«ԱՏՄԻՐԱԼ ՔՈՒԶՆԵՑՈՎ» ԿԸ ԽԱՆԳԱՐԷ ԹԵԼ ԱՒԻՒԻ ՀԱՇԻՒՆԵՐԸ

Վեր­ջին օ­րե­րուն իս­րա­յէ­լեան մա­մու­լի ա­մե­նա­թէժ քննար­կու­մը Մոս­կուա­յի կող­մէ դէ­պի Մի­ջին Ա­րե­ւելք ռու­սա­կան ար­դիա­կան զէն­քե­րու ա­ռա­քումն է:

Ապ­րի­լին Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու կը ժա­մա­նէր Մոս­կուա եւ հան­դի­պում կ՚ու­նե­նար Ռու­­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ: Նոյ­նիսկ Քրեմ­լի­նի վկա­յա­կո­չու­թեամբ՝ եր­կու կող­մե­րու քննարկ­ման գլխա­ւոր ա­ռանց­քը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ա­պա­հո­վու­թեան թղթած­րարն էր: Նոյ­նիսկ ռու­սա­կան աղ­բիւր­նե­րը դրա­կան նշան­ներ կու տա­յին այդ հան­դի­պու­մին մա­սին՝ նշե­լով, որ եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը գրե­թէ հա­մա­ձայն են սե­ղա­նին դրուած ա­պա­հո­վա­կան թղթած­րար­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ:

Խօ­սե­լով Իս­րա­յէ­լի «ա­պա­հո­վա­կան մտա­հո­գու­թիւն» դրուած­քին մա­սին՝ պէտք է նշել, որ Թել Ա­ւի­ւի հա­մար հիմ­նա­կան մտա­վա­խու­թիւ­նը Սու­րիա­յէն դէ­պի Լի­բա­նան «ար­դիա­կան զէն­քեր» փո­խադ­րե­լու խնդիրն է: Ան­շուշտ հար­ցը կը վե­րա­բե­րի «Հիզ­պուլ­լահ»ին, ո­րու զի­նուո­րա­կան պա­շար­նե­րը (ըլ­լայ այն ռու­սա­կան, կամ ի­րա­նեան զէն­քեր) ի­րեն կը հաս­նին Սու­րիոյ ցա­մա­քա­յին ճա­նա­պար­հով:

Այս ա­ռու­մով պէտք է ան­պայ­ման նշել, որ «Հիզ­պուլ­լահ»ին ա­ռա­քուած զէն­քե­րը պար­տա­դիր ալ չէ, որ ըլ­լան ուղ­ղա­կիօ­րէն Ռու­սաս­տա­նէն կամ Ի­րա­նէն բե­րուած, այլ ա­նոնց հա­մալ­րու­մը յա­ճախ կը կա­տա­րուի օգ­տուե­լով սու­րիա­կան բա­նա­կի պա­հեստ­նե­րէն:

Այս բո­լո­րէն ետք, թէ ին­չո՞ւ իս­րա­յէ­լեան գետ­նին վրայ «լուրջ մտա­հո­գու­թիւն­ներ» կան ռու­սա­կան զէն­քե­րու նոր կու­տա­կում­նե­րով, բա­ցատ­րեմ:

Նախ օ­րերս եւ­րո­պա­կան ջու­րե­րը հա­տող ռու­սաս­տա­նեան մար­տա­նա­ւե­րը ան­նա­խըն­թաց ի­րա­վի­ճակ մը պի­տի ստեղ­­ծեն շրջա­նին հա­մար:

Սու­րիոյ հա­մար ստեղ­ծուած եւ Քրեմ­լի­նի ան­մի­ջա­կան մի­ջամ­տու­թեամբ գոր­ծող զի­նուո­րա­կան յա­տուկ գրա­սե­նեա­կը ո­րո­շեց Սու­րիա ա­ռա­քել ռու­սա­կան բա­նա­կի ծո­վա­յին ա­մե­նահ­զօր մար­տա­նա­ւե­րը: Խօս­քը օ­դա­նա­ւա­կիր՝ «Ատ­մի­րալ Քուզ­­­նե­ցով»ի (յի­սուն օ­դա­նաւ փո­խադ­րե­լու կա­րո­ղու­թիւն ու­նի), «Մեծն Պետ­րոս» կո­րի­զա­յին մար­տա­նա­ւի եւ ծո­վա­յին պաշտ­պա­նու­թեան մար­տա­նա­ւեր՝ «Սե­ւի­րո­մորսք»ի ու «Ատ­մի­րալ Քով­լա­քով»ի մա­սին է: Այս ու­ժե­րուն յատ­կա­պէս այս հանգրուա­նին դէ­պի Սու­­րիա ուղ­ղուի­լը ոչ միայն ռազ­մա­կան, այլ նաեւ քա­ղա­քա­կան պատ­գամ­ներ ու­նի:

Ըստ «Հաա­րէթց» պար­բե­րա­կա­նի վեր­լու­ծա­բան Ա­մուս Ա­րի­յէ­լի, ռու­սա­կան այս քայ­լը կը խան­գա­րէ Իս­րա­յէ­լի «ա­պա­հո­վա­կան» բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը: Ա­րի­յէլ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ տա­լով կը գրէ, թէ 1982 թուա­կա­նէն ետք, երբ Իս­րա­յէլ յա­ջո­ղե­ցաւ Լի­բա­նա­նի Պե­քաա­յի բար­ձունք­նե­րուն վրայ ե­ղած ռու­սա­կան «Սէմ» տի­պի հրթիռ­նե­րու հա­մա­կար­գը ոչն­չաց­նել, իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կը բո­լոր ի­մաստ­նե­րով դար­ձաւ յա­ռա­ջա­տար ամ­բողջ շրջա­նին մէջ: Սա­կայն այս զէն­քե­րու «ե­րե­ւու­մով» ու ան­կէ ա­ռաջ ալ սու­րիա­կան Թար­թուս ծո­վե­զե­րեայ քա­ղա­քին մէջ S-300 եւ ա­ւե­լի ուշ S-400 հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գի տե­ղադ­րու­մով «խա­ղը» կտրա­կա­նա­պէս պի­տի փո­խուի: Նոյն վեր­լու­ծա­բա­նը ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յաց­նե­լով ռու­սա­կան զէն­քե­րուն ու­նա­կու­թիւն­նե­րը՝ կը բա­ցատ­րէ, որ շնոր­հիւ մաս­նա­ւո­րա­պէս «Ատ­մի­րալ Քուզ­նե­ցով» օ­դա­նա­ւա­կի­րին, Մոս­կուա կա­րո­ղու­թիւն ու­նի «իր տնօ­րին­ման տակ» առ­նել Սու­րիա-Իս­րա­յէլ օ­դա­յին ամ­բողջ տա­րած­քը եւ իր «ռա­տար­նե­ր­»ով խան­գա­րել իս­րա­յէ­լեան օ­դու­ժի օ­դա­յին ո­րե­ւէ ծրա­գիր: Այս յա­րա­բե­րակ­ցու­թեամբ է, որ իս­րա­յէ­լեան օ­դու­ժը յե­տայ­սու պի­տի անց­նի «ո­րոշ կա­պանք­ներ»ու տակ եւ ա­նոր շար­ժում­նե­րը պի­տի կաշ­կան­դուին:

Յի­շեց­ման կար­գով պէտք է նշել, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին թէ­ժա­ցու­մէն ի վեր Իս­րա­յէլ բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ օ­դա­յին հա­րուած­ներ կա­տա­րե­լով յա­ջո­ղած է ոչն­չաց­նել, Թել Ա­ւի­ւի ը­սե­լով, դէ­պի Լի­բա­նան ու­ղղուող սու­րիա­կան զի­նուո­րա­կան շա­րա­սիւն­ե­րը, ո­րոնք բնա­­կա­նա­բար կ՚ուղ­ղուէին «Հիզ­պուլ­լահ»ին:

Բա­ցի այդ ռազ­մա­կան հա­րուած­նե­րէն, նոյն իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կը եւ բա­նա­լով Իս­րա­յէլ-«Հիզ­պուլ­լահ» «հա­շի­ւի տետ­րակ»ը, ան­ցեալ տա­րուն Յու­նուա­րին օ­դա­յին գրո­հով մը յա­ջո­ղած է սպան­նել շիի կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­պա­հո­վա­կան գլխա­ւոր ղե­կա­վար Ի­մատ Մուղ­նի­յէն (սպան­նուած Փետ­րուար 2008-ին, Դա­մաս­կո­սի մէջ), որ­դին՝ Ժի­հատ Մուղ­նի­յէի, դէպ­քի վայ­րին մէջ «հա­շուե­յար­դար» կա­տա­րե­լով ի­րան­ցի զի­նուո­րա­կան մի քա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու դէմ: Ու­րեմն օգ­տուե­լով ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճակ­նե­րէն Թել Ա­ւիւ փոր­ձած է ա­մէն գնով կա­տա­րել իր շա­հե­րուն հա­մա­հունչ քայ­լեր եւ այդ­պէ­սով թի­րախ դարձ­նել «Հիզ­պուլ­լահ»ն ու Սու­րիոյ մէջ ե­ղող ի­րա­նեան ու­ժե­րը:

Բայց այ­սօր ի­րա­վի­ճա­կը այլ է: Այ­սինքն Թել Ա­ւիւ պի­տի չկա­րո­ղա­նայ իր «խա­ղը խա­ղալ» եւ ա­նոր կող­մէ Մոս­կուա­յի հա­մար «տհաճ ա­րարք» հա­մարուող ո­րե­ւէ քայլ ա­րա­գօ­րէն պի­տի զսպուի եւ նոյ­նիսկ պի­տի վնա­սէ իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կին։ Իսկ ա­ռանց ա­տոր ալ ար­դէն բա­ւա­կան «վի­րա­ւոր» վի­ճա­կի մէջ գտնուող վար­կին:

Սու­րիոյ տագ­նա­պին մօ­տէն հե­տե­ւող­նե­րու շա­տե­րուն հա­մար պա­տե­րազ­մը կրնայ սաստ­կա­նալ մաս­նա­ւո­րա­պէս յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րի 7-ին կա­յա­նա­լիք Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք: Ու գա­լիք այս նոր ի­րադ­րու­թեան դի­մաց Մոս­կուա պատ­րաստ է ա­մէն գնով պաշտ­պա­նել իր շա­հե­րը:

Գաղտ­նիք ալ չէ, որ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի ներ­կայ փու­լը «ժա­մա­նակ ան­ցը­նե­լու» հանգ­րուան մըն է:

Նախ անհ­նար է, որ հա­կա­մար­տու­թեան կող­մե­րը (նոյ­նիսկ ե­թէ Լո­զա­նի մէջ ժո­ղով­ներ գու­մա­րեն) յա­ջո­ղին «մշտա­կան խա­ղա­ղու­թեան» վա­ւե­րա­թուղթ մը կազ­մել, յե­տոյ յստակ է նաեւ, որ ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի ձե­ւով Ո­ւա­շինկ­թը­նի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը վա­յե­լող «ընդ­դի­մա­դիր» ու­ժեր պի­տի չստո­րագ­րեն այդ վա­ւե­րա­թուղ­թին տակ: Այ­սինքն խա­ղա­ղու­թեան հա­մար ե­ղած ո­րե­ւէ ծրագ­րա­ւո­րում կրնայ շատ ա­րագ կեր­պով տա­պա­լիլ, ո­րով­հե­տեւ գետ­նի վրայ «խօսք ու­նե­ցող» ու­ժե­րուն կա­րե­ւոր մէկ տո­կո­սը չի մաս­նակ­ցիր այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն:

Մոս­կուա շատ լաւ գի­տէ այս բո­լո­րը, ու գի­տէ նաեւ որ Հա­լէ­պի ճա­կա­տա­մար­տին մէջ յա­ռաջ­խա­ղաց կամ յաղ­թա­նակ տա­նե­լու ընտ­րանք­նե­րը «կար­միր գիծ» են Ո­ւա­շինկ­թը­նի հա­մար:

Ե­թէ Մոս­կուա յա­ջո­ղի զի­նուո­րա­կան ու­ժով գրա­ւել Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան հատուած­նե­րը, ա­պա փո­խա­րէ­նը ինչ պի­տի ըլ­լայ ա­նոր «վճա­րե­լիք գին»ը Ա­րեւ­մուտ­քին:

Ու­րեմն այս բո­լո­րին ա­ռըն­թեր յստակ է նաեւ, որ Հա­լէ­պի կա­ցու­թիւ­նը կրնայ ա­ւե­լի վատ­թա­րա­նալ եւ «ներ­քին կար­գով» «Ալ Նուս­րա» ջո­կա­տին յանձ­նուած զէն­քե­րը կրնան շատ ա­րա­գօ­րէն «ընդ­դի­մա­դիր» ջո­կատ­նե­րուն հա­մար նոր աշ­խու­ժու­թիւն մը ստեղ­ծել: Բայց այդ չի նշա­նա­կեր, որ ա­նոնք պի­տի յա­ջո­ղին  Հա­լէ­պի մէջ կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում­նե­ր ա­պա­հո­վել, տրուած ըլ­լա­լով, որ յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի պար­ագա­յին կան ճշդուած եւ ան­խախտ «կար­միր գի­ծեր»:

Մինչ «ընդ­դի­մա­դիր» շրջա­նա­կա­ներ կը հա­ւաս­տեն, որ ի­րենց հա­մար Հա­լէպ մուտք գոր­ծե­լը «խաղ ու պար», սա­կայն յստակ է նաեւ, որ սու­րիա­կան ու­ժե­րուն հա­մար ալ դէ­պի ա­րե­ւե­լեան շրջան­ներ «ար­շա­ւել»ը դար­ձած է «ան­կա­րե­լի-կա­րե­լիու­թիւն» մը:

Ու­րեմն Հա­լէ­պը դար­ձած է ընդ­հա­նուր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու հատ­ման կէտ եւ այդ վի­ճա­կին խախ­տու­մը կրնայ անս­պա­սե­լի նոր բար­դու­թիւն­նե­րու տա­նիլ ոչ միայն շրջա­նը, այլ ամ­բողջ աշ­խար­հը:

Վե­րա­դառ­նա­լով Իս­րա­յէ­լին՝ յստակ է նաեւ, որ տա­րա­ծքաշր­ջա­նին մէջ տի­րող ընդ­հա­նուր այս դրոյթ­նե­րէն օգ­տուե­լով ան պի­տի ու­զէ պահ­պա­նել իր անվ­տան­գու­թիւ­նը: Ու յա­ճախ այդ անվ­տան­գու­թեան պատ­րուա­կով հա­րուած­ներ հաս­ցնել իր հիւ­սի­սա­յին սահ­ման­նե­րուն մե­ծա­գոյն սպառ­նա­լիք հա­մա­րուող՝ շիի «Հիզ­պուլ­լահ»ին:

Սա­կայն այ­սօր ի­րա­վի­ճա­կը ամ­բող­ջու­թեամբ փո­խուած է ու ռու­սա­կան ծո­վու­ժին ա­մե­նէն ծան­րակ­շիռ մար­տա­նա­ւե­րուն շրջան հաս­նե­լէն ետք շրջա­նա­յին ամ­բողջ «խաղ»ը պի­տի անց­նի ռու­սա­կան ու­ժե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ: Ու այս նոր կա­ցու­թեան առ­ջեւ յստակ է նաեւ, որ Նե­թա­նի­յա­հու բա­ւա­կան ան­հան­գիստ է, ո­րով­հե­տեւ կան խա­ղի նոր կա­նոն­ներ, ո­րոնց հա­մա­ձայն Իս­րա­յէլ ստի­պուած է վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել անց­նող տա­րի­նե­րուն կարծ­րա­տի­պի վե­րա­ծուած «Իս­րա­յէլ կը պա­հէ իր ուժն ու հզօ­րու­թիւ­նը շնոր­հիւ պա­տե­րազմ­նե­րու» մօ­տե­ցու­մը:

Նախ ա­նոր հա­մար, որ Թել Ա­ւի­ւի դէմ կռուող «Հիզ­պուլ­լահ»ը, կամ նոյ­նիսկ «Ապ­տալ­լա Ազ­զամ» ջո­կա­տը ե­րէ­կուան «միա­միտ» ու «դա­սա­կան» մե­թոտ­նե­րով կռուող պե­տա­կան բա­նակ­նե­րը չեն, իսկ երկ­րորդ՝ ա­նոր հա­մար, որ վե­րա­դա­սա­ւո­րում­նե­րու ու յատ­կա­պէս դէ­պի «տաք ջու­րեր» Ռու­սաս­տա­նի բա­ցա­յայտ վե­րա­դար­ձով կան նոր մօ­տե­ցում­ներ ու մտա­հո­գու­թիւն­ներ: Այս հանգ­րուա­նին ալ Ռու­սաս­տա­նի հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի է ո­րե­ւէ կողմ­նա­կի կռիւ­ներ։ Իբր այդ ալ ոչ միայն Հա­լէ­պի օ­դա­յին տա­րած­քը, այլ ամ­բողջ մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան գօ­տին յայտ­նուած է ռու­սա­կան ու­ժի տի­րա­պե­տու­թեան տակ:

Նե­թա­նի­յա­հու լաւ կը հասկ­նայ, որ այս հանգ­րուա­նը Սու­րիոյ տագ­նա­պի լուծ­ման փուլն է ու կը հասկ­նայ նաեւ, որ ա­միս­ներ ա­ռաջ Իս­րա­յէ­լի փայ­փա­յած Սու­րիան բաժ­նուած տես­նե­լու ա­նոր ե­րա­զան­քը սկսած է դան­դա­ղօ­րէն վե­րա­նալ:

Թէ ի՛նչ ըն­թացք կ­­՚ու­նե­նան Թել Ա­ւիւ-Մոս­կուա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ ցարդ պարզ չէ։ Սա­կայն յստակ է միայն, որ Թել Ա­ւիւ կա­րիքն ու­նի վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել շրջա­նին հա­մար իր ար­դէն իսկ բա­ւա­կան հին­ցած ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016