա­մէ­նէն ա­րագ եւ հզօր պող­պա­տեայ պա­րա­նը:

Ա­տոր շնոր­հիւ,  «Կու­կըլ» եւ Դի­մա­տետր  օգ­տա­գոր­ծող­նե­րը  շատ ա­ւե­լի ա­րագ հա­մա­ցան­ցի կապ կ՚ու­նե­նան:

Կը նշուի, որ «Փա­սի­ֆիք լայթ քէյ­պըլ նեթ­վորք» շա­հա­գործ­ման կը յանձ­նուի 2018 թուա­կա­նին:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016