ՏԱԹԵՒԱՑԻԻ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՄԱՍԻՆ
Օրուան մէջ, գոնէ երկու անգամ կ՚արտասանենք «Հայր մեր»ը, այսինքն «Տէրունական աղօթք»ը։ Բոլորս սորված ենք զայն մանուկ հասակէն իսկ եւ անգիր արտասանած ենք, եւ կը շարունակենք արտասանել։ «Հայր մեր»ով կը սկսի օրը, եւ կը վերջանայ դարձեալ «Հայր մեր»ի արտասանութեամբ։
Ինպէս ամէն աղօթք, ամէն խօսակցութիւն որեւէ արժէք եւ իմաստ չի ներկայացներ երբ ան արտասանուի մեքենաբար՝ առանց իմաստը հասկնալու եւ անոր մէջ հոգեպէս ու մտապէս խորանալու։ Այս ուղղութեամբ ի՛նչ արժէք կ՚ունենայ այն աղօթքը՝ որ կ՚արտասանուի մեքենաբար, եւ առանց հասկնալու անոր խօսքերը, եւ անոնց իմաստը…։
Ուրեմն, տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Գրիգոր Տաթեւացի իր «Տէրունական աղօթքի մեկնաբանութեան» մէջ։
«Այս աղօթքը շատ պատուական է ու գովելի երեք պատճառով», կ՚ըսէ, եւ կը շարունակէ մեկնաբանել Տէրունական աղօթքը՝ «Հայր մեր»ը, Տաթեւացին։
«Առաջին. որովհետեւ Քրիստոսի կողմէ սահմանուած է։ Եւ եթէ աղօթքները, որ մարդիկ կը սահմանեն, պէտք է սորվիլ ու աղօթել, ապա որքա՛ն առաւել պէտք է սորվիլ այն աղօթքը՝ որը Աստուած Ի՛ր իսկ բերանով ուսուցանեց իր աշակերտներուն, ապա ուրեմն մեր բոլորին։
«Երկրորդ. որովհետեւ կարճ է եւ գեղեցիկ, եւ ո՛չ ոք կարելի չէ որ չսորվի՝ պատճառ բերելով անոր երկարութիւնը։
«Երրորդ. որովհետեւ անհրաժեշտ է ու բարեբեր, քանի որ այն ամէնը՝ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ մարմնաւոր պէտք է մեզի, այս աղօթքով արդէն խնդրուած կ՚ըլլայ։
«Այս աղօթքը բաղկացած է տասը խօսքերէ.
«Առաջին խօսքը.- Հայր մեր, որ երկինքն ես։ Աստուած Հայր կոչելը մեծագոյն պարգեւ մըն է մարդու համար։ Քրիստոնեաներու համար Աստուած Հա՛յր է, որովհետեւ մենք կերպարանակից եղանք Աստուծոյ Միածին Որդիին պատկերին։ Իսկ -Հայր մեր- կ՚ըսուի, եւ ո՛չ թէ՝ -Հայր իմ- որպէսզի երեւայ բոլոր քրիստոնեաներու միութիւնը։ Եւ ընդհանրական աղօթքը աւելի՛ լսելի է։
«Երկրորդ խօսքը.- Թող սուրբ ըլլայ անունդ։ Այս կը նշանակէ, թող Քու անունիդ սրբարար զօրութիւնը մեր վրայ ալ ըլլայ, որպէսզի մեզ սրբէ, մաքրէ բոլոր մեղքերէն։ Քրիստոնեայ կը կոչուինք եւ հաւատով սուրբ ենք. մեր գործերով ալ մեզ սուրբ ըրէ։
«Երրորդ խօսքը.- Թող Քու արքայութիւնդ գայ։ Աստուծոյ արքայութիւնը կը խնդրենք, որպէսզի մեզ փրկէ խաւարի իշխանութենէն եւ Ի՛նքը թագաւորէ մեր սըր-տերուն մէջ, եւ ո՛չ թէ՝ մեղքը, չարը։
«Չորրորդ խօսքը.- Քու կամքը թող ըլլայ երկրի վրայ, այնպէս՝ ի՛նչպէս որ երկինքի մէջ է՛։ Երկինքի մէջ հրեշտակները եւ երկնային բոլոր զօրութիւնները Աստուծոյ կամքը կը կատարեն. իսկ մարդը, յաճախ իր ինքնիշխան կամքով կը հեռանայ Աստուծմէ, եւ կ՚իյնայ մեղքերու մէջ։ Այս խօսքով, ուրեմն, կը խնդրենք, որ մարդիկ ալ Աստուծոյ կամքը կատարեն։ Աստուծոյ կամքը մեղաւորներու դարձն է եւ հոգիներու փրկութիւնը՝ մեղքի ու չարիքի բռնութենէն։
«Հինգերորդ խօսքը.- Մեր հանապազօրեայ հացը տուր մեզի այսօր։ Քանի դեռ մարմնի մէջ ենք՝ կարիք ունինք կերակուրի, որը մեր մարմնի կենդանութիւնը կը պահէ, որով կը հասկցուի հարկաւոր պէտքերը՝ կերակուր, ըմպելիք, հագուստ։ Արդարեւ մարդուս համար ասոնք ամենօրեայ պէտքեր են։ Մեր՝ այսինքն անհրաժեշտը եւ ո՛չ աւելին, մե՛ր արդար եւ իրաւացի վաստակը, եւ ո՛չ օտարինը, ո՛չ անիրաւութեամբ ձեռք բերուածը։ Այս խօսքով՝ այսօրուա՛նը կը խնդրենք. իսկ վաղը արդէն կը հոգայ իրենը։
«Վեցերորդ խօսքը.- Ներէ մեզ մեր յանցանքները, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնք՝ որ յանցանք գործած են մեզի հանդէպ։ Այս խօսքէն կը հասկցուի, որ մենք երբ կը ներենք մարդոց մեզի հանդէպ գործած յանցանքները՝ թողութիւն կը ստանանք Աստուծմէ։ Այս խօսքը, արդարեւ, ուրիշ խոր իմաստ մը ունի. բոլոր բարի գործերը մենք Աստուծմէ կը սորվինք, իսկ այստեղ Ան Ի՛նքն մեզմէ կը սորվի մարդասիրութիւնը։ Ապա ուրեմն եթէ մենք չենք ներեր, կ՚անիծենք մեզ զմեզ, թէ՝ ինչպէս ես ուրիշներուն չներեցի, դո՛ւն ալ զիս մի՛ ներեր։
«Եւ ոխը սրտին մէջ պահելով՝ կը հեռանանք Աստուծմէ։
«Եօթերորդ խօսքը.- Մի՛ տանիր զմեզ փորձութեան։
«Այս խօսքով խոնարհութիւն կը սորվեցնէ. յանդուգն կերպով փորձութեան չերթալ, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ օգնութիւնը կը խնդրենք նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ։ Փորձութեան չմատնուելու համար Աստուծոյ կը դիմենք, որ մեզ պահպանէ անոնց ամէն չարիքներէն։
«Ութերորդ խօսքը.- Այլ փրկէ մեզ չարէն։ Այս կը նշանակէ ուրեմն՝ ամէն մէկ չարէն. նախ՝ սատանայէն, երկրորդ՝ չար մարդիկներէ, որոնք սատանայի արբանեակներն են, այսինքն գործակիցները, երրորդ՝ աշխարհի մեղաւոր ցանկութիւններէն, կիրքերէն, քանի որ անոնք թշնամութիւն են Աստ-ւծոյ նկատմամբ, չորրորդ՝ չար մեղքերէ, դժոխքէն, չար մահէն եւ մեր հոգիի յաւիտենական տանջանքէն։
«Իններորդ խօսքը.- Քո է Թագաւորութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը յաւիտեանս։ Այսինքն՝ երբ Անորն է արքայութիւնը, ապա մենք չե՛նք վախնար մեղքէն, երբ Անորն է զօրութիւնը, ո՛չ ոք չի կրնար յաղթել մեզ։ Աստուած ո՛չ միայն կ՚ազատէ մեզ բոլոր չարերէն, չարիքներէն, այլեւ՝ յաւիտենապէս կը փառաւորէ։
«Տասներորդ խօսքը.- Ամէն։ Այս խօսքով կը հաստատէ բոլոր խնդրուածքները. այն ի՛նչ որ խնդրեցինք՝ ճշմարի՛տ է, թող ըլլայ, կատարուի»։
Արդարեւ Տէրուանական աղօթքը, այսինքն աւելի ծանօթ ասացուածքով՝ «Հայր մեր»ը եօթը խնդրանք կը պարունակէ. երեքը՝ հոգեւոր, չորսը՝ մարմնաւոր։ Չորս խընդ-րանքները ա՛յստեղ եւ այժմ կը կատարուին. իսկ երեքը՝ հանդերձեալ կեանքի մէջ պիտի կատարուին։
Եւ որովհետեւ հոգին աւելի պատուական է, քան մարմինը, ապա նա՛խ հոգեւորը կը խնդրենք. որ է Սուրբ անունը, արքայութիւնը, եւ Աստուծոյ կամքին կատարումը, իրականացումը մեր կեանքէն ներս. իսկ յետոյ կը խնդրենք մարմնաւորը՝ ամենօրեայ հացը, թողութիւնը եւ մեղքերու փորձութիւններէն ու չար պատահարներէն, պատուհասներէն ազատի՛լը։
Եւ այս եօթը կարգի խնդրանքներէն աւելին պէտք չէ խնդրել, որովհետեւ կը բովանդակեն բոլոր խնդրանքները՝ որ օգուտ են հոգիին եւ մարմնին։
Ուստի, ինչպէս ամէն գործի մէջ, աղօթելու ժամանակ ալ եւ աւելի՛ զգացական եւ գիտակի՛ց ըլլալու է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 22, 2016, Իսթանպուլ