ՊԱՇԻՔԱ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ

«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մէն (Ի­ՇԻՊ) Ի­րա­քի նաւ­թի պա­շար­նե­րով հա­րուստ Մու­սուլ քա­ղա­քը ա­զա­տագ­րե­լու ուղ­ղեալ մի­ջազ­գա­յին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ըն­թաց­քի մէջ է ար­դէն շուրջ տասն օ­րէ ի վեր։ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հետ հա­մա­հա­ւա­սար ու­շադ­րու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նան այս ճա­կա­տի նո­րու­թիւն­նե­րը։ Շա­բա­թա­վեր­ջին ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ կա­րե­ւոր զարգա­ցում մը։ Ար­դա­րեւ, Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան փեշ­մեր­կէ­նե­րը Ի­ՇԻՊ-էն ա­զա­տագ­րե­ցին Պա­շի­քա քա­ղա­քը, ուր կը գտնուի նաեւ թրքա­կան ռազ­մա­խա­րիսխ մը։ Սոյն յա­ջո­ղու­թեան գրա­ւա­կան­նե­րէն մին ալ այն է, որ Պա­շի­քան ի­րենց վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ առ­նե­լու ժա­մա­նակ՝ փեշ­մեր­կէ­նե­րը վա­յե­լե­ցին Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու շրջագ­ծով ազ­դու ռմբա­կո­ծում­ներ կա­տա­րուե­ցան։

Այս դրա­կան զար­գա­ցու­մով հան­դերձ, Մու­սու­լի ա­զա­տագր­ման գոր­ծո­ղու­թեան ա­ռանց­քին շուրջ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին Ան­գա­րա­յի եւ Պաղ­տա­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թըր շա­բա­թա­վեր­ջին Ան­գա­րա­յի մէջ յայտ­նած էր, որ սկզբուն­քա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յա­ցած է Թուր­քիոյ եւ Ի­րա­քի մի­ջեւ։ Ա­մե­րի­կա­ցի նա­խա­րա­րը Թուր­քիա­յէն Ի­րաք ու­ղե­ւո­րուե­լով շա­րու­նա­կեց իր բարձր մա­կար­դա­կի քննար­կում­նե­րը տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ Բայց եւ այն­պէս, Ի­րա­քի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հեր­թա­կան ան­գամ կրկնեց, որ վե­րա­պա­հու­թիւն ու­նի Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թեան Ան­գա­րա­յի մաս­նակ­ցու­թեան դէմ։ Միակ տար­բե­րու­թիւ­նը ե­ղաւ այն, որ Պաղ­տատ այս ան­գամ ա­ւե­լի մեղմ ու նա­խան­ձախն­դիր ո­ճով մը բարձ­րա­ձայ­նեց իր տե­սա­կէ­տը։ Ար­դա­րեւ, սա Ի­րա­քի պա­տե­րազմն է եւ ի­րաք­ցի­նե­րը սե­փա­կան ու­ժե­րով պէտք է հաս­նին ար­դիւն­քի։ Իսկ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը յա­մա­ռօ­րէն կ՚ընդգ­ծէ, որ պի­տի մաս­նակ­ցի Մու­սու­լի ռմբա­կո­ծում­նե­րուն։

Մինչ Մու­սու­լի եւ շրջա­կայ­քին Ի­ՇԻՊ կը ստա­նայ ծանր հա­րուած­ներ, ա­հա­բե­կիչ­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն սկսած են երկ­րի ա­րեւ­մուտ­քի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն եւ շրջան­նե­րուն մէջ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն յար­ձա­կում­ներ, ո­րոնք կը խլեն ան­մեղ մարդ­կանց կեան­քեր։

Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի առ­կայ ծանր ի­րա­վի­ճա­կին մէջ դի­ւա­նա­գի­տա­կան գետ­նի վրայ ալ Թուր­քիոյ բազ­մա­կող­մա­նի ջան­քե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան այ­սօր կը հիւ­րըն­կա­լէ Պա­ղես­տի­նի ղե­կա­վար Մահ­մուտ Ապ­պա­սը։ Պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին քննար­կում­ներ կը ծա­ւա­լէ նաեւ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ժան-Մարք Էյ­րո­յի հե­տ։

ՔԵՐ­ՔԻՒ­ՔԻ ՀԱ­ՅՈՑ ՎԻ­ՃԱ­ԿԸ

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.

Քեր­քիւ­քի հա­յե­րը ե­րեք օր բան­տար­կուած մնա­ցած են ի­րենց տու­նե­րուն մէջ: Ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րէն սկսեալ հան­դարտ ի­րա­վի­ճակ տի­րած է քա­ղա­քէն ներս, սա­կայն անց­նող ե­րեք օ­րե­րուն քա­ղա­քը դար­ձած էր թա­տե­րա­բեմ ծանր մար­տե­րու: Պե­տա­կան մար­մին­ներ յոր­դո­րած են բնա­կիչ­նե­րը մնալ ի­րենց տու­նե­րէն ներս եւ դուրս գալ միայն ծայ­րա­յեղ պա­րա­գա­նե­րու: Վեր­ջին օ­րե­րուն հայ բնա­կիչ­նե­րը պատ­րաս­տուած ըլ­լա­լով նման վատ դրու­թեան՝ սնուն­դի կամ դե­ղօ­րայ­քի պա­կաս չեն ու­նե­ցած: Քա­ղա­քը վեր­ջին 72 ժա­մե­րուն թա­տե­րա­բեմ ե­ղած էր ծանր մար­տե­րու, երբ Ի­ՇԻՊ-ի ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման տաս­նեակ զի­նեալ­ներ թա­փան­ցում մը կա­տա­րե­լով յար­ձա­կած էին կա­ռա­վա­րա­կան շէն­քե­րու ուղ­ղու­թեամբ եւ գրա­ւե­լէ ետք շէն­քե­րէն մին սկսած էին կրակ բա­նալ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն դէմ: Ժա­մեր տե­ւած մար­տե­րէ ետք ի­րա­քեան բա­նա­կի ջո­կատ­ներ ի­րենց տի­րա­պե­տու­թեան տակ ա­ռած են քա­ղա­քը եւ յա­ջո­ղած՝ չէ­զո­քաց­նել Ի­ՇԻՊ-ի տաս­նեակ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը:

Միւս կող­մէ, Ի­րա­քի Քեր­քիւք քա­ղա­քին մէջ կ՚ապ­րին շուրջ ե­րե­սուն հայ ըն­տա­նիք­ներ: Հա­մայն­քը կազ­մած է Ազ­գա­յին խոր­հուրդ, ո­րուն ճի­գե­րով եւ Պաղ­տա­տի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Ա­ւագ Արք. Ա­սա­տու­րեա­նի օրհ­նու­թեամբ ու ձե­ռամբ օ­րեր ա­ռաջ օ­ծու­մը կա­տա­րուե­ցաւ նո­րա­կա­ռոյց Ս. Մա­րիամ Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016